Յաջորդը Երեւանն է

By Asbarez | Monday, 09 June 2014

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

 

 

Մօտ ապագային անհաւանական չէ ռուս-թրքական համաձայնութիւն մը, գաղտնի կամ յայտնի, որ անգամ մը եւս ծրագրէ արմատախիլ ընել հայը իր հողէն: Արդէն այս երկու երկիրները, նաեւ ամբողջ աշխարհը, տեսան ու փաստեցին, որ հայը կարողութիւն չունի իր հողին տէր կանգնելու ու հայրենիք պահելու:

Քսաներեք տարի առաջ իր հայրենիքը կերտելու ու զարգացնելու բացառիկ առիթ մը ստեղծուեցաւ հայուն համար եւ քաղաքական նոր ուղղութիւն մը բացուեցաւ իր առջեւ: Բայց չարաշահեցինք առիթը ու ծախեցինք հայրենի հարստութիւնը:

Հարստացանք հայրենիքի հաշւոյն ու չհասկցանք անոր քաղաքական արժէքը:

Սպառած են արդէն չարաշահութեան աղբիւրները եւ, հետեւաբար, դիւրին պիտի ըլլայ կորսնցնել Երեւանը: Դժբախտաբար, տակաւին անորոշութեան եւ սպասումի մէջ կը պահենք մենք մեզ, երբ թուրքը բնաջնջումի իր ծրագիրը կը հետապնդէ ամէն առիթով: Հայրենամերձ մեր գաղութները կը կորսնցնենք, ինչպէս որ ժամանակին կորսնցուցինք հայրենի մեր հողը: Այն օրերուն եւ նաեւ այսօր մեր զգուշաւորութեան եւ անվճռականութեան զոհն ենք: Ամէն անգամ որ վտանգ մը սպառնացած է, ուզած ենք զգոյշ ըլլալ ու, այսպէս ըսուած, խոհեմ մօտեցում ցոյց տալ չհրահրելու համար թշնամին մեր դէմ: Այդպէս ըրած ենք 1915էն առաջ երբ մեր թշնամին որոշած էր բնաջնջել մեզ: Ադպէս կ՛ընենք այսօր Քեսապի ու Հալէպի մէջ, ու այդպէս պիտի ընենք վաղը երբ վտանգը սպառնայ Երեւանին:
Մենք զոհ եղած ենք մեր զգուշաւորութեամբ: Բայց յաղթական դուրս եկած ենք երբ ընդունած ենք կռիւը ու մեր ազդած սարսափով չափաւորած ենք թշնամմիին վայրագութիւնը:

Հայը ռոմանթիք սէր մը ունի իր ժողովուրդին ու հայրենիքին հանդէպ: Հեռուէ հեռու, երեւակայական սէր մը, բայց ոչ քաղաքական: Հետեւաբար, զարմանալի չէ, եթէ օր մը հայը Երեւան այցելէ իբրեւ զբօսաշրջիկ, ինչպէս որ այսօր Մուշ կամ Վան կ՛այցելէ՝ հայրենասիրական զգացումներով:

 


comments