ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի չորրորդ նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի բացման խօսքին մէջ համեմատաբար աւելի ուշագրաւ է հետեւեալ բաժինը.
«Պաշտօնական Անկարան շարունակում է խօսել պատմաբանների յանձնաժողով ստեղծելու եւ արխիւները բացելու մասին: Նախ եւ առաջ յայտնի է, որ Հայաստանի արխիւները միշտ բաց են եղել բոլոր այն հետազօտողների համար, ում հետաքրքրել է հարցի գիտական մասը: Բաց են եղել նաեւ գիտական հաստատութիւններում եւ թանգարաններում պահուող նիւթերը: Բայց ողջ հարցը նրանում է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեանն առերեսուելու համար արխիւային աշխատանք ընդհանրապէս չի պահանջւում: Բաւական է մտնել ցանկացած հայկական տուն, ցանկացած ընտանիք, եւ վկայութիւնները կը լցնեն ցանկացած ունկնդրի սիրտը: Բաւական է լինել Ծիծեռնակաբերդում Ապրիլի 24ին եւ տեսնել, թէ ո՞րն է այդ օրուայ խորհուրդը իւրաքանչիւր հայի համար՝ Հայաստանում եւ Սփիւռքում: Բաւական է գնալ Սփիւռքի ցանկացած համայնք եւ հարցնել՝ ինչպէ՞ս են ձեր նախնիները յայտնուել այստեղ: Եթէ Թուրքիայի իշխանութիւններին հետաքրքրում է ճշմարտութիւնը, ուրեմն նրանք պէտք է գան Հայաստան եւ Ապրիլի 24ին լինեն հայ ժողովրդի կողքին: Չեմ կարծում, թէ դրանից յետոյ նրանք արխիւներ այցելելու մասին միտք հնչեցնել կը կարողանան: Օգտուելով այս առիթից՝ պաշտօնապէս հրաւիրում եմ Թուրքիայի նախագահին, ով էլ որ ընտրուի առաջիկայ ընտրութիւնների ժամանակ, այցելելու Հայաստան 2015 թուականի Ապրիլի 24ին եւ առերեսուելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան խօսուն վկայութիւններին»:
Բնականաբար այստեղ, իր հերթին լուսարձակ գրաւողը Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած հրաւէրն է Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Բայց նախքան այդ, կեդրոնանանք պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովի ստեղծման թրքական առաջարկի՝ նախագահ Սարգսեանի կողմէ մերժման եւ անոր փոխառաջարկին վրայ: Այս մէկը կը յիշեցնէ արդէն նախորդ նախագահին Էրտողանի նշանաւոր նամակին դիմաց կատարած փոխառաջարկը. ու թէեւ բովանդակութիւնը տարբեր է այն առումով, որ նախագահ Քոչարեանը կ՛առաջարկէր պատմաբաններու փոխարէն ստեղծել միջկառավարական յանձնաժողով, նախագահ Սարգսեանը կ՛ըսէր, որ արխիւային հետազօտութեան կարիք չկայ, այսուհանդերձ թուրքերը կրնան գալ եւ ուսումնասիրել մեր արխիւները: Ի հարկէ ոչ միացեալ յանձնաժողովի տեսքով:
Այստեղ, անշուշտ, երկու կարեւոր իրողութիւն պէտք է վերյիշել. նախ այն, որ ֆութպոլային դիւանագիտութեան մոսկովեան յայտարարութիւնը պայմանական համաձայնութիւն տուած էր պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողովին: Պայմանը այն էր, որ հայկական կողմը կը համաձայնի ստեղծել յանձնաժողովը միայն Անգարայի կողմէ սահմանի բացման պարագային: Ինչ որ մերժումի դիւանագիտական ձեւին համահունչ արտայայտչաձեւ էր: Իսկ երկրորդը, որ աւելի վաւերականութիւն կը յուշէ, կը վերաբերի Երեւան Անգարա արձանագրութիւններուն, ուր կայ կողմերու համաձայնութիւն երկու ժողովուրդներու դարաւոր վէճերը համատեղ պատմագիտական քննարկման ենթարկելու:
Այժմ նախագահի յայտարարածը համազօր է այս վերջին համաձայնութեան հերքումին. եւ անիկա կարեւոր է, որովհետեւ յայտարարուած է այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր համախմբուած է համայն հայութեան ներկայացուցչութիւնը: Գուցէ իր նախադէպը չունեցող ներկայացուցչական տարողութեամբ եւ համընդգրկուածութեամբ:
Այսքանը՝ պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով ստեղծելու թրքական առաջարկի հրապարակային պաշտօնական մերժման վերաբերեալ: Այս փոխառաջարկը ծառայեցուած է իբրեւ հիմնաւորում հրաւէրի ուղղման: Այսինքն՝ թրքական առաջարկին դիմաց մերժողական դիրք որոշելու փոխարէն, արխիւները բաց յայտարարելով, եւ հրաւէր յղելով թուրք հետազօտողներուն գալու եւ արխիւները ուսումնասիրելու, նախագահը շրջած է թրքական առաջարկը: Եւ աւելի՛ն, պատմութեան հետ առերեսուելու, այդ արխիւներու ուսումնասիրութեան կարիքը չզգալու համար հրաւիրած է Թուրքիոյ նախագահը Ապրիլի 24ին գալու Երեւան:
Կը թուի, թէ քաղաքական տրամաբանութեան աշխատիլը ունի որոշակի հետեւողականութիւն: Միացեալ յանձնաժողովի դիմաց փոխառաջարկ, յետոյ նաեւ Էրտողանի «ցաւակցութեան» դիմաց Երեւան գալու հրաւէր: Փոխառաջարկն ու հրաւէրը իրենց հիմնաւորումներով խելամիտ քայլեր են եւ կը փորձեն շրջել Անգարայի ճշդած խաղի կանոնները: Որոշ դիտարկումներ այսուհանդերձ կրնան դեր ունենալ յառաջիկայ քայլերուն համար:
Նախ այն, որ երկու պարագաներուն առաջին քայլը թրքական կողմն է, որ կ՛առնէ եւ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, որ մենք հակազդողի դիրքին վրայ ենք: Խորքին մէջ սակայն, հայկական կողմի հակաառաջարկները, կամ գուցէ միջազգային ընտանիքի նկատառումով կատարուող փոխառաջարկները հայկական կողմին համար առաւելութիւններ կ՛ապահովե՛ն: Եթէ…
Նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը միայն ներքին սպառման համար չէ եւ ոչ ալ զուտ Անգարային ուղղուած, ինչպէս որ Էրտողանի կամ Տաւութօղլուի բարձրաձայնումները: Միջազգային ընտանիքն ու միջազգային հանրային կարծիքը պիտի ընկալեն պաշտօնական Երեւանի կողմէ առնուող կարեւոր քայլերը: Այդ պատճառով ալ յայտարարութիւններու եւ հրաւէրի լուսաբանումն ու մեկնաբանութիւնները շատ կարեւոր են: Տեղեկատուական մարզին մէջ հայկական կողմը աշխուժ նախաձեռնողականութեամբ հանդէս գալու բոլոր պատճառները ունի: Մեր արխիւները բաց են, եւ Թուրքիոյ նախագահը հրաւիրուած է Երեւան, 100ամեակին: Կու գա՞ն արխիւներ հետազօտելու, թէ կ՛ուղարկեն իրենց նախագահը 2015ի Ապրիլին, ատիկա իրենց գործն է: Իրենց գործն է միաժամանակ միջազգային ընտանիքին բացատրելը, թէ ինչու չեն գար:
Իսկ մեր գործը մինչեւ այդ, միջազգային հանրային կարծիքը տեղեկացուած պահելն է հայկական կողմի նախաձեռնութիւններուն մասին, կամ թէ ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը մերժէ կառուցողական առաջարկները:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ՝ «Ազդակ» Թերթի Գլխաւոր Խմբագիր