By Asbarez | Tuesday, 24 June 2014
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը օրէ օր աւելի կ՛ամրանայ, աւելի կ՛ուժեղանայ:
Արդարեւ, ընդդիմադիր չորս կուսակցութիւնները՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Հայ Ազգային Կոնգրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնն ու «Ժառանգութիւն»ը, ի դերեւ հանեցին բոլոր չարագուշակները, որոնք անհաւանական կը գտնէին այս դաշինքի դիմացկունութիւնը: Թերեւս մենք ալ քիչ մը կ՛աճապարենք յայտարարել, որ այս քառեակը արդէն իսկ կը գործէ այնպիսի ներքին կարգապահութեամբ մը, որ կրնայ ապահովել անոր աշխատանքներու շարունակումը, ինչու չէ՝ մինչեւ ամբողջական իշխանափոխութիւն:
Քառեակը, ինչպէս կը ճանչցուի այս դաշինքը, վերջին շրջանին յաջողեցաւ բեկում յառաջացնել ժողովրդային մտայնութեան մէջ, որ ընդդիմադիր ուժերը կը պատկերցանէր ներքին գզվռտոցներով ինքզինք բզկտող, ինքզինք թուլացնող, յաւակնութեանց մրցաշարի դուրս եկած գործիչներու հաւաքածոներ, որոնք անկարող են որեւէ շօշափելի արդիւնք ապահովել երկրին մէջ:
Այս պատկերացումը սկսած է քանդուելու թէ՛ Ազգային ժողովէն ներս եւ թէ հրապարակի վրայ Քառեակին գործով, կեցուածքներով, վերլուծումներով ու ծրագիրներով: Նոյն հետեւողականութեամբ, նոյն կարգապահութեամբ ու ժողովուրդի լայն խաւերը յուզող հարցերու խոր ընդգրկումով, Քառեակը վստահաբար պիտի կարենայ աւելի մեծ զանգուածներ տանիլ իր ետեւէն:
Իշխանական վերնախաւը, եթէ չկարենայ շուտով քանդել Քառեակի համագործակցութեան մթնոլորտը, եթէ չկարենայ պառակտել եւ անիմաստ վէճերու օղակի մը մէջ բանտարկել ընդդիմադիր այս դաշինքի ղեկավարները, ապա ի՛նք կրնայ արագ թափով քայքայման եզրին հասնիլ: Չունենալով երկիրը իր ճգնաժամէն դուրս հանելու ծրագիր, սպառած ըլլալով ժողովուրդի համբերութիւնը՝ իշխանական ուժերը կրնան շատ շուտով նոյնիսկ խուճապի մատնուիլ:
Մենք յուսալի կը հետեւինք Քառեակի գործունէութեան։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է