Հալէպի Բնակչութիւնը Նոր Աղէտի Մը Սեմին… Եթէ Առաջքը Չառնուի

By Asbarez | Monday, 14 July 2014

 

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Հալէպի բնակչութիւնը, յատկապէս՝ անցնող երկու տարիներուն, ապահովական, կենցաղային աննկարագրելի դժուարութիւններ ապրեցաւ՝ զինեալ խմբաւորումներու անմարդկային վարքագիծին պատճառով:


Հրթիռարձակումները, մարդկային զոհերը, պետական ենթակառոյցներու, մշակութային կեդրոններու, դպրոցներու, բնակարաններու, հիւանդանոցներու եւ դարմանատուներու քանդումը չբաւարարեցին զինեալ ծայրայեղական խմբաւորումները, անոնք ամէն ջանք ի գործ դրին խաղաղ բնակչութիւնը զրկելու անգա՛մ կենսական սնունդէն ու ջուրէն՝ անտանելի դարձնելով անոր կեանքը:

Ելեկտրականութեան տագնապով, երբեմն նոյնիսկ սննդամթերքի արգելափակումով ու մանաւանդ վերջերս պայթիւններու պատճառով ջուրի մայր խողովակներու փճացումով կամ զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ ջրահոսքի դիտումնաւոր կասեցման պատճառով Հալէպի բնակչութիւնը յայտնուեցաւ կենցաղային ծայր աստիճան նուաստացուցիչ պայմաններու մէջ ու այս բոլորով հանդերձ, շարունակեց ու կը շարունակէ համբերութեամբ տոկալ ու յաղթահարել օրըստօրէ բազմացող դժուարութիւնները:

Հայ համայնքը եւս անմասն չմնաց տագնապի այս դժուարութիւններէն: Ինչպէս հանրային վայրերու եւ մզկիթներու, նոյնպէս հայկական կեդրոններու եւ եկեղեցիներու մէջ ծայր առաւ ջուրի մատակարարման աշխատանքը: æրհորներէ հասանելի դարձած ջուրի ծորակներուն դիմաց հերթեր կազմած երեխաները, երիտասարդները, տարեցներն ու նոյնիսկ ծերունիները ամէնօրեայ դրութեամբ ջուր կրելու աշխատանքին լծուեցան: Անել կացութեան մատնուեցան յատկապէս վատառողջ ծերունիներն ու մանուկները:

Հակառակ Հալէպի պետական պատասխանատու մարմիններուն եւ Կարմիր մահիկին կողմէ ծայր առած ջրամատակարարման ժամանակաւոր աշխատանքներուն, նաեւ նման կացութիւններու համար, զանազան կողմերու ջանքերով, նախապէս փորուած ջրհորներուն, մարդոց ջուրի անհատնում կարիքը կրկին գործի լծեց շահամոլ վաճառականները, որոնք անգործութեան, սղաճի դժնդակ այս պայմաններուն մէջ անգամ օգտագործեցին մարդոց ջուրի սուր կարիքն ու անտեսելով մարդկային մօտեցումի բոլոր չափանիշները՝ ջուր վաճառելու սկսան:

Հալէպ քաղաքի 3 միլիոնի հասնող բնակչութիւնը այժմ կ՛օգտագործէ ջրհորներու ջուրը, որ սակայն ըմպելի չէ եւ խմուելու պարագային՝ առողջապահական լուրջ հարցերու դուռ կը բանայ: Օրական դրութեամբ հանքային ըմպելի ջուր գնելը, ցաւ ի սիրտ, առողջ մնալու ապահով միակ միջոցը կը շարունակէ մնալ:
Տագնապի այս լրջագոյն դժուարութիւններուն մէջ նախորդ շաբաթ Հալէպ այցելեց երկրիս վարչապետը՝ նախարարներու եւ պատասխանատու մարմիններու ընկերակցութեամբ իրազեկ դառնալու եւ լուծումներ գտնելու համար Հալէպի բնակչութեան դիմագրաւած ապահովական, կենցաղային եւ տնտեսական բազմապիսի դժուարութիւններուն: Ան այս առիթով յայտնեց նաեւ, թէ Սուրիոյ նախագահին թելադրանքով նիւթական յատկացում մը կատարած է քաղաքիս՝ առաջքը առնելու համար յետագայ դժուարութիւններուն եւ բարելաւելու բնակչութեան կենցաղային վիճակը:

Աննախադէպ այս պայմաններուն մէջ, սակայն, տեղական պատասխանատու մարմիններուն աշխատանքը ցարդ շօշափելի արդիւնքներու չէ հասած: æուրի ապահովման դժուարութիւնը ցարդ չէ փարատած: Վիճակը ահազանգային է: Կ՛ակնկալուի շուտափոյթ լուծումներ գտնել ջուրի հասանելիութեան հարցին՝ կանխելու համար ամրան տօթին տարածուող վարակիչ հիւանդութիւններն ու անոնց իբրեւ հետեւանք՝ նախատեսուող առողջապահական եւ կենցաղային հարցերը:
Առկախ երկրիս տագնապին քաղաքական զարգացումներէն, Հալէպի մէջ սուրիական բանակին գետնի վրայ արձանագրած յառաջխաղացքէն, կենցաղային դժուարութիւններու, յատկապէս ջուրի տագնապի յաղթահարման ուղղուած ջանքերու բազմապատկումը էական նշանակութիւն ունի Հալէպի բնակչութեան կեանքը գէթ տանելի դարձնելու եւ նոր աղէտի մը առաջքը առնելու համար:

Հալէպի բնակչութիւնը պետական տեղական մարմիններուն կողմէ յատուկ ուշադրութեան կարիքն ունի:
ջուրը կեանք է վերջապէս…

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂԻԿԵԱՆ Հալէպի մէջ հրատարակուող, Բերիոյ թեմի պաշտօնաթերթ «Գանձասար»ի խմբագիրն է


comments