Յիշել Ու Պատուել

By Asbarez | Monday, 14 July 2014

 

 


ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Ամբողջ ազգով կը խոնարհինք հայրենիքի սահմանները պաշտպանող մեր զինուորներու ծառայութեան առջեւ: Կը խոնարհինք մանաւանդ սահմանները պաշտպանելու նուիրական գործին ընթացքին իրենց կեանքը զոհաբերած, նահատակուած զինուորներու յիշատակին առջեւ:


Դժբախտաբար, վերջերս յաճախակի դարձած են նահատակութիւններու դէպքերը, որոնց մեր հաւաքական անդրադարձը, վստահ չեմ, որ ըստ արժանւոյն կ՛արտայայտէ մեր հաւաքական գնահատանքը՝ զինուորներու գերագոյն զոհաբերութեան:

Այո՛, նահատակութեան օրն իսկ պաշտօնապէս կը գնահատուի զինուորի սխրանքը՝ մարտական շքանշանով: Յետո՞յ:

Բանակը իր աւանդական ծէսերով ու յիշատակումով կը յարգէ ու կը պատուէ իր զինուորի նահատակութիւնը:

Մե՞նք:

Կրնա՞նք յիշել, թէ մեր եկեղեցիներուն մէջ, ինքնաբերաբար, առանց յատուկ պատուէրներու, մեր հոգեւորականները (իրենց նախաձեռնութեամբ կամ հոգաբարձուներու թելադրանքով) հոգեհանգստեան պաշտօն կատարած ըլլան նախորդ շաբթուան ընթացքին զոհուած հայ զինուորներուն համար: Քարոզին մէջ ալ կարելի չէ՞ յիշատակել նահատակութիւնը, արժեւորել զայն՝ ամրագրելով անոր կարեւորագոյն տեղը մեր արժէքային համակարգին մէջ:

Կամ՝ մեր ձեռնարկներուն եւ հանդէսներուն ընթացքին, մէկ րոպէ լռութեամբ չե՞նք կրնար յարգել նահատակի յիշատակը:

Կամ՝ մեր ընտանեկան հաւաքոյթներուն ընթացքին, չե՞նք կրնար յիշել ու մեր երախտագիտութիւնը յայտնել նահատակի ծնողքին, ընտանիքին, որոնք այդ պահուն եւ ընդմիշտ խոր վիշտը կ՛ապրին ու պիտի ապրին իրենց թանկագին կորուստին համար: Մեր զաւակներուն հայրենասիրութիւն ներարկելու գործին չի՞ նպսատեր նման վերաբերմունք:

Այս բոլորը եթէ ծրագրուած ըլլան, անպայմա՛ն թերացումներ ու մոռացումներ կը պատահին: Բայց ճի՛շդ կ՛ըլլայ, որ յիշատակումները ըլլան բնական, ինքնաբուխ:

 

comments