Գօլստըն Ճեմարանը նորանոր նուաճումներու պատուանդանին վրայ բազմեցնելու հեռանկարով

By Edward Demirjian - armenia.com.au | Monday, 21 July 2014

Ուրախ եմ յայտնելու թէ  2014 ուսումնական տարեշրջանի 3-րդ երկամսեակէն սկսեալ   պիտի ստանձնեմ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանի տնօրէնութեան պաշտօնը: Անհամբեր եմ եւ մեծ խանդավառութեամբ պատրաստ՝ առաջնորդելու եւ գործակցելու Ճեմարանի աշխուժ ու ժրաջան ուոսուցչական կազմին հետ ապահովելով աշակերտութեան ուսումնական բարձր մակարդակ միաժամանակ միշտ հաւատալով ու հետեւելով Ճեմարանի առաքելութեան ու տեսլականին: Տարիներու ծառայութիւնս ճեմարանէն ներս որպէս ուսուցիչ զիս իրազեկ դարձուցին Ճեմարանի  պահանջքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Իմ պարտաւորութիւններուս առաջնահերթութիւններէն մին պիտի ըլլայ որդեգրել ծրագիրներ եւ ուղեգիծներ, որոնք պիտի նպաստեն ճեմարանի կրթական եւ ուսումնական մակարդակի բարելաւման:  Ճեմարանի ուսուցչակազմին հետ միասին մեր լաւագոյնը ի գործ պիտի փորձենք դնել ճեմարանը հասցնելու այնպիսի նախանձելի բարձունքի մը, որ ան ինքնաբերաբար համարուի Սիտնիաբնակ հայ աշակերտին համար լաւագոյն կրթօճախը:

Կը հաւատամ եւ համոզուած եմ , թէ Ճեմարանի առաքելութիւնն է նաեւ պահել եւ պահպանել աշակերտութեան  հայկական դիմագիծը,վառ պահել մեր մշակոյթը, հայոց պատմութիւնն ու մայրենի լեզուն դասաւանդելով եւ զանոնք աշակերտին համար հետաքրքրկան դարձնելով զանազան արդի միջոցներով եւ ժամանակակից մեթոտներով: Այս առնչութեամբ, ոչ մէկ ջանք պիսի խնայեմ որպէսզի ճեմարանականը  ստանայ հայեցի բարձր կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն, հպարտ ըլլայ իր ինքնութեամբ եւ իր արմատներով: Ուխտագնացութիւն  դէպի Հայաստան ծրագիրը մեծ անդրադարձ եւ ազդեցութիւն կ'ունենայ 10-րդ կարգի աշակերտութեան վրայ ամէն տարի,որով  իւրաքանչիւր աշակերտի մէջ  կ'ամրապնդուին ազգային պատկանելիութեան ու հայրենասիրութեան վառ զգացումները:

Եւ վերջապէս իմ խորին շնորհակալութիւնս եւ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Պրն Նշան Պասմաճեանին իր զօրակցութեան եւ վարած ղեկավարութեան ինչպէս նաեւ Իր բերած մեծ ներդրումին Ճեմարանի հայկականութեան ու հայեցի բարձր դաստիարակութեան ապահովման աշխատանքին մէջ: Մեծ եղաւ նաեւ իր ներդրումը ճեմարանի նիւթական պիւտճէն  հաւասարակշռելու եւ բարելաւելու մարզէն ներս: Գօլստըն Ճեմարանի համայն ընտանիքը  բարձր կը գնահատէ Պրն Պասմաճեանի ցուցաբերած նուիրումն ու ժրաջան աշխատանքը ի նպաստ Ճեմարանին:


comments

Advertisement