By Asbarez | Tuesday, 22 July 2014
ՌՈՊԵՐ ԱՅՏԱՊԻՐԵԱՆ
Յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն, Իրաքի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ սիւննիներու կատարած ռազմական յարձակումին առընթեր, Իրան կրկին պիտի բացուի դէպի արեւմտեան աշխարհ, շնորհիւ ԱՄՆի հետ իր ջերմացող յարաբերութիւններուն: Ուաշինկթըն վերջապէս պիտի վերցնէ պատժամիջոցները, ինչպէս նաեւ իր դաշնակիցներէն պահանջած արգելքները: Թերեւս ալ աւարտն է տնտեսապէս շատ տկարացած Իսլամական հանրապետութիւնը կղզիացնելու ռազմավարութեան, ինչ որ արդէն սկսած էր ուրուագծուելու 2013 Նոյեմբերին Ժընեւի սկզբնական համաձայնութիւններէն ի վեր: Գալով ներկայի ողբերգական իրադարձութիւններուն, ըստ բազմաթիւ դէտերու՝ անոնք կրնան նոյն կէտին շուրջ միացնել «մեծ Սատանա»ն եւ «չարութեան առանցք»ի հիմնական տարրերէն մէկը, Իրաքի մէջ ճիհատականներու յառաջխաղացքը դիմագրաւելու համար:
Իրան, որ 1980էն ի վեր կը բախէր ամերիկեան ամենակալութեան եւ գերագահութեան, անուղղակիօրէն աճեցուց Իրաքի, Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ իր միջամտութեան կարողութիւնը եւ յստակօրէն ամրապնդեց իր շրջանային յաւակնութիւնները ատլանտամէտ Թուրքիոյ եւ սիւննի Սաուտական Արաբիոյ դիմաց: Վերջերս, Անքըլ Սամի հաստատած պատժամիջոցները զանցողներու դէմ գայթակղութիւններ յառաջացուց, ինչպէս՝ Էրտողանի բարեկամներուն կողմէ Իրանին ոսկի ծախելու պարագան կամ 10 միլիառ տոլարի տուգանքի սահմանումը ֆրասնական BNP դրամատան, ամերիկեան տոլարով կատարուած դրամատնային գործարքներուն համար: Նմանօրինակ փորձանքներէ խուսափելու մտահոգութեամբ՝ «Total» ընկերութիւնը 2010ին, PSA-ն 2012ին եւ «Renault»ն 2013ին ստիպուեցան քաշուելու իրենց համար շատ կարեւոր այս շուկայէն:
Այլապէս, Միջին Արեւելքի մէջ երկրորդ հիւլէական ուժի տէրութեան մը երեւան գալու վտանգը, որ կրնար գլուխ ցցել այս մարզին մէջ Իսրայէլի մենաշնորհին դէմ, լայնօրէն չափազանցուեցաւ, նոյնիսկ եթէ ամէն ոք գիտէր, որ այդ կարողութիւնը կրնար իրականանալ միայն 20էն 30 տարի ետք, նկատի առնելով Իրանի մօտ բացակայութիւնը երկար կամ միջին տարողութեամբ հեռարձակ հրթիռներու: Ուրեմն, կը մնայ հիւլէականի հարցին լուծումը, գոհացնելով պակաս կարեւորութիւն ունեցող պահանջներ, ինչպէս՝ կեդրոնախոյս հիւլէական գլուխներու քանակի նուազեցումը կամ հիւլէակայանի գործունէութեան վերարեւելումը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է