Խրախուսման Արժանի

By Asbarez | Wednesday, 30 July 2014

 

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայկական լուրերուն հետեւողները նկատած պիտի ըլլան, որ վերջին տարիներուն որքա՛ն բազմացած են դէպի Հայաստան երիտասարդներ տանող կամ Հայաստանի մէջ ծրագիրներ իրականացնող երիտասարդական նախաձեռնութիւնները:


Մենք մեր կարգին անդրադարձած ենք այս ծրագիրներուն, ողջունած ենք զանոնք, գնահատած անոնց նախաձեռնողները՝ մաղթելով, որ անոնք ընդարձակեն իրենց գործունէութեան ծիրը, աւելի հրապուրիչ դարձնեն Հայաստան երթալու եւ այնտեղ օգտակար աշխատանք տանելու գաղափարը:


Պէտք է ըսել, որ ամէնէն մեծ գործօնը այս ծրագիրներու խթանման՝ Հայաստանի ու անոր ժողովուրդի կախարդական ուժն է: Մեր երիտասարդները ուղղակի հմայուած կը վերադառնան հայրենիքէն, հիացած բնութեան գեղեցկութեամբ, ժողովուրդին մարդկային եւ ջերմ վերաբերմունքով: Կը վերադառնան նաեւ հասունցած, հայրենակիցներու ծանր տնտեսական վիճակը բարելաւելու վճռականութեամբ, երբեմն նոյնիսկ՝ քաղաքական համակարգը փոխելու գործընթացին նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութեամբ:

Առանձնապէս ողջունելի է, որ այս ծրագիրներուն ընդմէջէն մեր երիտասարդները ոչ թէ միայն կը ծանօթանան, աւելի ճիշդը՝ առիթ կ՛ունենան մօտէն ճանչնալու Հայաստանի քաղաքային բնակչութիւնը, այլեւ մարզերու, գիւղական համայնքներու ծանր առօրեային վկաները կը դառնան: Զբօսաշրջիկի կարգավիճակէն դուրս գալով՝ անոնք չեն բաւարարուիր տարուելով Երեւանի կեդրոնական շրջանին ընձեռած վայելքներով, բաց սրճարաններով, ճաշարաններու առատութեամբ, գիշերային զբօսանքներու բազմազանութեամբ: Ի միջի այլոց, մենք չենք թերագնահատեր մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնի բարիքները: Այնտե՛ղ է, անոր մայթերուն վրա՛յ է վերջապէս, ուր իրենց առաքելութիւնը սկսելու նախօրէին, կամ պարտասած վերադարձի ճամբուն վրայ, իրարու կը հանդիպին աշխարհի տարբեր անկիւններէ եկած հայ երիտասարդներ, հայ կամաւոր տղաներ ու աղջիկներ. այդտե՛ղ է, ուր իրարու հետ կը կիսեն իրենց փորձառութիւնները, զգացումները, յուզումները:

Այո՛, հայրենիքը այսպէս, ինքնաբերաբար կը դառնայ նոր տեսակի հնոց մը, ուր կը դարբնուին մեր համայնքներու ապագայ ղեկավարներու հոգիները:
Եկէք այս գործընթացները խրախուսելու ճամբաներ փնտռենք: Երեւակայեցէք՝ յաւելեալ քաջալերանքը յաւելեալ ի՛նչ հրաշքներու դուռ կրնայ բանալ:

 

comments