By Asbarez | Thursday, 29 September 2011
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Համայն հայութեան համար Սեպտեմբերը տօնական ամիս է, քանի որ այդ ամիս հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան քսանամեակը: Տակաւին երկու տասնամեակ առաջ, հայերը չունէին մէկ անկախ պետութիւն: Այժմ անոնք ունին երկուքը եւ անհամբեր կը սպասեն այն օրուան, երբ երկու պետութիւնները պիտի միանան երրորդին՝ Արեւմտեան Հայաստանին՝ հաստատելով Միացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը 2011ի Սեպտեմբեր 19էն 20, Երեւանի մէջ կազմակերպեց Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ համայնքներու ղեկավարներուն համահայկական համաժողովը, որ համախմբած էր 50 երկիրներէ աւելի քան 500 մասնակիցներ, ներառեալ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդները: Ասիկա, իսկապէս, ամբողջ աշխարհի ականաւոր հայերու վերամիաւորումն էր:
Համաժողովը ունէր չորս հիմնական թեմաներ՝ լեզուի եւ կրթութեան հիմնախնդիրներ, երիտասարդութեան հիմնախնդիրներ, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հարցեր: Խօսնակներէն ոմանք օգտուեցան այս առիթէն, որպէսզի մատնանշեն Անկախութենէն 20 տարի ետք դեռ գոյութիւն ունեցող լուրջ բացթողումները:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, իբրեւ ազգի մեծագոյն տագնապ առանձնացուց արտագաղթը. «Մեր թշնամին ուզեց Հայաստանը առանց հայերու տեսնել», նշեց ան եւ աւելցուց. «Այսօր մենք մեր ձեռքերով կը հայաթափենք Հայաստանը»: Նորին սրբութիւնը նաեւ դատապարտեց երկրին մէջ գերիշխող «կոռուպցիա»ն (փտածութիւնը-Խմբ.), որ կը պաշտպանէ «յղփացած փոքրամասնութիւնը»:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան յանդիմանեց պետական պաշտօնեաները տակաւին շարունակուող աղքատութեան, անգործութեան, թերաճ տնտեսութեան, ընկերային անապահովութեան, անարդարութեան, արտօնեալ քրէական խաւի սանձարձակութեան, փտածութեան եւ արտագաղթի համար: Ան նաեւ քննադատեց զանոնք, Հայ-թրքական չարաբաստիկ արձանագրութիւններէն իրենց ստորագրութիւնը ետ չվերցնելու համար:
Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ, տարածաշրջանային յանձնախումբերու գործունէութեան մասին թեմատիկ նիստի ընթացքին (զոր վարողներէն մէկը ես էի), մասնակիցները առաջարկեցին պատրաստել ցեղասպանագէտներու, օսմանագէտներու, թրքագէտներու եւ միջազգային իրաւունքի փորձագէտներու նոր սերունդ: Անոնք նշեցին, որ ժամանակն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցէն հատուցման հարցի բարձրացմանը անցնելուն, եւ պէտք է Թուրքիոյ դէմ բողոքներ ներկայացնել միջազգային եւ տեղական դատարաններու մօտ:
Հայաստանի մէջ ես ցնծութեան բազում պահեր ապրեցայ, սակայն նաեւ ունեցայ որոշ հիասթափութիւններ: Անկախութեան օրուան առթիւ զօրահանդէսը համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուէր: Զօրահանդէսին կը հետեւէր աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ կանգնած Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը կամ նստած այլուր, պստկեռասփիւռին առջեւ: Մեր քաջարի զինուորներուն անվերջ շարասիւնը եւ արդիական թանկերու, հրթիռներու, ռազմական ինքնաթիռներու եւ ուղաթիռներու տողանցքը իւրաքանչիւր հայու սիրտ կը լեցնէին արդար հպարտութեամբ, եւ կը յառաջացնէին պաշտպանուածութեան խոր զգացում, յաճախ սպառնացող մեր թշնամիներէն: Աւելի ուշ, երեկոյեան, հարիւր հազարաւոր հանդիսատեսներ ականատես եղան բարձր արհեստավարժութեամբ յատուկ լազերային ցուցադրութեան, որ Հայաստանի պատմութեան գլխաւոր դրուագները կը սփռէր Հանրապետութեան հրապարակի հանդիպակաց շէնքերու պատերուն վրայ:
Այս տարուան զօրահանդէսին առաջին անգամ ցուցադրուած տեղական արտադրութեան չորս անօդաչու օդանաւերը գրաւեցին շատերուն ուշադրութիւնը, յատկապէս, քանի որ Արցախի զինուած ուժերը վերջերս ոչնչացուցած էին ատրպեճանական անօդաչու օդանաւ մը, զոր Ատրպէյճանը գնած էր Իսրայէլէն:
Զօրահանդէսը անակնկալ մը եւս մատուցեց. կին զինուորներուն խումբը՝ գնդացիրներով, որ կամաւոր կերպով անցած էր ծառայութեան ամբողջութեամբ տղամարդոցմով կազմուած հայկական բանակին մէջ: Երթով անցաւ նաեւ կրօնական հանդերձներով զինեալ ուժերու եկեղեցական դասը:
Անկախութեան տօնակատարութիւններուն յատուկ փայլք հաղորդեցին երկու այլ իրադարձութիւններ: Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ նոր մասնաշէնքը, որուն կառուցումը մեծաւ մասամբ հովանաւորած էր ռուսահայ գործարար Սերգէյ Համբարձումեանը: Այս առիթով, Միհրան Մինասեան՝ սահմանափակ միջոցներ ունեցող համեստ անձնաւորութիւն մը Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն, Մատենադարանին նուիրաբերեց աւելի քան 1000 արժէքաւոր ձեռագիրներ եւ էջեր, զորս ան մեծ դժուարութեամբ հաւաքած էր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:
Երկրորդ կարեւոր իրադարձութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր ամսուն, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանի արդիական չափանիշներու համապատասխանող «թերմինըլ»ին բացումն էր: Նոր համալիրը կրնայ տարեկան սպասարկել մինչեւ 3.5 միլիոն ճամբորդի՝ կրկնապատկելով օդակայանին կարողականութիւնը: Այս մեծածախս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանի կողմէ, որուն ղեկավարած «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան յանձնուած է օդակայանին կառավարումը:
Երկու տհաճ երեւոյթներ. Անկախութեան օրը Համահայկական համաժողովի մասնակիցներուն բաշխուած որոշ վերնաշապիկներուն (t-shirts) վրայ նկատելի էր «Պատրաստուած է Թուրքիոյ մէջ» (Made in Turkey) անակնկալի բերող պիտակը: Վերնաշապիկները զարդարուած էին «2011: Հայաստանը դու ես» լօզունգով: Շփոթի մատնուած պաշտօնեաները այս հանգամանքը բացատրեցին անով, որ վերնաշապիկները նուիրուած էին գործարարի մը կողմէ: Աւելի զարմանալին այն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին երկու նախագահները չմասնակցեցան Անկախութեան օրուան որեւէ միջոցառումի: Անկախ անկէ, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը պատճառաբանէին իրենց բացակայութիւնը, ասիկա լուրջ բացթողում մըն էր երկրի երկու նախագահներուն կողմէ, որոնք ղեկավարած են Հայաստանը Անկախութեան 20 տարիներէն 17ին ընթացքին:
Հակառակ երկրին առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներուն, բոլոր հայերը միահամուռ երդուեցան պաշտպանել եւ պահպանել իրենց հայրենիքը, ամէն տեսակի չարիքներէ, եւ ջանք չխնայել՝ ապահովելու համար Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրենց հայրենակիցներուն բարեկեցութիւնն ու բարգաւաճումը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է