By Asbarez | Wednesday, 17 September 2014
ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Մինչեւ երէկ, ես զիս կը մխիթարէի՝ մտածելով, որ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ դեռ կան մեծ թիւով հայեր, որոնք, հակառակ նահանջող ազգային բարքերու, տակաւին կը սիրեն կարդալ մայրենի լեզուով, տակաւին հայերէն գիրք կը կարդան, կամ գոնէ հայերէն թերթ կը կարդան: Ինծի նման իր մայրենի լեզուին սիրահար մէկուն համար, ինծի նման մէկու մը համար, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է մայրենի լեզուի պաշտամունքին, ասիկա սփոփարար մտածում էր: Կը հարցնէի.
– Քանի՞ հոգի այսօր հայերէն կը կարդայ, հայերէն կարդալու նիւթ կը փնտռէ:
Կը պատասխանէի.
– Անհամար:
Յետոյ կ՛աւելցնէի.
- Բարեբախտաբար:
Այո՛, թէեւ իմ շուրջ հայերէն կարդացողներու թիւը ամէն օր կը պակսէր, ես շատ լաւ կը զգայի ատիկա, բայց եթէ հաշուել ուզէի, թէ արդեօք աշխարհի վրայ, Հայաստանէն դուրս, քանի՞ հոգի դեռ կը յամառէր հայերէն կարդալ, սրտի ցնծութեամբ կը մտածէի, որ կարելի չէր համրել:
Երէկ յանկարծ մտածեցի, որ այլեւս ժամանակը եկած էր մտածելու, թէ պէտք էր դադրեցնէի սա «անհամար» բառին գործածութիւնը իմ սքանչելի լեզուով, մանաւանդ՝ իմ սքանչելի արեւմտահայերէնով կարդացողներու թիւը ենթադրելու ընթացքին: Ի՞նչ «անհամար»: Այլեւս կարծես կրնայինք համրել, թէ աշխարհի վրայ քանի՛ հոգի մնացած է հայերէն գիրք կամ թերթ կարդացող: Անհամարը, որ անծանօթ խոշոր թիւ էր, վերածուած էր փոքրիկ թիւի մը, որ մեզի կրնար ծանօթ դառնալ: Այսինքն՝ այլեւս կրնայինք համրել, այսինքն՝ անոնց թիւը համրուելու աստիճան նուազած էր:
Կրնա՞ս համրել անտառի ծառերը, կրնա՞ս համրել երկինքի աստղերը, կրնա՞ս համրել երկինքէն թռչող գացող թռչունները, կրնա՞ս համրել անձրեւի կաթիլները, կամ՝ տեղացող ձիւնի փաթիլները, կրնա՞ս համրել պարտէզիդ մարգագետինը կազմող կանաչ հրաշալի խոտերը, ծառի մը տերեւները: Աստուա՜ծ իմ, ի՜նչ երջանկութիւն է այսքան շատ ըլլալը, ի՜նչ երջանկութիւն է անհամրելի ըլլալը: Ի՜նչ ուժ եւ ապահովութիւն է անհաշուելի բանակ մը կազմելը: Այո՛, ճիշդ է, որ այսքան շատին մէջ քու ինքնութիւնը թերեւս քիչ մը շուքի մէջ պիտի մնայ, թերեւս ալ անիկա պիտի կորսուի բազմութեան ու զանազանութեան մէջ, բայց այդ ինքնութիւնը այդ բազմութեան շնորհիւ է որ ուժ պիտի դառնայ եւ՝ «Ես գոյութիւն ունիմ» պիտի ըսէ:
Օ՜, ի՛նչ մեղք, որ հիմա ես յանկարծ անդրադարձայ տխուր այն ճշմարտութեան, թէ հայերէն լեզուի հաւատարիմ մարդոց թիւը անպայման անցած է «անհամրելի»էն դէպի «համրելի»: Եւ ասիկա՝ ժողովուրդի մը մէջ, որուն ամբողջ բնակչութեան թիւը թերեւս դեռ կը շարունակէ մնալ անհամրելի: Ի՜նչ ստորնութիւն եւ նուաստացում ինծի համար: Երբ կարելի չէ համրել, թէ աշխարհի վրայ քանի՞ հատ կատու կամ մուկ կայ, երբ կարելի չէ համրել, թէ աշխարհի վրայ քանի՞ հատ ճանճ կը թռչի, համրել այն հայ մարդիկը, որոնք հայերէն կը կարդան: Եթէ արեանս քննութիւնը կատարել տայի ու ստացուած տեղեկագիրին մէջ տեսնէի, թէ քանի մը վնասակար մանրէներ կան «զանցառելի քանակութեամբ», որքա՛ն պիտի ուրախանայի այդ «զանցառելի քանակութեան» համար, այդ փոքրիկ թիւին համար, որ վնաս չի պատճառեր, զոր կրնաս արհամարհել ու անգոյ նկատել: Բայց ես կրնա՞մ ուրախանալ, եթէ յանկարծ սկսիմ մտածելու, թէ աշխարհի վրայ հայերէն կարդացողներու թիւն ալ դարձած է «զանցառելի քանակութիւն»:
Կը ցաւիմ ո՛չ թէ անոր համար, որ ես հայերէն կը գրեմ, կը կարդամ, ո՛չ թէ անոր համար, որ կը վախնամ, որ աշխարհի վրայ քիչ մարդ կը կարդայ զիս, կը ցաւիմ ո՛չ թէ անոր համար, որ հայ գրագէտը ու հայ մամուլը մութ ապագայ ունի, այլ կը ցաւիմ պարզապէս անոր համար, որ կը խղճահարիմ, մեռնելու աստիճան կը խղճահարիմ իմ մայրենի լեզուիս վրայ: Ես, որ այնքան լաւ գիտեմ, թէ անցեալի մէջ ի՛նչ «անհամրելի» թիւով հայ մարդիկ ի՛նչ «անհամրելի» տառապանքներու գնով ի՛նչ «անհամրելի» հայերէն գրական գործեր ստեղծեցին, ինչ «անհամրելի» հիանալի բառեր ստեղծեցին այս լեզուին համար, թէ՝ ինչպէ՛ս «անհաշուելի» բարձրութեան մը տարին մեր անզուգական լեզուն, թէ՝ ի՛նչ հրաշալի հայերէն ձայն բարձրացուցին դէպի երկինք ու դէպի պատմութիւն, չեմ կրնար ընդունիլ, որ այդ լեզուին տէրերը կռնակ դարձուցած ըլլան անոր: Ասիկա սիրելի հարազատ մը կորսնցնելու ցաւին չափ ծանր է, բայց ո՛չ թէ մէկ սիրելի հարազատ, այլ՝ «անհամրելի» թիւով շատ սիրելի հարազատներ կորսնցուցած ըլլալու չափ ծանր: Գիտեմ, թէ լեզուն դեռ անդունդի եզերքը չէ, գիտեմ, թէ տակաւին մահամերձ չէ, բայց գիտեմ նաեւ, որ ան չի գտնուիր շրթներուն վրայ այն «անհաշուելի» թիւով մարդոց, որոնք պէտք է այս լեզուով խօսէին, այս լեզուով կարդային, այս լեզուով գրէին, այս լեզուով սիրաբանէին, նոյնիսկ՝ այս լեզուով կռուէին իրարու հետ:
Թերեւս այս գիշեր պիտի ուզէի մեկուսանալ անկիւն մը եւ աղօթք մը մրմնջելով՝ ներողութիւն խնդրել Մեսրոպ Մաշտոցէն սկսեալ մինչեւ մեր ամէնէն շնորհալի գրողէն, նոյնիսկ անշնորհ գրողէն կամ լեզուաբանէն, մարդիկ, որոնք շինեցին հայոց լեզուն ու իբրեւ ժառանգ թողուցին մեզի: Ներողութիւն խնդրել Աբովեաններէն կամ Վարուժաններէն, Մեծարենցներէն կամ Տէրեաններէն: Թէեւ մենք չենք յանցաւորը, բայց միայն մեզի նման «համրելի» քանի մը հայերն են, որ պիտի կարենային ներողութիւն խնդրել անոնց խնկելի յիշատակէն:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է