Մեզի Կը Յիշեցնեն

By Asbarez | Tuesday, 23 September 2014

 

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Կը դատապարտենք Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդումը՝ իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ: Դատապարտողները մենք ենք, հայերս, մեր քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութիւնը, թերեւս նաեւ մէկ երկու օտար քաղաքագէտներ:


Դատապարտելով անշուշտ պէտք չէ սահմանափակուի մեր հակազդեցութիւնը: Իսլամ կրօնքը վարկաբեկող տականքը եւ զինք դրդողները պատժելու, անոնց հանդէպ վրէժխնդիր ըլլալու ցանկութիւնն ալ կրնանք իրականացած տեսնել թերեւս Ամերիկայի ու իր դաշնակիցներու ռազմական հարուածներով: Բայց այն խոր վիրաւորանքը, որ ուղղուեցաւ մեր սրբազան նահատակներու նշխարներուն, պէտք է մեզ մղէ ամբողջականօրէն վերանայելու, վերարժեւորելու մեր վիճակը, մեր խնդիրները, մեր ընելիքները:

Անկախութեան տարեդարձի տօնական մթնոլորտին մէջ իրականացած համահայկական ժողովները, անոնցմէ բխած յայտարարութիւնները, հանդիսաւոր ճառերը, խոստումները, այս բոլորը ցուցադրական, ձեւական նկատելու առաջին հակազդեցութիւնը յաղթահարելով, հաւաքուելու, միասնականութեան նոյնիսկ մակերեսային երեւոյթը գնահատելով իբրեւ դրական լիցքի աղբիւրներ՝ չենք կրնար չարձանագրել, որ մեր նահատակներու կրկնակի խոցուած ոսկորները մեզմէ աւելին ակնկալելու իրաւունքը ունին:

Այդ «աւելին» միշտ ալ անհասանելի, վերացական գաղափար մը պիտի մնայ, եթէ չկարենանք յստակ աշխատանքային ծրագիրով մը մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայանալ՝ անմիջական ու հեռակայ նպատակները բանաձեւելով եւ իւրաքանչիւրիս ներդրումին կարեւորութիւնը ընդգծելով:

Այս տեսանկիւնէն, Տէր Զօրի եկեղեցւոյ ստացած հարուածը կրնանք ընդունիլ իբրեւ յիշեցում, իբրեւ զգաստութեան հրաւէր, թէ Ցեղասպանութեան ենթարկուած մեր ազգը չի կրնար նահատակութեան պսակը շալկած իր նոր վէրքերը երգելով բաւարարուիլ, այլ պարտի գտնել վճռական լուծումներ՝ իրեն սպառնացող ամէն վտանգ դիմագրաւելու:

 

 

comments