Իպոլա կամ Իպոլա հիւանդութիւն – Ebola

By Asbarez | Friday, 10 October 2014

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ


 

Իպոլա կամ իպոլա հիւանդութիւնը ժահրային հազուագիւտ եւ մահացու հիւանդութիւն մըն է: Յաճախ անիկա կը կոչուի Իպոլա արիւնահոսութեան հիւանդութիւն, որովհետեւ անոր յատկանշական ախտանշաններէն կարեւորագոյնը անսպասելի արիւնահոսութիւնն է:

Այս հիւանդութեան ժահրը իպոլա ժահրն է, որ առաջին անգամ յայտնուեցաւ 1976ին Սուտանի մէջ եւ Քոնկոյի Իպոլա գետին շրջակայքը: Այս ժահրը կը պատկանի Filoriridae ժահրերու խմբաւորումին: Իպոլա անուանումը կը վերագրուի Քոնկոյի Իպոլա գետին: Այս երկու երկիրներուն մէջ իպոլա հիւանդութիւնը շուտով տարածուեցաւ եւ վերածուեցաւ համաճարակի (epidemic):

Իպոլա հիւանդութիւնը երկրորդ անգամ յայտնուեցաւ 2012ին Ուկանտայի եւ դարձեալ Քոնկոյի մէջ: Այս տարուան՝ 2014ի համաճարակը երրորդն է, որ աւելի ահազանգային եւ բարդ է: Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու՝ ներկայ համաճարակը տարածուած է մասնաւորապէս Կինէի, Սիէրա Լէոնէի եւ Լիպերիոյ մէջ: Մինչեւ օրս իպոլան խլած է 3400է աւելի մարդոց կեանքը: Յայտնաբերուած են 7500 պարագաներ:

Իպոլան շատ արագ կը տարածուի Ափրիկէի այլ շրջաններու մէջ: Մահեր արձանագրուած են նաեւ Սենեկալի եւ Քոնկոյի մէջ:

Իպոլա ժահրը առաւելաբար հիւրնկալուած է Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու կապիկներու, շիմբանզէներու եւ չղջիկներու կողմէ: Այսինքն ժահրը կ՛ապրի այս կենդանիներու մարմինին մէջ: Իպոլա ժահրը կը փոխանցուի մարդուն, երբ ան դպնայ այս կենդանիներու մորթին եւ կամ անոնց մարմնական հեղուկներուն, այսինքնէ արեան, սերմնահեղուկին (semen), կրծքակաթին (breast milk), մէզին եւ լորձունքին: Իսկ իպոլա ժահրի փոխանցումը վարակուող անձէ մը առողջ անձի մը տեղի կ՛ունենայ նոյն ձեւով: Իպոլա ժահրի փոխանցումը եւ տարածումը օդի, ջուրի եւ ուտեստեղէններու միջոցաւ տեղի չ՛ունենար: Թխսումի շրջանը (incubation period) 10-21 օր է, այսինքն՝ հիւանդութեան ախտանշանները կը յայտնուին վարակումէն 10-21 օրեր ետք: Անոր փոխանցումը եւ տարածումը տեղի կ՛ունենայ հիւանդութեան ախտանշաններու յայտնուելէն ետք:

Իպոլա ժահրը մտնելէ ետք վարակուող անձի մարմինին մէջ կը տկարացնէ անոր ախտամերժութեան (immunity) համակարգը եւ կը հարուածէ մարմինի զանազան օրկանները: Վարակուողներուն 50-90 տոկոսը կը մահանայ: Չմահացողները կը կրեն իպոլա ժահր եւ կրնան փոխանցել զայն ուրիշներու՝ սերմնահեղուկի միջոցաւ:

Իպոլա հիւանդութեան ախտանշանները կը նմանին ճահճատենդի (malaria) եւ ընդերային տենդի (typhoid) ախտանշաններուն, հետեւաբար իպոլան պէտք է զատորոշուել այս երկուքէն:

Իպոլա հիւանդութեան ախտանշաններն են՝ բարձր ջերմ, մարմնական տկարութիւն եւ յոգնածութիւն, մկանային ցաւ, սաստիկ գլխացաւ, փորի ցաւ, նողկանք, փսխունք, փորհարութիւն, հազ, կրծքացաւ, կոկորդի կարմրութիւն, մորթի դեղնութիւն-դեղնախտ (jaundice), անսպասելի արիւնահոսութիւն, աւշագեղձերու ծաւալում (lymph node hypertrophy), զառանցանք (delirium), անզգայութիւն (stupor) եւ հաւանական մահաքուն (coma):

Արիւնահոսութիւնը կը յայտնուի տարբեր ձեւերով: Առաջին քանի մը օրերուն տեղի կ՛ունենայ մորթային մակերեսային կէտաւոր արիւնազեղում (petechiae) եւ ենթամորթային արիւնազեղում (ecchymosis): Ասոնց կը յաջորդէ բացայայտ բերանային, սրբանային եւ հեշտոցային արիւնահոսութիւն: Կը տեսնուի նաեւ մորթային բշտիկաւոր ցան (rash):

Իպոլա հիւանդութիւնէ վարակուած անհատը կ՛ունենայ հետեւեալ երկու ընթացքներէն մէկը.

1. Երկրորդ շաբթուան ընթացքին հիւանդին ախտանշանները կը մեղմանան ինքնաբերաբար եւ որոշ բարելաւում կ՛արձանագրուի:

2. Հիւանդութիւնը կը յառաջանայ եւ բարդութիւններ կը յայտնուին մարմինի զանազան օրկաններու գործունէութեան մէջ: Այս պարագային ախտանշանները կը
զօրանան, բարելաւում տեղի չ՛ունենար եւ ընդհակառակն՝ կը սկսին լեարդի կրկնուող բորբոքումներ, աչքի անօթապատեանաբորբ (uvietis), ամորձաբորբ (orchitis), բացայայտ արիւնահոսութիւն եւ մահ:

Համաճարակներու ընթացքին մահացութեան միջին տոկոսը (mortality rate) կը հասնի 50ի:

Իպոլա հիւանդութենէ չմահացող անհատը կ՛ունենայ 10 տարուան ախտամերժողականութիւն իպոլա ժահրի դէմ:

Իպոլա հիւանդութեան ախտաճանաչումը կը փաստուի գտնելով իպոլա ժահրը հիւանդին արեան եւ կամ անոր վարակուած հիւսկէններուն մէջ: Կը կատարուին նաեւ արեան կարմիր եւ ճերմակ գնդիկներու, լեարդի գործունէութեան, արիւնահոսութեան եւ մէզի քննութիւններ:

Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, մինչեւ օրս իպոլա հիւանդութեան դէմ յատուկ պատուաստ եւ հակաժահրային դարմանում գոյութիւն չունին: Սակայն շատ մը երկիրներու առողջապահական հաստատութիւնները շատ մեծ աշխատանք կը տանին գտնելու համար պատուաստ մը:

Յամենայնդէպս, վարակուած անձը պէտք է խմէ առատ ջուր եւ կամ անոր պէտք է ներարկել ներերակային յատուկ հեղուկներ: Ֆիզիքական հանգիստը շատ կարեւոր է: Հակաջերմ եւ ցաւազերծ դեղեր ունին մեծ դերակատարութիւն: Մեծ արիւնահոսութեան պարագային արեան փոխներարկումը կը դառնայ պարտաւորիչ:

Վարակուած անձը պէտք է մեկուսացուի (isolation): Կանխամեկուսացումի (quarantine) միջոցառումները պարտաւորիչ են, որպէսզի համաճարակներ տեղի չունենան: Նախազգուշական միջոցները պարտաւորիչ են համաճարակներու ընթացքին: Հիւանդանոցներու անձնակազմը պէտք է գործածել յատուկ ձեռնոցներ, գոգնոց եւ դիմակ կամ քթաբերանակ (mask), իսկ բժշկական բոլոր գործիքները պէտք է հականեխուին մեծ ուշադրութեամբ: Ժողովրդային առողջապահական դաստիարակութիւնը խիստ կարեւոր է:

Այս օրերուս ամբողջ աշխարհը կը խօսի իպոլայի մասին: Պետութիւններ ահազանգի մատնուած են Իպոլայով: Նոյնիսկ միջազգային համաժողովներու մէջ իպոլան նկատուած է իբրեւ մարդկութեան առաջնահերթ վտանգ:

Կը լսենք ու կը կարդանք ամէն օր իպոլա հիւանդութեան մահասփիւռ տարողութեան մասին, Ափրիկեան իպոլա համաճարակ երկիրներու անմիջական բժշկական անսահման պէտքերուն եւ անոնց ամէնօրեայ կոչերուն ուղուած համայն աշխարհին, որպէսզի կարողանան դիմագրաւել իպոլա հրէշը: Այս ափրիկեան երկիրները բժշկական բաւարար կեդրոններ եւ միջոցներ չունին պայքարելու համար իպոլայի դէմ եւ ընդունելու եւ դարմանելու իպոլայէն վարակուող բոլոր անհատները:
Միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւնները առաջին օրէն հասած են իրենց ամբողջական կազմերով օժանդակելու այս երկիրներու ժողովուրդներուն: Միջազգային դրամատունը մինչեւ օրս տրամադրած է 400 միլիոն տոլար՝ պայքարելու համար Իպոլա հիւանդութեան դէմ եւ օժանդակելու այս երկիրներուն: Քանի օրեր առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Օպաման Միացեալ Ազգերու համաժողովին, անդրադառնալով իպոլային՝ ըսած է. «Բաւարար չէ այն, ինչ կը կատարուի իպոլան դիմագրաւելու համար»: Ուստի, նախագահ Օպամայի որոշումով 3000 բանակայիններ շուտով պիտի ուղարկուին ափրիկեան այս երկիրները, օգտակար դառանալու իպոլայի դէմ պայքարին: Քանատայի կառավարութիւնը, իր կարգին, ղրկած է օգնական անձնակազմի խումբ մը, շարժական տարրալուծարաններ, հինգ միլիոն տոլար նիւթական օժանդակութիւն եւ իպոլայի դէմ հազար դեղաքանակ (dose) փորձարական պատուաստ:

Իպոլա հիւանդութիւնը կը տարածուի երկրէ երկիր՝ վարակուած մարդոց ճամբորդութեան պատճառով: Այս իսկ պատճառով իպոլան հասած է ԱՄՆ: Թոմաս Տանքըն ամերիկացի ճամբորդ մը, որ դէմ յանդիման եկած է Լիպերիոյ մէջ իպոլա հիւանդութենէ վարակուած անձերու, վերադառնալէ ետք Ամերիկա, կը փաստուի անոր իպոլայով վարակուիլը: Ան այժմ կը դարմանուի մեկուսացուած կեդրոնի մը մէջ փորձարական «Brincidofovir» դեղով: Անոր առողջական վիճակը լուրջ վտանգի մէջ է: Երկու սպանացի քարոզիչներ վարակուելէ ետք Ափրիկէի մէջ իպոլայով կը վերադառնան Սպանիա եւ մէկուսացուած դարմանումի կ՛ենթարկուին, սակայն երկուքն ալ կը մահանան: Այն հիւանդապահուհին, որ խնամած է այս քարոզիչները վարակուած է իպոլայով եւ ներկայիս մեկուսացեալ կը դարմանուի Սպանիոյ մէջ: Իպոլա ժահր կր-նայ գործածուիլ պատերազմներու եւ ահաբեկչական գործողութիւններու մէջ:

 


comments

Advertisement