Մենք՝ Մեր Ներկան Ու «Ծանօթ» Ապագան

By Asbarez | Tuesday, 28 October 2014

 

Համադրեց՝ ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ատենէ մը ի վեր հետաքրքիր իրադարձութիւններ սկսած են կատարուելու սփիւռքահայութեան ու նաեւ մեր հայրենիքին շուրջ: Խօսելով Սփիւռքի եւ մանաւանդ անոր մայր գաղութ Սուրիոյ կամ Հալէպի ներկայ իրավիճակին մասին՝ կը տեսնենք, որ մեզ յուսահատութեան ճամբուն տարած ու արդէն հասցուցած են: Անորոշ վիճակ: Անծրագիր ու անժամանակ արտագաղթ:


Միւս կողմէ, մեկնելով Ատրպէյճանի ռազմատենչ ախորժակներէն, անոր սպառազինման արշաւէն եւ մանաւանդ Արցախի սահմանին վրայ հրադադարի ամէնօրեայ խախտումներէն՝ շատերու կարծիքով այս իրադարձութիւնները կը վկայեն, թէ ղարաբաղեան գործընթացը վերջ ի վերջոյ պիտի հանգի պատերազմով: Այլ խօսքով՝ այսօր ալ հեռու ենք խաղաղութենէն եւ ղարաբաղեան պատերազմը իր աւարտը չէ գտած:

Առաւել՝ Հայաստան, 10 Հոկտեմբեր, 2014ին, պաշտօնապէս ստորագրեց Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու փաստաթուղթերը: Այս կը նշանակէ, թէ ԵՏՄի անդամները իրենց խորհրդարաններուն մէջ մինչեւ տարեվերջ, եթէ վաւերացնեն պայմանագիրը (որուն կասկած չկայ), 1 Յունուար 2015էն սկսեալ Հայաստանը կը դառնայ ԵՏՄի լիիրաւ անդամ:

Բոլոր այս անցուդարձերը խորապէս մեզ կը մտահոգեն. նոյնիսկ մեզմէ շատերը վախով, կասկածանքով եւ վերապահութեամբ կ՛արտայայտուին կամ կ՛անդրադառնան այդ մասին:

Փորձագէտներու կարծիքով՝ Կովկասեան շրջանէն ներս 1990ականներուն Հայաստանի ունեցած դերը, որ մինչեւ հիմա ի շահ Հայաստանին եղած էր, այս օրերուն հաստատապէս փոխուած է: Արեւմուտքին համար այլեւս նպաստաւոր չէ Հայաստանի այս մենաշնորհ իրավիճակը, որովհետեւ այս ձեւով միայն Մոսկուան եւ Անգարան են գլխաւոր օգուտ քաղողները: Միւս կողմէ, շատ յստակ է, թէ Կովկասի մէջ զէնքի գլխաւոր մատակարարները այս երկու երկիրներն են:

Նաեւ տեսանելի է, թէ Մոսկուան, հակամարտ երկու կողմերուն հետ ալ (Հայաստան եւ Ատրպէյճան) կը համագործակցի, որովհետեւ իրեն համար էական ու առաջնահերթ խնդիր է ամրապնդել իր դերքը ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Ատրպէյճանի մէջ: Այս օրերուն, օտար դիւանագէտներու հաստատումով, Ռուսիա ամէն կերպ կամ խոչընդոտ պիտի ստեղծէ ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման մէջ իրեն յարմար ճանապարհ մը գծելու համար: Չմոռնանք, որ եթէ անիկա Հայաստանի հետ նոր պարտաւորութիւններ ստորագրէ եւ յանձն առնէ մեր երկրի անվտանգութիւնը, ապա նոյն ատեն, շրջանի ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, ստիպուած պիտի ըլլայ զինելու Ատրպէյճանը:

Այս բոլոր արարքները ցոյց կու տան, որ Կովկասէն ներս Մոսկուան ինքն է գլխաւոր դերակատարը, միակ որոշողը, թէ խաղաղութիւն պիտի ըլլա՞յ, կամ ոչ: Հոս, կարելի չէ ռուսերը մեղադրել, որովհետեւ, եթէ իրենց տեղը ուրիշ մեծ պետութիւն մը ըլլար, նոյնը պիտի ընէր:

Իսկ գալով հայրենի մեր քաղաքական գործիչներուն՝ պէտք է ըսել, թէ իրենց կարծիքով՝ հայ-ռուսական համաձայնութիւնները միշտ պիտի ամրապնդեն Հայաստանի ազգային անվտանգութիւնը: Ռազմական առումով, այս մէկը ճիշդ է, եւ ներկայիս Հայաստան ուրիշ այլընտրանք չունի։ Անոր համար է, որ մենք մեր քաղաքագէտներէն կ՛ակնկալենք աւելի հասունութիւն, ճշգրիտ եւ դրական հեռանկարներ ու այդ ուղղութեամբ ալ նոր քայլեր։

Դարձեալ օտարներու համաձայն՝ Երեւան-Մոսկուա այս մերձեցումը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արեւմուտքի շահերուն դէմ կը նկատուի եւ կը խանգարէ զայն, որովհետեւ այս ձեւով, միակ օգտուողներն են Մոսկուան, Անգարան եւ Թեհրանը, այլ ոչ թէ Արեւմուտքը:

Համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ շատ յստակ է, որ երբ իրականութիւնը չես հասկցած, կրնաս յանկարծ պատժուիլ, որովհետեւ այդ չհասկնալդ կրնայ սպառնալ նաեւ աշխարհի կարգին ու կանոնին։ Պէտք է ընդունինք նաեւ, որ անցեալ դարու 90ականներուն սկիզբը, երբ մենք կը կռուէինք Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան համար, այս կռիւը ոչ միայն մեր կռիւն էր, այլ ողջ քաղաքակիրթ աշխարհինը։ Հետեւաբար, Ղարաբաղի ճակատագիրը միայն մեզ չի վերաբերիր ու միայն մեր գործը չէ, այլեւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին գործն է։ Եթէ, Աստուած չընէ, օր մը համայն հայութիւնը որոշէ հրաժարիլ Ղարաբաղէն, ապա մեծ պետութիւնները այդ մէկը պիտի չթոյլատրեն: Ուստի, մենք ոչ թէ մեծ ուժերու կամ զօրեղներու սպասաւորը կամ անոնց կամայակատարը պէտք է ըլլանք, այլ՝ մեր շահերէն մեկնած՝ ըլլանք անոնց գործընկերը:

Առողջ պետութիւնը իր յոյսը օտարներուն վրայ չի՛ դներ: Մեր պատմութիւնը միշտ մեզի դէպի նոյն մարտահրաւէրները առաջնորդած է, ու մենք մեր այս վիճակի իրականութենէն դժգոհած ենք: Անոնց ներկայութեան միշտ քննադատած ենք պատմութեան այս կրկնութիւնը, առանց անդրադառնալու, որ պատմութեան ողբերգական պահերը կը կրկնուին այն ժողովուրդներու ճակատագիրին մէջ, որոնք պատմութենէն դասեր չեն սորված:

Անձնապէս հաւատացողներէն եմ, որ մեր թշնամիները մեզ աւելի լաւ կը ճանչնան, քան՝ մենք զիրենք: Երբ կորսնցուցած ենք մեր թագաւորութիւնները, մեր ժողովուրդի կենսական շահերը միշտ ռուսերու եւ թուրքերու շահերուն հետ բախում ունեցած են: Պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, թէ իբրեւ երկու հզօր կայսրութիւններ՝ Ռուսիան ու Թուրքիան՝ հաւասարապէս, միշտ իրենց դրացիներուն համար վտանգաւոր եղած են: Անոնք միշտ կուլ տուած են բոլոր անոնք, որոնք իրենց ճամբուն վրայ կամ իրենց քաղաքական ախորժակներուն արգելք եղած են:

Ցարական եւ Օսմանեան այս երկու կայսրութիւնները հայերուն նկատմամբ միշտ նոյն վերաբերմունքը ցուցաբերած կամ որդեգրած են: Պարզապէս մեզի համար, մէկը՝ բարբարոս ձեւով, իսկ միւսը՝ քաղաքակիրթ եղանակով: Իսկ մենք առաջինին համար ըսած ենք փրկիչ, իսկ երկրորդին համար՝ չարագործ ու վատ: Երբե՛ք չենք յիշեր, որ 1915ի Ցեղասպանութեան օրերուն, նոյն այս «փրկի»չ կոչուած քրիստոնեայ ազգի բանակները, մէկ խօսքով՝ ցարական Ռուսիոյ զօրքը, կը գտնուէր ընդամէնը քանի մը ժամերու հեռաւորութեան վրայ այն վայրերէն, ուր թուրքը կը տեղահանէր ու կը ջարդէր մեր անմեղ ժողովուրդը: Այդ օրերուն ռուս բանակին դիմաց թրքական ճակատ գոյութիւն չունէր: Եթէ այդպէս էր, հապա ինչո՞ւ մեր «փրկի»չը չէր միջամտած ու մեզ փրկած:

Ապա, անկէ ետք, մենք տասնամեակներով շարունակած ենք իրարու հետ վիճիլ ու իրարու թշնամանալ, թէ՝ որո՞ւն պէտք է տանք նախապատուութիւնը: Որո՞ւն բարեկամը պէտք է մնանք: Որո՞ւն պէտք է վստահինք, ու վերջապէս՝ որո՞ւն պէտք է ուղղենք մեր հայեացքը:

Կը կարծեմ, որ այս եւ բոլոր նախկին պարագաներուն, ընտրութեան հարց չենք ունեցած: Ուստի, մեզի կ՛իյնայ պարզապէս փոխել մեր մտածելակերպն ու մօտեցումը: Կը հաւատամ նաեւ, որ առողջ ազգերը նման ընտրութեան առջեւ կանգ չեն առներ, այլ ընդհակառակը, անոնք կը շարունակեն կառուցել իրենց երկիրը: Անիմաստ բանավէճեր չեն ըներ, թէ՝ որո՞ւն հետ պէտք է ըլլան կամ մնան: Ժամանակը եկած է, որ մենք ալ առողջ կեցուածք ունենանք, միաժամանակ՝ յարգելով մենք զմեզ, այլապէս կրնանք վտանգել մեր ապագան: Միւս կողմէ, նաեւ պէտք է հասկնանք, որ ներկայիս մենք եւ համայն Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքը գործ ունինք նոր Թուրքիոյ հետ։ Այս վերջինը նախկին քեմալական Թուրքիան չէ, այլ՝ իր ինքնութիւնը Օսմանեան անցեալին մէջ փնտռող պետութիւն: Ահա թէ ինչո՛ւ այդ շրջանի հորիզոնին վրայ կայ ուրուագիծը Ռուսիա-Թուրքիա-Սուրիա-Իրան ռազմավարական առանցքին, որ մեծ հնարաւորութիւն կու տայ Ռուսիոյ՝ իր ներկայութիւնը հաստատելու ամէն տեղ, նոյնիսկ Ատրպէյճանի մէջ: Այս պարագային, ինչպէս օտար շրջանակներ կը հաստատեն, թուաբանական պարզ հաշիւով՝ հայերս կ՛իյնանք ծուղակը եւ կրնանք իբրեւ փրկագին վճարել Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը:

Բայց… բայց նաեւ չմոռնանք, որ յոռեգոյն պարագային, Արեւմուտքը թոյլ պիտի չտայ, որ Ռուսիան եւ Թուրքիան միասին ղեկավարեն Կովկասը: Այս բոլորը կը յիշենք, որովհետեւ չենք ուզեր մեծ հաւատք ընծայել՝ ո՛չ թուրքին, ոչ ալ ռուսին, որոնք տեղ մը անպայման միասնական շահերու զուգընթաց մը ունին՝ մե՛ր հաշուոյն:
Վերստին թերթատելով մեր պատմութիւնը՝ չենք ուզեր գոհանալ բառերու սուտ խանդավառութեամբ: Կը կարծեմ, թէ մեզի կ՛իյնայ մէկդի նետել նաեւ սուտ գթութիւնները: Ուրեմն, ամէն բան կախուած է մեր ճի՛շդ խաղէն: Պէտք է ըլլալ զգոյշ՝ այս նոր վիճակէն հնարաւոր ու պատուաւոր կերպով դուրս գալու համար, այլապէս ստիպուած կ՛ըլլանք կրկին մեր յոյսը դնելու օտարին վրայ:

Իսկ վերջին՝ որպէսզի ապահով ու հանգիստ ապրինք, Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է արագօրէն վերջ մը ունենայ:

 


comments