Մահճուպեանի «Առաքելութիւնը»

By Asbarez | Wednesday, 29 October 2014

 

 


ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի՝ Էթիէն Մահճուպեանը խորհրդական նշանակելու քայլով, ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ թրքական դիւանագիտութիւնը:
Առաջին հայեացքով, մանաւանդ հայերս, այս նշանակալից քայլին ետին Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ հայկական գործողութիւններուն արդիւնաւէտ հակազդեցութեան ծրագիրի մը հետքը պիտի տեսնենք եւ անշուշտ, իրաւունք ունինք:


Ուրիշ ի՛նչ նկատառումով, կամ Մահճուպեանի ո՛ր յատկանիշներու գնահատումով ալ հիմնաւորուած ըլլայ այս նշանակումը, չենք կրնար հաւատալ, որ Տաւութօղլուի եւ իր ընկերներու հաշուարկներուն մէջ պիտի չներառուի Հայկական Ցեղասպանութեան օրակարգին ուղղութեամբ անոր որոշ դերակատարութիւն վերապահելու խնդիրը։

Թէ Մահճուպեանի անձնական ներդրումը ի՞նչ կրնայ ըլլալ բացի իր հայկական ծագումի հաւանական չարաշահումէն՝ գոնէ այս հանգրուանին դժուար պիտի ըլլայ ենթադրել:

Հայկական Սփիւռքին հետ հարցեր լուծելու, յարաբերութիւններ ստեղծելու եւ գործակիցներ գտնելու ուղղութեամբ, կրնանք հաստատել, որ Մահճուպեան շատ օգուտ պիտի չկարենայ տալ, պարզ այն պատճառով, որ ինք Պոլիսէն դուրս շատ կապեր չունի եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւն մը չի համարուիր: Նոյնիսկ պոլսահայ համայնքներուն մէջ, Մահճուպեան այդքան ալ դերակատար չի կրնար ըլլար, որքան, զոր օրինակ, կրնար ըլլալ Շիրինօղլուի հանգամանքով անձ մը:

Հայկական Հարցին վերաբերեալ նուրբ, Հայաստանի ու մանաւանդ Սփիւռքի գործողութիւնները հաշուի առնող եւ անոնց չէզոքացման նպատակաուղղուած ծրագիրի մը մշակման մէջ եւս Մահճուպեանի ներդրումը շատ մեծ չի կրնար ըլլալ, դարձեալ այն պարզ պատճառով, որ ան այնքան մօտէն չի՛ ճանչնար Սփիւռքը, իսկ Հայաստանի քաղաքական դիրքորոշումները վերծանելու համար, Տաւութօղլու դժուար թէ կարիք ունենար Մահճուպեանին:

Ուրեմն, ի՞նչ յատուկ «առաքելութիւն» վերապահուած է Հրանդ Տինքի մտերիմ, մէկ կողմէ ձախակողմեան հակում ունեցող, բայց պահպանողական դիրքորոշումներէ չխորշող, հրապարակագիր Մահճուպեանին: Ինծի համար խորհրդականներու պաշտօնը կամ անոնց ազդեցութիւնը շատ յստակ չէ եղած: Հայաստանի պարագային, պաշտօն ունեցող բայց արդէն իսկ իրենք զիրենք սպառած մտերիմներու քաղաքական գերեզմանը կը դառնայ վարչապետի կամ նախագահի խորհրդականի դիրքը: Թուրքիոյ մէջ ոչ-թուրքի մը նշանակումը որեւէ բարձր պաշտօնի, լայնախոհութեան ու հանդուրժողութեան վկայական է պարզապէս՝ յաչս աշխարհին: Թերեւս սխալ է այլ, մեր տեսակէտէն՝ դաւադիր նկատառում փնտռելը այս նշանակման մէջ:

 

comments