By Asbarez | Monday, 03 November 2014
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ – 64
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Մահկանացուներուս մէջ մնա՞ց մէկը, որ լիովին կը հասկնայ մեզի հետ կատարածը։ Ապարդիւն ջանք է հասկնալու ամէն մէկ փորձ, ի զուր է կատարուածին մէջ բանականութեան հետքեր փնտռելը, ով ալ որ ըլլայ հեղինակը։ Առաւել՝ ի զուր է դէպքերու կանոնաւոր շարահարութիւն ու տրամաբանական զարգացում յուսալը։ Ամէն ինչ յարափոփոխ է, անբնական ու անբանական, շուարեցնող ու քայքայող։ Սատանայական ձիրքեր ունեցող քանի՜ հարիւր կամ հազար մարդիկ լծուած են աշխատանքի, որ անվերջ նորանոր տարբերակներ յօրինեն, անպայմանօրէն ամերիկեան ստորին երազը հոս իրականացնելու համար։ Ու թուրքը՝ մեծ գազաններու որսէն բաժին փրցնող բորենիի իր էութեան հաշտ՝ այդ երազին գաւազանը դարձած՝ մարդակերութիւնը դարձուցած է ազգային մշակոյթ։ Այս մասին մտածելու պահուն անկարելի է չյիշել Չարենցին մեծ զարմանքը մարդ արարածի անկումին. «Եւ արդեօք ո՞վ է երազել այսքան դաժան…»։
Պատերազմի սկզբնական շրջանին ու տակաւին վերջերս ալ, ամէն մարդ քաղաքականութիւն կը մեկնաբանէր, ու կարծիքները ընդունելի էին, շատ տարբեր չէին իրարմէ։ Հիմա՜… իրենց շուարածութիւնը կը խոստովանին երէկուան մեր ինքնավստահ «մեկնաբանները»։ Առաջ մեր սպասումը յոյսի ծաղիկներ ունէր ու տոկալը աւարտին մօտեցող ճամբայ կ՛ենթադրէր։ Հիմա կը մնայ երգել՝ «Ա՜խ, էս ճամբէն մոլոր կ՛երթայ…»։
Երրորդ ձմեռը կը թեւակոխենք ու չորրորդ գարունը. պաղն ու քամիները առաւել կը սաստկանան, մինչդեռ յոյսի ծաղիկներու բոլոր թերթերը կը թափին, իսկ ազգին ծուէնները կը տարտղնուին քամիէ քշուող ամպերու պէս։
Ու քաղաքը կ՛ամայանայ օրըստօրէ աւելի ու աւելի։
Ու մնացողները, շուար ու անճարակ՝ դեռ կը փորձեն հասկնալ տրուող հակասական մեկնաբանութիւնները, թերահաւատօրէն, բայց՝ ստիպուած։
Ու անորոշութեան մութը կը թանձրանայ մեր շուրջը։
Ու Հալէպը կը նմանի լեռն ի վար գլորող տակառին, ուր կը խառնուի պարունակութիւնը՝ անկարողներու շփոթը, անպաշտպանուածութիւնը, վախը ու զօրեղներու անօրինութիւնը, ամենաթողութիւնը, խարդախութիւնն ու լկտիութիւնը. խաւար, խաւար, խաւար…
Թէկուզ եւ արդէն կիսովին ընդարմացած ու համակերպած, սակայն երբեմն ալ յաճախանք դարձած հարցումներ կը յամառին մնալ գլուխներու մէջ։ Ահա նման զրոյցներու երկու պատկեր կը ներկայացնեմ.
Առաջին ու շատ տարածուած կասկած. արդեօք իրա՞ւ ելեկտրականութիւնը յաճախ կտրելը (կամ երբեմն տալը) վթարի հետեւանքով է։ Ինչպիսի՜ կանոնաւորութեամբ կը գործէ այս վթարը, որ պարբերաբար կը կրկնուէր նախ՝ ամէն ամիս, ապա՝ աւելի ու աւելի յաճախակի։ Նախապէս քսանչորս ժամէն չորս ժամ լոյս կ՛ունենայինք ու ըմբռնումով կը մօտենայինք, գո՜հ էինք։ Այնուհետեւ եղաւ երկու ժամ միայն քսանչորս ժամուան մէջ, որուն, արդէն գիտենք, անխուսափելիօրէն պիտի հետեւի քանի մը օրուան խաւարը։ Շա՜տ ճշդապահ են վթարներն ու մեր թշնամիները, մինչդեռ նոյն յարաբերութեամբ ալ քաղաքիս մէջ կը ծլին ու կը ծաղկին «ամփեր»ները (խեղճ գիտնականը գիտնա՜ր իր անուան նման շահագործումը…), առնելով մեր գրպաններուն վերջին ղուրուշները…
Այլ հարցում մը, որ կը ծագի այլ գլուխներու մէջ.
– Հայերդ ինչո՞ւ կը հեռանաք, մենք կը սիրենք ձեզ… (դիւրին բան չէ՜ սիրուած ըլլալը…)
– Սիրելը հասկցանք, բայց Նոր Գիւղի վիճակն ալ գիտէք…
– Ամէն տեղ է կրակը բոլորիս համար։
– «Ամէն տեղը» մեծ է, մինչ Նոր Գիւղը փոքր տարածութիւն է, որ աւերակ դարձաւ, ու դեռ կը շարունակուին ամէնօրեայ հարուածներն ու աղէտները։
– Բայց աղէտները եւս բոլորիս են։
– Այո՛, միայն թէ բոլորը միլիոններ են, մինչդեռ հայերը կաթիլ մըն են ծովուն մէջ…
– Մի՛, վախնաք, մօտ է Հալէպին ազատագրումը։
– «Մօտը» օրերո՞վ, ամիսներո՞վ, թէ տարիներով պէտք է հաշուել…
***
«Կեցցէ՛ կատուն, որ իր փորի համար մուկ է որսում»։
Միք. Նալպանտեան
– Վա՜յ որ Սուրիոյ մազին դպնաք, ինծի՛ հետ գործ պիտի ունենաք,- կը յոխորտայ մեր դաշնակից եղբայր Իրանը, ու մենք կը յուսադրուինք, մանաւանդ որ կը խօսուի ալ, թէ հզօր պարսից մեծաթիւ զօրք մը Սուրիա պիտի մտնէ… եղեր։
– Սուրիան իմ փոքր եղբայրս է, թոյլ չե՛մ տար անոր մազին դպնաք,- կը յայտարարէ Լաւրովը, ու Մեծն Ռուսիոյ ձեռքով մեր փրկութեան հաւատքը անսասան կը դառնայ, մանաւանդ որ կը տեսնենք անոր մեծ մարդասիրութեան արդիւնքով Հայաստանի հայաթափումը…
– Սուրիոյ գլուխէն մազ մը պակսի, մենք հոս պատրաստ ենք, հա՜,- կը կրկնէ ամէնուն սիրելի Նասրալլահն, ու մենք խանդաղատանքի արցունքներով կը լեցուինք, մանաւանդ որ գեղեցիկ մարդ է ու գեղեցիկ ալ կը խօսի։
Նոյնիսկ հեռաւոր, սակաւախօս ու սակաւամազ մեր չին եղբայրը պատրաստ է գործելու ի սէր մեր գլխու մազերուն պահպանումին։
Բայց կը խորհինք՝ արդեօք անոնց բոլորին ալ ամբողջապէս հերաթա՞փ Սուրիա պէտք է… ինչպէս Ռուսիոյ՝ Հայաստան՝ առանց հայերու…
Ու ակամայ, կրկին մանրապատում մը կը յիշեմ. տէրտէրը աչք դրած է երիտասարդ հարսի մը վրայ, ու պատարագելու միջոցին յաճախ երգեցիկ կը կրկնէ՝ «Այսօր ձեզի՜ պիտի գամ…»։ Այնքան կ՛ըսէ, որ համեստ հարսնուկին համբերութիւնը կը վերջանայ ու օր մը ինք ալ կ՛երգէ. «Կ՛ըսես, կ՛ըսես, չե՜ս ի գար…»։
Ե՜րբ պիտի գաք, մեծ եղբայրնե՛ր։
***
Ծանօթներս կը զրուցեն.
– Սուրիացիները դիմած են միջազգային կազմակերպութեանց (զիս անոնց անունները չեն հետաքրքրեր, քանի որ բոլորն ալ «նոյն սանդի կտաւն են» կամ՝ «նոյն արտի ցորենը»), թէ Սուրիոյ մէջ հակառակորդները անթոյլատրելի զէնքեր կը գործածեն, ու մարդիկ կը սպաննուին արգիլեալ ձեւերով…
– Սպաննուիլը սպաննուիլ չէ՞,- կը հարցնէ մէկը։
– Չէ՛, կան օրինական ու ոչ օրինական ձեւեր,- կը յստակացնէ ուրիշ մը։
Անոնք կը շարունակեն տաքցած խօսիլ, բայց ես այլեւս չեմ լսեր, քանի որ միտքերս կը թռչին այլ ուղղութեամբ։
«Օրինական սպաննութիւն», նոյնիսկ՝ «մարդասիրական» ձեւեր սպաննութեան, այսինքն՝ անմեղ, իր գործով զբաղող, իր տունը նստած, իր արտին մէջ աշխատող, իր մանուկը դիեցնող, իր պուպրիկին հետ խաղցող, իր դասերը սորվող եւ այլ զբաղումներով խաղաղ մարդոց սպաննելու կերպեր… որոնց վարժուեր ենք ու տարօրինակ չե՜նք գտներ։ Կը հասկնա՞ք մարդուն անկումին խորութիւնը։ Ոչ թէ կը փորձէ հասնիլ հանգրուանի մը, ուր այլեւս մերժուի մարդու ձեռքով մարդ սպաննելը, այլ կը յօրինէ կեղծ մարդասիրութիւն ու կը փաթթէ մարդկութեան վիզին։
Արդեօք ի՞նչ կը զգայ «մարդասիրական» օրէնքով ելեկտրական աթոռին գամուած մահը սպասողը։ Անոր հոգեկան տագնապը շա՞տ տարբեր է թունաւոր կազով մեռնողէն։ Թերեւս ալ նոր օրէնք պէտք է հանել ու սպանուողին կարծիքը հարցնել, թէ ո՞ր մէկ «մարդասիրական» կերպը կը նախընտրէ անդի աշխարհ երթալու համար։ Չե՛նք խօսիր մարդասպանոճրագործներու մասին, որոնց հանդէպ եւս, իբրեւ պատժամիջոց, մահապատիժը ընտրելը նոյնպէս բազմիցս քննարկուած ու յաճախ մերժուած է։ Քանի որ իւրաքանչիւր անձնաւորութիւն եզակի է տիեզերքին մէջ, ու կեանքը կը տրուի մէկ անգամ միայն։ Աստուծո՛յ ձգեցէք Իր տուածը առնելու գործը ու դուք, մարդե՛ր, ջանացէք մարդը գազանի վերածող պատճառները նուազագոյնի հասցնել, փոխանակ մարդկութեան մէկ մասը մանկասպան-ոճրագործ ու միւս մասն ալ անոնց զոհերը դարձնելով՝ ձեզի համար շահի աղբիւրներ ստեղծելու։
Բայց երբ մարդը առանց ամչնալու տեսակաւորեր է երկիրներ ու ժողովուրդներ՝ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ այլ կարգերու ու կը գործէ այդ սկզբունքով՝ ուրեմն մշտապէս այժմէական է Թումանեանին խօսքը՝ «…Մարդակեր-գազան մարդը դեռ երկա՜ր էսպէս կը մնայ»։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է