Յարգա՞նք, Թէ Աժանացում

By Asbarez | Monday, 10 November 2014

 

 


ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ամիսներ մնացած է հայկական իրականութեան մէջ. գրեթէ ամէն օր, աշխարհի բոլոր անկիւններէն կը լսենք յայտարարութիւններ տարաբնոյթ ձեռնարկներու մասին՝ բոլորը նուիրուած Աղէտի տարելիցին:


Չենք անդրադառնար այն ձեռնարկներուն, որոնք ո՛չ ոգեկոչական բնոյթ ունին, ո՛չ ալ որեւէ այլ ձեւով կրնան առնչուիլ Եղեռնին, այլ, կարծես, ծխական մարմինի մը տարեկան գլխաւոր հանդիսութիւնն են կամ՝ աւանդական փառատօն մը, որ կը ծանուցուի իբրեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած միջոցառում:

Չենք անդրադառնար նաեւ, որ լեզուական անգիտութեան պատճառով՝ Եղեռնի ոգեկոչական ձեռնարկները կը ներկայացուին իբրեւ տօնակատարութիւն:

Հասկնալի է, որ իւրաքանչիւր հայ մարդ ներքին հզօր պահանջ ունի իր տուրքը տալու Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ այս պահանջը աւելի սուր կերպով կը զգայ հարիւրամեակին առթիւ, ու այս անգամ, տուրք տալով այդ պահանջին՝ իր հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ կը կազմակերպէ ձեռնարկ մը ու զայն կը նուիրէ Եղեռնի զոհերու յիշատակին:

Հարիւրամեակին նուիրուած այս ձեռնարկներու բազմութիւնը կրնայ աժանացնել կամ նսեմացնել Աղէտի տարելիցի իմաստը: Առանց կասկածի ենթարկելու այս ձեռնարկները կազմակերպողներուն ազնիւ ու ազգային մտադրութիւնը, կը մտահոգուինք, որ անոնք ծնունդ են կա՛մ անտեղեակութեան, կա՛մ անվստահութեան. չենք գիտեր պետութիւնը, ազգը, համայնքը ինչպէ՞ս կը պատրաստուին Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ի՞նչ ձեւով պիտի արտայայտուին պահանջատիրութեան ուժգնութեան մասին, ինչպէ՞ս պիտի դրսեւորուի մեր հաւաքական վճռականութիւնը, ուրեմն՝ բախտի չթողելու համար, մենք կը կազմակերպենք մե՛րը:

Հարիւրամեակի մարմիններուն կը մնայ հանրութիւնը տեղեակ պահել իրենց ծրագիրներուն մասին, որքա՛ն շուտ՝ այնքա՛ն լաւ:

 

comments