Վիպասան Րաֆֆիի հարազատը կը պատմէ անտիպ դրուագ մը արծաթեայ դրամներու պահուած Կարասին մասին

By Asbarez | Monday, 01 December 2014

 

 


Ատրպատականի Հայոց թեմին մէջ մեծ վիպասան Րաֆֆիի միակ կենդանի հարազատը տոքթ. Արա Տէր Ստեփանեանն է: Արդէն տարեց, սակայն ան շատ վառ յիշողութեամբ պատմեց իր լսած բոլոր տեղեկութիւնները, Հայ ազատագրական պայքարը վիպերգութեամբ անմահացուցած անզուգական վիպասանին մասին, հանդիպում ունենալով Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին հետ 19 Նոյեմբեր 2014ին, Թաւրիզի մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ հանդիպման մանրամասնութիւնները, սրբազան հօր գրիչով.


«Նախօրօք իմանալով իր կնոջմէն, թէ Թաւրիզ բնակող տոքթ. Արա Տէր Ստեփանեանը տրամադիր է իր ընտանեկան հարազատին՝ հայ գրականութեան մեծանուն վիպասան Րաֆֆիի մասին արտայայտուիլ, շուտով ուղղուեցայ իրենց տունը: Մեծ սիրով հիւրընկալուելով, առաջին իսկ վայրկեանէն մտերմիկ միջավայրի մէջ զգացի:
Տոքթ. Արան կ՛աճապարէր շուտով իր իմացածները պատմել: Արդեօք կը վախնա՞ր մէկ վայրկեան ետք մոռնալէ… Չեմ գիտեր: Սակայն անոր ազնուական կինը՝ դարձեալ բժշկուհի եւ կանացի հիւանդութիւններու մասնագէտ՝ տոքթ. Քրիստինէն, միշտ պատրաստ էր յուշելու իր ամուսնոյն մոռցած մանրամասնութիւնները, որոնք անպայման պէտք է վերագրել յառաջացեալ տարիքին:

 


Դեռ այս տարուան Մայիս 10ին, հիւրեր ունենալով, տարած էի հայոց պատմական գաւառը՝ Սալմաստ, հասցնելով զանոնք մինչեւ Փայաջուկ, ցոյց տալու համար Րաֆֆիի բնակարանին աւերակները: Այս առիթով էր, երբ այնտեղ հաւաքուած քարի դէզերուն եւ հողերու տակէն յայտնաբերեցի կուժի ականջ մը՝ բռնիչ, ու մասունքի նման փաթթելով հետս բերի առաջնորդարան՝ Թաւրիզ:

 

ԱՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ԿԱՊԸ

Մասնագիտութեամբ անասնաբոյժ տոքթ. Արա Տէր Ստեփանեանը առիթով մը ըսած էր ինծի, թէ ինք Րաֆֆիի հարազատն է: Մօրենական մեծ հայրը՝ Սողոմոնը, Րաֆֆիի եղբօր զաւակն է, որ ամուսնացած էր Վիքթորիայի հետ: Այս ամուսնութենէն ծնած էր Քնարիկ Մելիք-Յակոբեանը, տոքթ. Արային մայրը: Մեծ մայրը՝ Վիքթորիան, յաճախ պատմած է իր ամուսինի հարազատներուն՝ Րաֆֆիի ընտանիքին մասին, եւ անոր պատմածները սերունդէ սերունդ պատմուելով հարազատներու մէջ, իբրեւ անգիր բանահիւսութիւն ահա հասեր են մինչեւ մեր օրերը:
Տէր Ստեփանեան ամոլը պատմեց շատ դրուագներ, որոնք գրեթէ արձանագրուած են Րաֆֆիի վէպերուն եւ անոր կենսագրական տուեալները ներկայացնող տողերու մէջ: Սակայն դրուագ մը, որուն ո՛չ մեկ տեղ չէինք հանդիպած, արծաթեայ դրամներու կարասի մը իրական պատմութիւնն էր, վիպական ամէն գունաւորումէ հեռու, զոր տոքթ. Արային մեծ մայրը պատմած էր:

ԱՐԾԱԹԵԱՅ ԴՐԱՄՆԵՐՈՒ ԿԱՐԱՍԸ

Փայաջուկի մէջ, Րաֆֆիի պապենական տան մէջ ապրած ատեն, կ՛ըսէ տոքթ. Արան իր մեծ մօրմէն լսած դէպքը պատմելով,- երբ կը լսեն թրքական ներխուժման մասին (1914թ.) եւ վախնալով քիւրտերու հաւանական վայրագութենէն, իրենց տան մէջ գտնուող արծաթեայ թանկարժէք դրամները, որոնցմէ շատերը Րաֆֆին հոն թողած էր նախքան իր Թիֆլիս մեկնիլը, մեծ կուժի մը մէջ կը լեցնեն եւ կը թաղէն հողին տակ, տան երկրորդ յարկը բարձրացնող աստիճաններուն ներքեւ: Յարձակումներու վտանգը անցնելէ ետք, երբ տուն կը վերադառնան, կը տեսնեն, թէ քիւրտ ու թուրք զաւթիչները տունը կողոպտելէ բացի, գտած էին կուժին թաքստոցը աստիճաններուն տակ եւ կոտրելով դուրս բերած զայն, եւ ապա դատարկած ու իրենց հետ տարած անոր թանկարժէք բովանդակութիւնը…
Մինչ տոքթ. Արան կը պատմէր կուժին մասին, ես գրպանէս դուրս բերի կուժի այն ականջը, որ 6 ամիսներ առաջ գտած էի Րաֆֆիի տան աւերակներուն մէջէն, եւ որ հրաշալի զուգորդումով մը կ՛առնչուէր անոր ներկայացուցած իրական դրուագին… Իսկ կուժին բռնիչը, բացայայտօրէն ցոյց կու տար աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ թրծուած ըլլալը, հնութեան մէկ պատառիկի ձեւին տակ:

 


Ի դէպ, նախքան 1930ի Սալմաստի աղետաբեր երկրաշարժը լուսանկարուած Րաֆֆիի տան պատկերին մէջ յստակ կ՛երեւին այդ աստիճանները, որոնց մասին կը պատմէր տոքթ. Արան: Պէտք էր տեսնել տոքթ. Արայի դէմքին ուրուագծուած մանկական ուրախութիւնը, ի տես կուժի այն ականջին, զոր սրբազան մասունքի նման պահած էի Ազգային առաջնորդարանի գրասենեակիս մէջ, Րաֆֆիի կիսանդրիին ճիշդ քովը:
Տոքթ. Արան լոյս ընծայած է «Խամսայի Մելիքութիւնները» վէպի՝ իր կողմէ կատարուած պարսկերէն թարգմանութիւնը, տպուած Թեհրան 2006ին, որ տաս տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, իր յառաջացած տարիքին, երկրի օտար հասարակութեան մատուցած է իբրեւ իր հարազատին՝ Րաֆֆիի հանդէպ «հոգու պարտք»:

 

ԼՈԹԻՆ ԹԱՒՐԻԶԻ ՄԷՋ Կ՛ՈՒԶԷ ՍՊԱՆՆԵԼ ՐԱՖՖԻՆ

Երկրորդ բանաւոր յուշը, որ ընտանեկան շրջանակի մէջ յաճախ պատմուած էր ու հասած մինչեւ Տէր Ստեփանեաններուն սերունդը, Թաւրիզի մէջ պատահած դէպքի մը մասին էր, երբ Րաֆֆին Թաւրիզի «Արամեան» դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն ընելու նպատակով տեղափոխուած էր այս քաղաքը:
– Անոր Թաւրիզի բնակարանը ունեցած է մէկ սենեակնոց վերնայարկ, ինչպէս մեծ մայրս կը պատմէր,- կ՛ըսէ տոքթ. Արան,- ուր նստած Րաֆֆին անընդհատ կը գրէր ու մտաւորական աշխատանք կը կատարէր: Իրեն նախանձողները լոթի մը (Թաւրիզի բարբառ՝ անծանօթ դաշունահար) վարձելով կը վճարեն անոր, որպէսզի երթայ եւ Րաֆֆին սպաննէ: Լոթին գաղտագողի կը բարձրանայ տանիքի սենեակը եւ զգուշութեամբ կը նայի պատուհանէն, յարմար պահը գտնելու համար: Սակայն կը տեսնէ, որ ան գլուխը հակած գրասեղանին, անընդհատ կը գրէ: Ետեւէն գալով ձեռքը կը դնէ Րաֆֆիի ուսին: Րաֆֆին կը ցնցուի եւ կը հարցնէ անոր ո՞վ ըլալը: Մարդը կը բացայայտէ, թէ զինք սպաննելու համար վարձուած է, սակայն տեսնելով որ խելացի ու բարի մարդ կ՛երեւի եւ որեւէ վտանգ չի սպառնար, կը մտածէ հրաժարիլ ու չգործադրել իրեն պատուիրուած սպաննութեան գործը: Րաֆֆին կը յարգէ զայն ու ճամբու կը դնէ…

ՐԱՖՖԻԻ ՏԱՆ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐԸ ՓԱՅԱՋՈՒԿԻ ՄԷՋ

Տոքթ. Արայի տիկինը՝ Քրիստինէն, տեսնելով հետաքրքրութիւնս մեծ վիպասանէն մնացած յիշատակներու հանդէպ, իրենց տան մէջ երկար տարիներ պահուած Րաֆֆիի մէկ դիմանկարը նուիրեց ինծի, որ ոսկիէ թելերով նուրբ բանուածքի թանկարժէք արուեստի գործ մըն էր:
Շուրջ 40 տարիներ առաջ, Ատրապատականի Հայոց մեր թեմի Ազգային իշխանութիւնը աղիւսներով ցանկապատած է Րաֆֆիի տան եւ կողքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ աւերակները, երկուքն ալ 1930 թուականի Սալմաստի երկրաշարժէն աւերուած: Այսօր Րաֆ-ֆիի տան քարերը իրարու վրայ դիզուած կը մնան այդ ցանկապատուած շրջափակին մէջ, սպասելով բախտաւոր օրուան մը, երբ դարձեալ հին տան տեսքով վերակառուցուին, իբրեւ յաւերժական յիշատակը փայաջուկցի մեծ հայուն:
Սոյն շրջափակէն քիչ մը անդին, փողոցի գլուխէն կ՛երեւի Փայաջուկի հայոց գերեզմանատունը, ուր թաղուած են վիպասանին ընտանեկան բոլոր պարագաները:
Իսկ Փայաջուկի նոյն փողոցին մէջ, իրենց հայրենի տան մէջ մինչեւ այսօր կ՛ապրին տէր եւ տիկին Արարատ եւ Յասմիկ Գալուստեանները, իբրեւ վերջին հայ փայաջուկցիները…

ՎԵՐՋԱԲԱՆ. ԵՍ ԿԸ ՍԻՐԵՄ ՐԱՖՖԻՆ

Ատրպատականի առաջնորդ ընտրուելէս ետք, ազգային մը ինծի «ծանօթացնելու համար» սալմաստեցիները, անոնց բացակայութեան ըսաւ, թէ անոնք բոլորը «Րաֆֆիի հետեւորդներ են», իսկ Րաֆֆին հոգեւորականներուն բնա՛ւ չէ սիրած, եւ թէ իր գրականութեան մէջ տեղ մը զանոնք կոչած է «մատաղ փախցնող սեւ ագռաւներ»: Ես չեմ կարծեր, թէ այսօր կարելի է գտնել ազգայնաշունչ հոգեւորական մը, որ Րաֆֆին չսիրէ, եթէ նոյնիսկ ճշմարտութիւն էր այդ ազգային գործիչին վկայութիւնը սալմաստցիներուն մասին: Իսկ ես, անձնապէս, պաշտամունքի հասնելու աստիճան սէր ունիմ մեր թեմի այս արժանաւոր զաւակին հանդէպ, որուն վէպերը պատանեկան վաղ տարիքիս ընթերցած եմ Դպրեվանքի գրասեղաններուն նստած…
Տէր Ստեփանեան ամոլին հրաժեշտ տալու պահուն ես ինծի կը մտածէի, թէ արդեօք կարելի կ՛ըլլա՞յ օր մը Րաֆֆիի պապենական տունը վերականգնել Փայաջուկի մէջ, աշխարհի բոլոր Րաֆֆի անունը կրողներուն կոչ ուղղելով, որպէսզի չնչին նուիրաբերումով մասնակից դառնան այս նպատակի իրականացման: Թէ արդեօք Րաֆֆիները կ՛ընդառաջէի՞ն նման կոչի մը…


comments