Վարձքդ Կատա՛ր, Ընկեր Բենօ

By Asbarez | Tuesday, 16 December 2014

 

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Անկախութեան առաջին տարիներն էին… Բուռն, մոլեգին ժամանակաշրջան: Արցախեան ազատամարտ, անկախ Հայաստանի նոր իրականութիւն, պետականութեան կերտում, երիտասարդ, յեղափոխական, սակայն դեռեւս պոլշեւիկեան մտածելակերպն ու գործելակերպը ամբողջովին չթօթափած քաղաքական գործիչներ, անկախութեան պայմաններուն մէջ իր դերն ու առաքելութիւնը ճշգրտելու մարտահրաւէրը դիմագրաւող, Սփիւռքի մէջ գործելու պարտադրանքէն վերջապէս ազատագրուած եւ Հայաստան վերադարձած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ նաեւ ղեկավար սերունդի նոր հերթափոխով պիտի շարունակէր իր ճամբան. այս պայմաններուն մէջ, Բենօ Թոնդեան դարձաւ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի անդամ:

Ներքին թէ արտաքին ահաւոր ճնշումներով սերմանուած պառակտումի պայմաններուն տակ, անհրաժեշտ էր նոր անկախացած, ազատագրական պայքար մղող, տնտեսական ահաւոր պայմաններ դիմագրաւող մեր հայրենիքին մէջ պահպանել ներքին կայունութիւնը՝ ճակատի վրայ եւ արցախեան խրամատներուն մէջ, ինչպէս նաեւ կենսագործել արտաքին աշխարհի քաղաքական բեմերուն վրայ միացեալ ուժերով պայքարելու գիտակցութիւնը բոլոր սակարկութիւններէն վեր դասելու դաշնակցական արժէքային համակարգէն բխած սկզբունքը: Բենօն ժամանակի շունչը ճիշդ գնահատեց, ու իր կարեւոր ներդրումով ոչ միայն աւելի մեծ ցնցումներ խնայուեցաւ մեր ժողովուրդին, այլեւ այդ ցնցումները դիմագրաւելու ազգային դիմադրականութիւնը հզօրացաւ:

Բենոյին հետ ճամբայ կտրած Կարօ Արմէնեանը եւս կը վկայէ, որ «ան իր պատասխանատուութիւնները ստանձնեց մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ շատ ճակատագրական պահուն, երբ պէտք էր ծայրէն սկսիլ եւ հեռատեսութեամբ ձեւաւորել եզրերը մեր նոր առաքելութեան: Ընկ. Բենօն վերցուց այդ մարտահրաւէրը անվարան: Յարգա՜նք իր յիշատակին»:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի ընկեր:

 


comments

Advertisement