By Asbarez | Friday, 19 December 2014
Երկրի տնտեսութիւնը պատանդ վերցուցած առանձնաշնորհեալներու ամէնօրեայ թալանը կարծես չէր բաւեր… դրամի արժեզրկումը նոր պատուհաս մը եղաւ հայրենի ժողովուրդի գլխուն, որ ինչպէս միւս չարիքներուն պարագային, այս մէկուն հանդէպ եւս իր ընդվզումն ու ցասումը իրեն մէջ պահել նախընտրեց:
Նոր Տարուան սեմին միայն դրամի արժէքի հսկայական տատանումները չեն, որոնք պէտք է զայրացնեն ժողովուրդը ու զայն հանեն փողոց. ի վերջոյ, մարդիկ կրնան պատահածը վերագրել միջազգային իրադարձութիւններու, յատկապէս՝ Ռուսիոյ դէմ ձեռնարկուած պատժամիջոցներուն: Հարցը, դրամի արժեզրկման սանձումէն ետք՝ շուկայի տէրերուն կողմէ ապրանքներու գիները համապատասխանօրէն կարգաւորելու չկամութիւնն է, առիթը մինչեւ վերջ չարաշահելու մոլուցքը:
Նոր Տարի է եւ հայ մարդը, հայաստանցին, իր օճախի սեղանը ճոխ դարձնելու համար, ո՛վ գիտէ ի՛նչ տեսակ զոհողութիւններ կատարած է, իր խնայած վերջին լումաները լոյս աշխարհ հանած ու հեռաւոր բարեկամներէ ստացած նուէր-փոխանցումները (բաւական պակսած՝ ռուբլիի արժեզրկման պատճառով) երախտագիտութեամբ գործի լծած է: Այս բոլորով հանդերձ, օրէ օր իր գնողունակութիւնը կորսնցուցած քաղաքացին պարտաւորուած է զեղչելու ամանորեայ գնումները եւ համակերպելու քիչով բաւականանալու գաղափարին:
Կը պատկերացնէ՞ք ուրիշ երկիրներու մէջ այսպիսի տագնապներ ինչպէ՛ս կը դիմագրաւուէին: Մեր մօտ ուրի՛շ է, մեր մօտ մարդիկ ատամները կը կրճտեն, կը զսպեն իրենց զայրոյթը եւ… կ՛որոշեն յաւելեալ տենդով երկրէն փախչելու ճանապարհներ փնտռել:
Հապա ի՛նչ նպատակ կը հետապնդէին վարչապետի այցելութիւնները Երեւանի մեծ խանութներ եւ անտրամաբանական թանկացումներ թոյլ չտալու անոր սպառնալիքները: Կ՛երեւի պարզապէս իր ամանորեայ գնումներու ցուցակը կ՛ուզէր թարմացնել:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է