By Asbarez | Monday, 22 December 2014
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանը առանց հայերու տարածքի մը վերածելու, զայն իր բնիկ ժողովուրդէն պարպելու միջազգային դաւադրութիւններու մասին յաճախ արտայայտուած են հայ քաղաքական վերլուծաբաններ:
Ինչո՞ւ աշխարհի բոլոր երկիրներէն Հայաստանին վերապահուած է իր բնակչութեան խաղաղ կեանքը ցնցող աջէն ու ձախէն հարուածներ ընդունելու ճակատագիրը՝ զոհ դառնալով մերթ ցեղասպանական գործողութիւններու, մերթ շլացնող հրապոյրներու, մերթ տեղածին անարդարութիւններու: Աշխարհագրական դիրք, թէ դէպի Արեւելք կամ Արեւմուտք ծաւալապաշտական ձգտումներ, թէ համաթուրանական գաղափարախօսութիւն կամ քաղաքական այլ մութ ու յանցագործ ծրագիրներ, բոլորը ձեռք ձեռքի տուած՝ մեր երկիրը իր աւիւնէն քամելու մեծ դաւադրութեան մեղսակիցներ են:
Այս մեղսակցութիւնը այս օրերուն նոր երանգով մը կը հարստանայ, երբ թէ՛ Ռուսիան եւ թէ Միացեալ Նահանգները փող ու թմբուկով կը յայտարարեն Հայաստանի քաղաքացիները ընդունելու կարգի դիւրացման, կամ օրինական այցելութեանց ընթացքին կեցութեան արտօնագիրներու երկարացման մասին:
Ռուսիան այսուհետեւ աւելի մեծ թափով պիտի ներգրաւէ Հայաստանի երիտասարդ ուժն ու տաղանդը, եւ տրուած դիւրութիւններու լոյսին տակ՝ «խոպանճի»ութիւնը աւելի սահուն կերպով դէպի մշտական բնակութիւն պիտի վերափոխուի:
Նոյնը Ամերիկայի պարագային: Անցեալին զբօսաշրջիկի արտօնագիրով Ամերիկա եկող հայրենակիցներէն շատերը, ամէն գնով, յաճախ նաեւ կեցութեան օրէնքները խախտելով՝ ի վերջոյ այստեղ մնալու ձեւ մը կը գտնէին: Հիմա, այդ ձեւը նոյնիսկ օրինականօրէն գտնելու տասը տարուան ժամանակ կը տրուի անոնց:
Ազատ շարժելու, նախընտրած միջավայրին մէջ բնակելու իրաւունքը համամարդկային անքննելի սկզբունք մըն է, որուն պատճառած վնասներուն դէմ (Հայաստանի պարպումին դէմ) ամէնէն ազդեցիկ պայքարը՝ հայրենասիրութեան քարոզին զուգահեռ՝ հայրենիքի մէջ կեանքը բարելաւելու ճամբով կրնայ ըլլալ միայն:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է