Դաշնակցութեան Ժողովն է Նորէն

By Asbarez | Friday, 09 January 2015

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

 

 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23ի <<Օրը Օրին>> սիւնակը՝ <<Հայրենալքման Նոր Խրախոյսներ>>, մտահոգիչ էր քաղաքական իր տրամաբանութեան մէջ: Բարեբախտաբար, Հայաստանը առանց հայերու տարածքի մը վերածելու միջազգային դաւադրութիւններ գոյութիւն չունին: Ո՛չ Ամերիկան եւ ոչ ալ Ռուսիան տրամադիր են Հայաստանը պարպելու: Քաղաքական մտածողութեան մեր ներքին բարդոյթին արդիւնքն է այդ արտայայտութիւնը:

Հիմնականին մէջ, հայրենալքման պատճառները ներքին են: Հոս նշեմ միայն երկու կարեւորները.- ա) Հայաստանի բաղնիքները եւ բ) Հայուն նուէր գնելու կարողութիւնը:

Մեր երկրի շլացնող քաշողականութիւնը պիտի գայ մեր ներքին քաղաքականութենէն, որ հայրենի ժողովուրդին բնական ու հանգիստ կենցաղը կը բնորոշէ իր բազմազան առիթներով, արտայայտութիւններով ու առօրեայ իրադարձութիւններով: Խաբէութիւն չկայ հոն, այլ կայ քաղաքական կեանքը իր ճիշդ պարունակին մէջ, իր բնական կեանքով եւ զարգացման ընթացքով:

Ինչո՞ւ հայը կ՛օտարանայ իր հայրենիքէն: Հարցումը, անշուշտ, նախապաշարուած է ոչ միայն ներկայէն, այլ նաեւ պատմութենէն եկած օրինակներով: Տակաւին ցեղասպանութենէն առաջ, 1911ին, Սիմոն Վրացեանի խօսքերով դիպուկ է այն պատկերը, որ՝ <<Քղին դատարկւում էր: Երիտասարդութիւնը գլուխը առած՝ Ամերիկա էր պանդխտում: Ամերիկայից եկած դոլարներն ու լուսանկարները շլացրել էին ամէնքին: Մանաւանդ Քղիում էլ աշխատանք եւ ապրուստի միջոց դժուարութեամբ էր ճարւում: Հողը քիչ էր, առեւտուրը՝ թոյլ>>։

Յեղաշրջումը երկրէն ներս պէտք է փնտռել որպէսզի երկիրը կարենայ շլացնել բոլորը: Սկսելու համար՝ <<հայրենիքի մէջ կեանքը բարելաւելու>> առաջին եւ հիմնական քայլը հայրենիքի թէ՛ բնակարաններու եւ թէ հանրային բաղնիքներու նորոգումն է: Ապա, վստահ ըլլալ, որ հայ անհատը կարողութիւնը ունի նուէր գնելու իր հարազատներուն: Այլապէս, քաղաքականութիւնը իմաստ չունի Հայաստանի մէջ:

Բարեբախտաբար, Դաշնակցութեան Ժողովն է նորէն: Թմրած քաղաքական մեր մարտունակութիւնը արթնցնելու նոր առիթ մը: Նոր ուժով, նոր դէմքերով եւ նոր ռազմավարութեամբ հայրենակերտում մը:

Ինչպէս Կարօ Սասունին ըսած է. <<բնութիւնը իր ծոցին մէջ կը սնուցանէ եւ կը կերտէ մարդը եւ ժողովուրդները>>, նոյն տրամաբանութեամբ՝ քաղաքական զարգացման մեր ներքին ռազմավարութեան մէջ կը կերտուի հայրենիքը: Ահա ռազմավարական առաջնահերթ օրակարգը:

Իսկ մարտավարութիւնը ենթակառոյցին մէջն է, պէտքարաններէն սկսեալ:

 

comments