Նշմար - «Քարը պատին մի նետեր, ետ կը դառնայ՝ գլուխդ կը ծակէ»

By Նշան Պասմաճեան - armenia.com.au | Monday, 19 January 2015





«Քարը պատին մի նետեր, ետ կը դառնայ՝ գլուխդ կը ծակէ»

Հայկական խորիմաստ առած:

Ժողովրդավար համակարգի մէջ ապրող, իրենց սկզբունքներուն տէր (պայման չէ որ զիրենք սիրենք, յարգենք կամ իրենց համաձայն ըլլանք եւ իրենց ըրածը ընդունինք) լրագրողներ, խմբագիրներ  նահատակուեցան Փարիզի մէջ Յունուարի 7ին: Ոճրագործները  միջազգային արժէքներէն ցարդ Հիւմուրը չէին հարուածած,զա՛յն ալ հարուածուեցին: Եւ ինչպէ՜ս ծանր...

Մարդ ինքն իրեն հարց կուտայ, «ինչո՞ւ», ինչպէ՞ս, ո՞վ» եւ իր գիտցած քիչով ինքն իրեն բացատրութիւն կուտայ, կը մեղադրէ  սա, նա, կը քննադատէ կ'արդարացնէ ...կամ չարդարացներ... եւ վերջապէս...կը մոռնայ:  21րդ դարու մարդուն հարցերն ու մտահոգութիւնները շատ են , լուրերու առատութիւնն ու արագութիւնն ալ այնքան կլանող, որ արդի մարդը շուտ կը մոռնայ՝ քիչ մը ամէն ինչ:Սակայն, դէպքեր եւ իրադարձութիւններ կան զորս պէտք չէ մոռնալ,  եւ պէտք է վերլուծել ու մանաւանդ՝ սորվիլ անոնցմէ: Այդ դաս քաղելիք դէպքերէն են Փարիզի սպաննութիւնները:

17 անձեր սպաննուեցան Փարիզի մէջ երկու օրերու ընթացքին: Մեղաւոր եւ անմեղ, ոճրագործ եւ նահատակ:  Բայց ինչպէ՞ս ծնան այս ոճրագործները : Ո՞ւր է թաղուած շան գլուխը: Այս մարդիկը ոճրագործի արգանդէ՞ դուրս էին եկած թէ զիրենք սարքեցի՛ն ոճրագործ:Իսկ այդ  նահատակները, արդեօ՞ք  նահատակուելու համար եկած էին աշխարհ: Ճակատագի՞ր: Ո՛չ : Զիրենք նահատակ դարձնողը իրենց, չգիտեմ խղճամիտ թէ  անխիղճ, պետական ղեկավարութիւնն է: Բացատրեմ միտքս:

Լօրան Ֆապիուս, կաթոլիկ դարձած հրեայ ծնողներու զաւակ, 2012ին փոխարինեց Ալէն Ժիւփփէն, որ  հրեայ է ծագումով եւ որ կը ծառայէր Նիքոլա Սարքոզիի նախագահութեան շրջանին  որպէս Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար : Աշխարհին անծանօթ չէ   Սարքոզիին հրեայ ծագում ունենալը: Ֆրանսայի այժմու  նախագահը՝ Ֆրանսուա Հօլանտ հրեայ է եւ հայրն է հրեայ  Սէկոլէն Րուայալի 4 զաւակներուն : Րուայալ,  Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութեան կառկառուն դէմքերէն է եւ նախարարի պաշտօն կը վարէ Ֆրանսական այժմու կառավարութեան մէջ:

Ազգի մը այսքան կազմակերպուածութեան գլխարկ չե՞ս հաներ: Կրնա՞յ ըլլալ որ հրէական այս ժառանգութիւնը պատահականութեան արդիւնք է: Միամիտ պէտք է ըլլալ դրական պատասխան տալու : Ըստ իս ուսանելի տուեալ է :

Գալով ֆապիուսի,  կարդացէք իր ցեխարձակումները թերթերու մէջ եւ դիտեցէք իր հարցազրոյցները միջազգային հեռատեսիլի կայաններէն  ուր ան կը դատապարտէ 2013ին Հոմս քաղաքի կարգ մը թաղամասերու ազատագրման համար Սուրիական բանակի կատարած միջամտութիւնները: Առանց լեզուին սանձ դնելու կը մեղադրէր պետութիւն մը, որ կ'ազատագրէր ԻՐ ԵՐԿԻՐԸ, ԻՐ ՔԱՂԱՔԸ այն գազաններէն, որոնք քիչ ժամանակ ետք քանդեցին Հալէպը, Քեսապը , Տէր Զօրը եւ հոն՝ ուր կարողացան: Նոյն Ֆապիուսը , հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ, ամենայն լրջութեամբ , Պան Քի Մունը կ'որակէ որպէս «շատ առարկայական մարդ» : Եկուր ալ 7 տարեկան երեխան հաւատալ տուր այդ խաղալիք դարձած դիւանագէտին «առարկայական» մարդ ըլլալուն: Փարիզի դէպքերէն «շոք»ի տակ եղող նախագահ Հօլանտն ու իր արտաքին նախարարը, իրենց դաշնակիցներուն հետ միլիարներ պիւտճէ քուէարկեցին միջին արեւելեան երկիրները ֆիզիքապէս տարանջատելու համար: Եւ յաջողեցա՛ն: Այդ տարանջատման ամենէն մեծ վնաս կրողներէն մին եղանք անշուշտ մե՛նք, հայերս:

Բայց որո՞ւ միջոցաւ ըրին այս ոճիրը, որո՞ւ միջոցաւ 200000 սուրիացիներ իրենց կեանքը վրայ տուին, որո՞ւ միջոցաւ 4 միլիոն սուրիացի գաղթական՝ 4 միլիոն հարցի վերածուեցան   աշխարհի գլխուն: Այս նոյն Ֆապիուսները եւ իրենց գործակիցները չե՞ն որոնք իրենց ափերը դրած  Էրտողաններու եւ Տաուտօղլուներու ափերուն մէջ ստեղծեցին ԻՍԻԼներ, Ճապհաթ Նուսրաներ եւ զանոնք նախորդող ահաբեկչական կազմակերպութիւններ: Ճորճ Պուշերէն մինչեւ Ֆապիուսները իրենց ձեռքերը արիւնի մէջ թաթխեցին , աւա՜ղ: Եւ պատին զարնուած քարը ետ եկաւ, եւ, ափսո՜ս, ծակեց Ֆապիուսի անմեղ, արուեստագէտ, մեծատաղանդ քաղաքացիին գլուխները, անորոշութիւն սփռելով պարզ ֆրանսացի քաղաքացիներուն մտքերուն մէջ, եւ մտահոգութիւն՝ խորհող ու մտաւորական մարդուն համար: 3.5 միլիոն ցուցարարներու բողոքը կարելի չէ համարել կարեկցական ցոյց նահատակներուն  եւ բողոք՝ ահաբեկչութեան դէմ , այլ նաեւ բողոք արեւմտեան պետութեանց միջազգային ահաբեկչութիւնը քաջալերելու դէմ : Զոհ գացին թռիչք ունեցող մարդիկ արիւնարբու ծրագիրներ մշակող ղեկավարութեան մը պատճառաւ:  Աստուած մի արասցէ , որ  խուճապ ծագի Քրիստոնեայ  Արեւմուտք կոչուած խաբեբաներու հրաշալիքներու աշխարհին մէջ: Կրնանք այն ատեն երեւակայել աշխարհի վիճակը... Եւ խուճապը պիտի ծագի անկասկած այնքան ատեն, որ Արեւմուտքի ղեկավարութիւնը , արեւմուտքի մետիան եւ դրամը ձեռքերուն մէջ են  ամենամեծ հակաքրիստոնեայ էթնիք հաւաքականութեան :

Տարանաջատումը, ազգային կամ հոգեւոր միասնականութեան խախտումը, առիթ կուտան որ հակակշիռը  դուրս գայ երկրի մը, կազմակերպութեան մը ղեկավարութեան ձեռքերէն : Իրաքը, Լիպիան, շատ մը հայ թէ ոչ հայ կուսակցութիւններ , կրօնքներ, ցայտուն օրինակներ են : Հայոց պատմութեան մէջ ալ քիչ չեն տարանջատման  ու պառակտումներու   օրինակները: Ուստի, Փարիզի դէպքը եւ մանաւանդ անոր խոր արմատները մեզի պէտք է դաս քաղել տան : 2015 այս ոչ սովորական տարին, չխաբուի՛նք «ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹ» խաբեբայ աշխարհէն: Միամտութիւնը անվայել է մեզի պէս պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող ազգի մը համար: 1915ին հրեայ ծագում ունեցող թուրք ղեկավարութիւնը մեզ խաղի բերաւ մեր բնաջնջումը իրականացնել փորձելով : Չյաջողեցան: Մեզ որպէս քար պատին զարկին , ետ եկանք եւ հիմա մեր պահանջատիրութեամբ սկսած ենք սպառնալ քար նետողին գլուխը ծակել : Սակայն սուր պայքար կայ մեր դէմ բոլոր ճակատներու վրայ: Հայաստանը վարկաբեկելու համար սիոնականութեան կողմէ     հակակշռուած եւ ֆինանսաւորուած Արեւմտեան Մէտիան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ , որովհետեւ Հայաստանը խոչընդոտ է Արեւմտեան եւ Թրքական ախորժակներու յագեցման : Միեւնոյն ատեն Հայաստանը մեծ դաշնակից է Ռուսական Դաշնութեան :

Աշխարհը հիմա գիտէ թէ պատին զարնուած քար ենք եւ կրնանք գլուխներ ծակել, ուստի քարը  հալեցնելու համար այլ միջոցներ ալ կը գործածուին , օրինակ՝ «գնա մեռիր եկուր սիրեմ» թէքնիքը: Կը սպաննեն Հրանդ Տինքը ապա 100000ով փողոց կ'իջնեն «մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք» , «մենք բոլորս Հայ ենք»  լոզունգներով: Եւ մենք կը հաւատանք այս թատրոններուն : Հալէպը կը կործանեն յետոյ Շուէտի ճամբան բաց կը պահեն սուրիացիներուն , մեր պարագային՝սուրիահայերուն առջեւ: Չմրափե՛նք:

100ամեակ է : 100 տարիով մեր քաղաքական միտքը պէտք էր հասունցած ըլլար: Դժբախտաբար այդպէս չէ : Սակայն 2015ին այդ տարբերութիւնը եկէք ազգովին լրացնենք : Իսկ ատոր համար ուխտել է պէտք, ուխտել՝ ԳՕՏԵՊՆԴՈՒԻԼ ԻՐԱՐՈՒ :

Վերը կատարուած վերլուծումները կրնան ընդունելի ըլլալ կամ չըլլալ: Բայց մէկ բան յստակ թող ըլլայ բոլորիս, որ այլեւս արտօնուած չենք ուրիշին ձեռքը «պատին նետուելիք քար ըլլալ»: 2015ին պիտի դադրինք զիրար բամբասելէ, բամբասանքը չի գօտեպնտեր մեզ, պիտի դադրինք ախտաճանաչումներ ընելէն եւ մեր գիտցածը իրարու պատմելէն , 2015ը կազմակերպուելու տարի հռչակենք, ըլլանք մեր եկեղեցիներուն շուրջ, մեր կուսակցութիւններուն շուրջ, մեր դեսպանատուներուն շուրջ  : Եթէ չենք հաւնիր մեր  ղեկավարները , պահանջե՛նք իրենցմէ բայց ցոյց տանք  մեր դրական տրամադրութիւնները աշխատելու իրենց կողքին : Երիտասարդներուն վստահութի՞ւն ունինք կ'ըսենք... օն ուրեմն երիտասարդութեան գործ տանք, ղեկավարութիւն առաջարկենք : 2015ը մեր առած ու տուած դասերը գործի վերածելու տարի է : Նոր դասեր տալու չելլենք:

2015ը  «քար ըլլալ եւ գլուխ պատռել...» ու տարի է : Այդ կ'իրագործուի միասնականութեամբ, միասնակամութեամբ: Սորվի՛նք Ֆապիուսները ղեկավարողներէն:

Ով որ քաջ է ՝ ի՞նչ կը սպասէ...

comments