Հայկական Կողմը Նախաձեռնող, Թրքական Կողմը՝ Հակազդող

By Asbarez | Tuesday, 20 January 2015

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

 

 

Կալիփոլիի 100ամեակի նշումին վերաբերող պաշտօնական Անգարայի յայտարարութիւնը բոլորովին յանկարծակի չէ: Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տարբեր առիթներով այս յոբելեանին ակնարկութիւններ կատարած էին եւ նշումի որոշ նախաբան փոխանցած:


Հիմա այլեւս պարզ է, որ Կալիփոլին՝ իբրեւ հակակշիռ գործողութիւն, պետական յատուկ տարողունակութեամբ կը կիրարկուի Ցեղասպանութեան 100ամեակին դէմ:

Անշուշտ, առաջին հերթին, 100ամեակի երեւանեան նշումները շուքի մէջ ձգելու նպատակ կը հետապնդէ Կալիփոլին, եւ միեւնոյն օրուան ընտրութիւնը շատ թափանցիկօրէն կը մատնէ առնուած քայլին բուն շարժառիթը:

Ուրեմն, 24 Ապրիլի օրը աշխարհի պետութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրուած են Թուրքիա՝ յիշատակելու համար Կալիփոլիի յաղթանակը եւ այդ յաղթանակին համար ինկած զոհերը:

Ճիշդ այստեղ է, որ Էրտողանի քարոզչաքաղաքական այս գործողութիւնը հայկական առումով կը կապուի առաջինին՝ <<ընդհանուր ցաւ>>ին կամ հայ եւ թուրք զոհերու ընտանիքներուն ուղղուած նշանաւոր <<ցաւակցագիրին>>: Կալիփոլիի պատերազմին թրքական բանակներուն մէջ թուրքերու կողքին եղած են նաեւ թրքահպատակ այլազգիներ, որոնց շարքին նաեւ՝ ազգութեամբ հայեր: Զոհերու յիշատակումը եւս այստեղ ընդհանուր է՝ թէ՛ թուրք եւ թէ հայ, որոնք կռուած են <<ընդհանուր հայրենիք>>ին՝ Թուրքիոյ համար: Կը թուի, թէ հայն ու թուրքը միեւնոյն քաղաքացիական հասարակութեան, միեւնոյն բանակին եւ միեւնոյն հայրենիքի պատկանելիութեան էրտողանական այս քարոզչութիւնը կը պահէ որոշ հետեւողականութիւն, սկսելով ցաւակցագիրէն անցնելու համար Կալիփոլի եւ այս բոլորին մէջ՝ ընդհանուր ցաւը կիսելու մնայուն մօտեցումի ընդգծում:

Այս հիմնաւորումով ալ Կալիփոլիի հարիւրամեակին հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի նախագահը: Այստեղ արդէն պարզ կը դառնայ, որ հրաւէրին հրաւէրով պատասխանելու քայլն է, որ կ՛առնէ Ծիծառնակաբերդ հրաւիրուած Թուրքիոյ նախագահը:

Կալիփոլիով չ՛աւարտիր անշուշտ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարողութիւնը սահմանափակել ուզող Անգարայի ծրագիրը: Թուրքիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ցեղասպանութեան թրքական տարբերակներով նշումներ՝ ցուցադրելու համար Անգարայի հանդուրժողականութիւնը աշխարհին: Կը հետեւի <<մշակութային դիւանագիտութիւն>> բանաձեւով հրապարակ իջած տարբեր նախաձեռնութիւններու կազմակերպման ծրագիրին գործադրութիւնը:
Չէ բացառուած, որ միեւնոյն պետութիւնը՝ հաւասար հեռաւորութիւն կամ հաւասար մօտիկութիւն ճշդելու ընկալեալ քաղաքականութեամբ, Ապրիլ 24ի օրը պատուիրակներ ուղարկէ թէ՛ Անգարա եւ թէ Երեւան: Այս մէկը, որքան ալ անհանգստացնէ հայկական կողմը, յամենայնդէպս չի փարատեր Անգարայի մտահոգութիւնը՝ Ապրիլ 24ի օրը Երեւանը դատարկելու: Եթէ Անգարան տակաւին նոր կը ձեռնարկէ պետութիւններուն հրաւէրներ յղելու իր որոշման, Երեւանը արդէն հրաւէրներուն ընդառաջելու հաստատումներ ստացած է տարբեր պետութիւններու ներկայացուցիչներէն:

Կասկած չկայ, որ Կալիփոլին հակազդեցութիւն է Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Կասկած չկայ նաեւ, որ 100ամեակը լրջագոյն մարտահրաւէր-մղձաւանջ դարձած է Անգարայի համար, որ պետական բարձրագոյն մակարդակով եւ աշխարհին ուղղուած հրաւէրներով կ՛ուզէ հակակշիռ քայլերու դիմել: Այս ծրագիրը վեր է Թուրքիոյ վարչապետի հայ խորհրդականին իրաւասութիւներէն, ինչ որ անգամ մը ե՛ւս կ՛ընդգծէ հայազգի խորհրդականին սոսկ ազգային պատկանելիութեան փաստին շահարկումը Անգարայի կողմէ:

Աստեղ արդէն շրջուած է կանոնը: Այս անգամ հայկական կողմն է նախաձեռնողականութեամբ հանդէս եկողը, եւ Անգարան է հակազդողը: Կալիփոլին ընդդէմ Ցեղասպանութեան եւ Սարգսեանին հրաւէր՝ ընդդէմ Էրտողանի հրաւէրին:

Հայկական կողմը այս մրցադաշտին մէջ ունի հիմնական առաւելութիւն: Անգարան կրնայ Ապրիլ 24ին որոշակի շուքով եւ տարողունակութեամբ նշել Կալիփոլիի 100ամեակը: Բայց Կալիփոլին չի կրնար ապահովել Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումի աշխարհագրութիւնը: Դժուար թէ, Թուրքիայէն դուրս, աշխարհի մեծագոյն քաղաքներուն մէջ նշուի Կալիփոլիի 100ամեակը: Տակաւին. Սփիւռքի կազմակերպ համայնքները իբրեւ կամուրջ պիտի մասնակցին տուեալ պետութեան եւ Երեւանի միջեւ այս պարտադրուած մրցումին՝ աշխուժօրէն ապահովելու համար համաշխարհային ներկայացուցչութիւն Երեւանի մէջ, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին:

Այս առումով Հայաստան-Սփիւռք համակարգաւորուած աշխատանքները որոշ ճամբայ կտրած են արդէն: Շուտով կը գումարուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պետական յանձնաժողովի նիստը: Նման ձեւաչափով գումարուող ժողովները ոչ միայն տեղի ունենալիք ձեռնարկներու համակարգումով պիտի զբաղին, այլ նաեւ՝ ռազմավարական եւ հեռանկարային խնդիրներու քննարկումով եւ կատարուելիք աշխատանքներու ճշդումով: Անոնց շարքին նաեւ՝ թրքական այս հակազդեցութիւնները չէզոքացնելու խնդիրներով: Հասունցած է համահայկական խորհուրդը կեանքի կոչելու առաջադրանքի իրականացման պահը:

 

 


comments