By Asbarez | Thursday, 22 January 2015
ԼՈՆՏՈՆ.- Թուրք գրող, Նոպէլեան մրցանակակիր Օրհան Փամուք բրիտանական <<Թայմզ>> թերթին մէջ գրած է, որ ֆրանսական <<Շարլի Հեպտօ>> շաբաթաթերթի խմբագրութեան վրայ կատարուած յարձակումը <<հարուած է այն մարդոց, որոնք ինծի նման կը կարծեն, թէ իսլամները կրնան խաղաղ ապրիլ Եւրոպայի մէջ, քրիստոնեաներու կողքին>>: Ըստ Փամուքի՝ այդ յարձակումը նման համագոյակցութեան յոյսը սպաննելու փորձ է: Փամուք կը գրէ նաեւ, որ այն երկիրներուն մէջ, ուր խօսքի ազատութիւնը սպառնալիքի տակ է, կայ երգիծական ամսագիրներու մեծ աւանդութիւն: Թուրքիոյ մէջ այդպիսի ամսագիրներ միշտ ճնշումի տակ կը գտնուին: Ըստ Փամուքի՝ այժմ Թուրքիոյ մէջ շատերը կը կիսեն ֆրանսացիներու վրդովմունքը:
<<Խօսքի ազատութիւնը պարտաւոր են պաշտպանել ոչ միայն գրողները: Ատիկա մեր բոլորի՛ն պարտականութիւնն է: Մենք պէտք է ոտքի կանգնինք եւ պայքարինք յանուն խօսքի ազատութեան՝ հակառակ ամէն ինչի>>, նշած է թուրք գրողը:
Փամուք յոյս յայտնած է, որ Եւրոպան ծուղակ չ՛իյնար եւ իր բարկութիւնը չի տարածեր բոլոր իսլամներուն վրայ: <<Յուսամ, որ այդ դաժան յարձակումները աւելի չեն բարդացներ իրավիճակը, սակայն մտահոգ եմ, որ լարուածութիւն կրնայ ստեղծուիլ>>, նշած է ան՝ կրկնելով, որ իսլամները կրնան խաղաղ ապրիլ Եւրոպայի տարածքին։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է