ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայերը կը պատրաստուին հազարաւոր ձեռնարկներ կազմակերպելու ամբողջ աշխարհին մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման համար:
Այդ իրադարձութիւններուն նպատակն է աշխարհին յիշեցնել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923 թուականներուն գործադրած զանգուածային վայրագութիւնները, այն ակնկալութեամբ, որ միջազգային հանրութիւնը կը ստիպէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը առերեսուելու իր զազրելի անցեալին հետ եւ վերականգնելու Ցեղասպանութեան ժառանգորդներու իրաւունքները:
Սակայն, այդ վեհ նպատակին հասնելու համար գոյութիւն ունի աւելի արագ եւ արդիւնաւէտ ուղի՝ դատական հայցը: Վերջին տարիներուն քանի մը ամերիկահայ փաստաբաններ հասած են որոշ յաջողութիւններու՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարաններուն մէջ համատեղ հայցեր ներկայացնելով ընդդէմ ապահովագրական ընկերութիւններու: Այլ հայցեր տակաւին ընթացքի մէջ են:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին, թէ՛ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ թէ Սփիւռքի որոշ խմբաւորումներ կը քննարկեն միջազգային դատարաններու մէջ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր ներկայացնելու կարելիութիւնը: Սակայն, նման լուրջ դատեր պէտք է իրականացուին միայն միջազգային օրէնքի մասնագէտներու եւ ոչ թէ հայ պարզ անհատներու կամ բարի կամեցողութիւն դրսեւորող համայնքային խումբերու կողմէ: Սխալ ձեւակերպման պարագային այդ հայցերը կրնան երկարատեւ կործանարար ազդեցութիւն ունենալ Թուրքիայէն Հայաստանի ունեցած օրինական պահանջներուն վրայ:
Անցեալ տարուան Սեպտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս յայտարարեց, որ մտադիր է հայց ներկայացնել Թուրքիոյ դէմ՝ նախքան Ցեղասպանութիւնը Սիսի կաթողիկոսարանին պատկանող գոյքը վերադարձնելու պահանջով: Թուրքիոյ դատարանին կողմէ այս հայցը մերժելու պարագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը այդ որոշումը այնուհետեւ պիտի բողոքարկէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ):
Վերջերս թրքական մամուլը հաղորդեց, որ ամերիկահայ Զուարթ Սուտճեան դատական հայց ներկայացուցած է՝ պահանջելով վերադարձնել իր մօր՝ Պասմաճեաններու ընտանիքին պատկանող հողատարածքը, որուն վրայ կը գտնուի Տիգրանակերտի օդակայանը:
Ես խօսեցայ 94ամեայ տիկին Սուտճեանին հետ, որ կը բնակի Նիւ Եորք (եւ ոչ թէ Քալիֆորնիա, ինչպէս կը հաղորդէ թրքական մամուլը): Ան պատմեց, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, բռնագաղթելով Տիգրանակերտէն, անոր ընտանիքը սկիզբը տեղափոխուած է Լիբանան, այնուհետեւ Քուպա (ոչ թէ Քորէա՝ ըստ թրքական մամուլին) եւ վերջապէս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ:
1967ին Սուտճեան ընտանիքին կալուածը բռնագրաւուած է թրքական կառավարութեան կողմէ՝ տեղական քանի մը թերթի մէջ յայտարարութիւն տեղադրելէ եւ սեփականատէրերը չգտնելու մասին պնդումներ ընելէ ետք։
Քանի մը տարի առաջ Սուտճեանի փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուն անոր անունով հայց ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ՝ ձգտելով վերադարձնել անոր ժառանգութիւնը: 2013ի Ապրիլին դատարանը մերժեց անոր պահանջը՝ պնդելով, որ 10ամեայ վաղեմութեան ժամկէտը անցած է: Վերաքննիչ դատարանը բեկանեց ստորին ատեանի որոշումը եւ պահանջեց գործը վերաքննել՝ հիմնաւորելով, որ Սուտճեան կրնար տեղեակ չըլլալ Տիգրանակերտի տեղական թերթին մէջ տեղադրուած իրաւական յայտարարութեան մասին գոյքի բռնագրաւումէն առաջ: Դատարանը յայտարարեց, որ անիկա առնուազն պէտք է տեղադրուէր ամբողջ երկրին մէջ լայն տարածում ունեցող թրքական թերթերու մէջ:
Փաստաբան Էլպէյօղլու պարզաբանեց, որ Սուտճեանի կալուածի բռնագրաւումը մասնաւոր սեփականութեան իրաւունքի խախտում է, ինչպէս սահմանուած է Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու եւրոպական պայմանագիրով:
Նոյնիսկ եթէ Սուտճեան շահի իր դատական գործը, քիչ հաւանական է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերադարձնէ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներով գնահատուող շատ արժէքաւոր հողատարածքը, որուն վրայ կը գտնուին Տիգրանակերտի ռազմական եւ քաղաքացիական օդակայանները: Այդ իսկ պատճառով անոր փաստաբանը «Միլլիյէ»չ թերթին յայտնեց, որ Սուտճեան միայն հատուցում կը պահանջէ իր ընտանիքին պատկանող կալուածի արժէքին չափով:
Էլպէյօղլու նաեւ «Միլլիյէ»չին ըսաւ, որ Սուտճեանի գործը դուռ պիտի բանայ բազմաթիւ նման դատերու առջեւ: Յատկանշական է, որ թրքական թերթը իր յօդուածը վերնագրած է «Սփիւռքի Յոյսը»:
Թրքական լրատուամիջոցները չէին անդրադարձած այն պարագային, որ եթէ վերաքննիչ դատարանը չբաւարարէ Սուտճեանի հայցը, ան կրնայ իր գործով դիմել Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան: ՄԻԵԴի դրական որոշումը պիտի յառաջացնէ դատական հայցերու ամբողջ հեղեղ մը համայն հայութեան կողմէ , որուն նախնիները ունեցած են կալուածներ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնագրաւուած են թրքական կառավարութեան կողմէ:
Թուրքիոյ մէջ կան անթիւ այլ արժէքաւոր կալուածներ, որոնք բռնագրաւուած են հայերէն, ներառեալ՝
– Անգարայի մէջ նախագահական պալատը, որ մինչեւ վերջերս օգտագործուած է Էրտողանի եւ Թուրքիոյ նախկին նախագահներուն կողմէ, կը գտնուի Գասապեան ընտանիքին պատկանող տարածքին վրայ:
– Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանը մասամբ կառուցուած է վանեցի Գէորգ Սարեանի ընտանիքին պատկանող տարածքին վրայ:
– Ինճիրլիքի Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանը կը գտնուի քանի մը հայ ընտանիքներու պատկանող կալուածներուն վրայ. անոնք դատական հայց ներկայացուցած են Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատարան՝ ընդդէմ Թուրքիոյ կառավարութեան:
Այս եւ հայերուն պատկանող հազարաւոր այլ կալուածներ պէտք է վերադարձուին իրենց օրինական տէրերուն՝ իբրեւ արդարութեան մասնակի վերականգնում, զոր Թուրքիան պարտք է հայ ժողովուրդին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր