Ութ Տարի Է Նոյն Տեղն Ենք

By Asbarez | Monday, 26 January 2015

 

<<ԱԿՕՍ>>

<<Ակօս>> թերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութերորդ տարելիցին եւս հազարաւոր մարդիկ իրար զանգահարելով կ՛ազդարարէին տուեալ ժամուն Թաքսիմի հրապարակը մէկտեղուելով դէպի <<Ակօս>> քալելու մասին: Նոյն օրը երեկոյեան դարձեալ բազմահազարներ քալեցին դէպի Կալաթասարայի հրապարակ:

2007ի 19 Յունուարին ոճիրը լսող բազմահազարներ արդէն փութացած էին <<Ակօս>>ի խմբագրատան առաջքը՝ Հրանդ Տինքի ինկած վայրը: <<Հրանդի ընկերները>> հարթակը, Հրանդը սիրողները, հետեւորդները, հաւատացողները յաջորդող տարիներուն կրկնեցին նոյն եղանակը, միայն թէ ժամը 13։30ին Թաքսիմէն մեկնելով՝ հասան խմբագրութիւն, ուր կրկին բազմահազարներ կուտակուած էին:

Այս տարի ալ նոյն աւանդոյթը կրկնուեցաւ: Ժամը 15ին, երբ յարգանքի լռութիւն կը պահուէր, ոստիկանական շրջանակները հաւաքուած զանգուածը կ՛ենթադրէին վեց-եօթը հազարի շուրջ, իսկ հասարակական կազմակերպութիւններու վարիչները այդ բազմութիւնը կր գնահատէին աւելի քան տասը հազար: Մի ուրիշ աւանդութիւն էր որ յարգանքի լռութենէ ետք թերթի պատշգամէն յայտարարուի տուեալ տարուան պատգամը:

Այս տարի այս պարտականութիւնը կատարեց բանաստեղծ Մուրաթհան Մունկան: Ան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Հրանդը սպաննող մտայնութիւնը ծանօթ է բոլորին, յատկապէս Տերսիմի, Մարաշի, 6-7 Սեպտեմբերի, Մատըմաք հիւրանոցի եւ Ռոպոսքիի կոտորածներէն: <<Ինչպէս ձեզմէ շատեր գիտեն, այս երկրէն ներս ամէն ուրացումի ետեւը հաւաքական գերեզմաններ կան: Հրանդ Տինքի մահուան ութամեակը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան դարադարձին: Ցեղասպանութեան ուրացումը կամ մերժումը Թուրքիոյ դարաւոր առանձնութեան ալ պատմութիւնն է: Պատմութեան, միտքի, խղճի եւ աշխարհի առանձնութիւնը: Երկիրը պարտաւոր է անցեալի ուրուականներէն առանց վախնալու պատմութէան հետ առերեսուելու, այդ առերեսումէն գոյացող պատասխանատուութիւնները կատարելու…>>:

Մունկանի ելոյթէն ետք <<Ակօս>>ի պատշգամէն ժողովուրդը բարեւողներու մէջ Ռաքէլ Տինքի կողքին էին Պերքին Էլուանի վշտահար ծնողքը՝ Սամի եւ Կիւլսիւմ Էլուան: Երեկոյեան ժամերուն ուրիշ խումբ մըն ալ Հրանդ Տինքը ոգեկոչելու համար Թաքսիմէն դէպի Կալաթասարայի հրապարակ երթ կազմակերպեց: Շքերթի աւարտին հայերէն եւ թրքերէն արտասանուեցան մամլոյ յայտարարութիւններ:

19 Յունուար 2015, Երկուշաբթի օր, բացի Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներէն, Երեւանի, Լոնտոնի, Պերլինի, Փարիզի, Լիոնի եւ այլ քաղաքներու մէջ ալ կատարուեցան յիշատակման միջոցառումներ:

***

Վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու 20 Յունուարին վարչապետարանի կայքէջէն ցաւակցութեան գրութիւն մը հրապարակեց: Այդ գրութեան մէջ Տինք կը ներկայացուէր իբր՝ <<Թուրքերու եւ Հայերու հասարակական ապագայի կերտման գործընթացի մէջ միջոցներ որոնող Անատոլուի մտաւորականը>>: Վարչապետ Տաւութօղլու գրութեան մէջ համբերութիւն կը մաղթէր Տինքի վշտահար ընտանիքին եւ զայն սիրող բոլորին:

 


comments

Advertisement