Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը եւ Աւստրալիան

By Հայկ Գայսէրեան - Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ Սեղանէն | Wednesday, 28 January 2015



2014 թուականը անցաւ պատմութեան թանգարանին մէջ: Վստահաբար իւրաքանչիւր Աւստրալահայ, ինչպէս բոլոր Հայերը աշխարհին շուրջ, պահ մը մտածեցին թէ 2015 թուականին ինչ ունինք կատարելիք յանուն մեր արդար դատին:

24 Ապրիլ 2015 թուականին պիտի նշենք հարիւրերորդ ամեակը մինչեւ օրս անպատիժ մնացած այն ոճրագործութեան որ կատարուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան եւ անոր ժառանգորդ՝ երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան ձեռամբ, եւ որուն ընթացքին աւելի քան 1,5 միլիոն հայեր զոհ գացին հայ ազգը արմատախիլ ընելու անմարդկային ծրագրին պատճառաւ:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակին պիտի յիշենք, սգանք, ոգեկոչենք եւ պահանջենք, սակայն միեւնոյն ատեն առիթ մըն է նաեւ տօնելու մեր վերապրումը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Աւստրալիոյ մէջ պիտի աշխատի պատշաճ ձեւով կատարելու այն ինչ որ պէտք է Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ընթացքին: Այս գրութեամբ կու գանք ներկայացնելու կարգ մը կատարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ նախատեսուած ծրագիրները որոնք մօտ օրէն պիտի կատարուին:


Ծրագիրներ 2013-2014 երկամեակի ընթացքին

2013 թուականին Աւստրալիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ջանքերով հիմնուեցաւ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման Աւստրալիոյ միացեալ մարմինը որուն ՀՅԴ-ի կողքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէն Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն ու Համազգայինը:

Միացեալ մարմնին հիմնական պարտականութիւնն է կազմակերպել 100 ամեակի նուիրուած միջոցառումներ ինչպէս նաեւ հովանաւորել միացեալ մարմնին անդամ կազմակերպութիւններու ուղեկից միութիւններու եւ միացեալ մարմնի ենթայանձնախումբերու կողմէ 100 ամեակի նուիրուած միջոցառումները:

2013-ին ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէն կազմակերպեց նաեւ խորհրդաժողով մը որուն մասնակցեցան Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը:

Խորհրդաժողովի մասնակցողները տարբեր ենթաբաժանումներով պատրաստեցին Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման նախատեսուած աշխատանքներու ծրագիր մը: Պատրաստուած ծրագիրը լաւ ձեւով ուսումնասիրուելէ ետք խորհրդաժողովի կողմէ որդեգրուեցաւ եւ իւրաքանչիւր միութիւն ստանձնեցին պարտականութիւններ կատարելու 100 ամեակի ծիրէն ներս:

Օգոստոս 2013-ին տեղի ունեցաւ միացեալ մարմնի անդրանիկ ձեռնարկը՝ դասախօսական երեկոյ մը որ մեկնարկն էր Ցեղասպանութեան 100 ամեակի աշխատանքներուն: Ձեռնարկի ընթացքին հիւրաբար դասախօսեց ԱՄՆ-էն հրաւիրուած Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը: 2014 թուականին նման դասախօսական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ որուն ընթացքին դասախօսեց Մխիթարեան միաբանութենէն Հայր Վահան Օհանեանը, ինչպէս նաեւ կազմակերպուեցաւ այլ դասախօսական երեկոյ մը Ջուլֆայի (Նախիջեւան) գերեզմանատան ու խաչքարերու վերականգնումի ծրագրին մասին:

2014 թուականին Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման միացեալ մարմինը  հիմնեց ենթայանձնախումբեր որոնք զբաղուեցան յատուկ ծրագիրներ պատրաստելու որոնց մասին պիտի անդրադառնանք յաջորդ բաժնին մէջ: Միացեալ մարմինը նաեւ հիմնեց ելեկտրոնային օրացոյց մը որուն մէջ կը տեղադրուին միացեալ մարմնի կազմակերպած եւ հովանաւորած ձեռնարկները:

Ցեղասպանութեան 100 ամեակը հայահոծ Մելպուրն քաղաքին մէջ արժանավայել ձեւով ոգեկոչելու նպատակով հոն եւս միացեալ մարմին մը հիմնուեցաւ:

Նոյեմբեր 2014-ին Հայ Դատի Յանձնախումբը Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած ցուցահանդէս մը կազմակերպեց Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանէն ներս ինչպէս նաեւ Համազգայինը կազմակերպեց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած գրական երեկոյ մը:

Նախատեսուած Աշխատանքներ

Ցեղասպանութեան 100 ամեակի միացեալ մամինը եւ անոր ենթայանձնախումբերը նախատեսած են կազմակերպել հետեւեալ աշխատանքները.-

1- Պատմամշակութային գեղարուեստական երեկոյ որ տեղի պիտի ունենայ 14 Մարտ 2015ին Chatswood-ի The Concourse սրահէն ներս: Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն գաղութիս տաղանդաւոր արուեստագէտներն ու խումբերը:

2- Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի ոգեկոչման կեդրոնական ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլ 2015ին Sydney Town Hall-էն ներս: Կեդրոնական ձեռնարկին հիւր բանախօս հրաւիրուած է միջազգային նշանաւոր դէմքերէն մէկը:

3- Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ Մելպուրնի մէջ որուն մանրամասնութիւնները մօտ օրէն կը փոխանցենք:

4- Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած վաւերագրական ցուցահանդէս:

5- Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած յուշամատեանի մը հրատարակութիւնը: Սոյն յուշամատեանին մէջ պիտի տեղադրուին պատմական տեղեկութիւններ ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու անձնական յուշերը:

6- Ցեղասպանութեան 100 ամեակի յատուկ ելեկտրային օրացոյցը որուն մէջ պարբերաբար պիտի տեղադրուին միջոցառումներու թուականներն ու տեղեկութիւնները, որուն հասցէն է www.armenia.com.au/100:

7- Այլ միջոցառումներ որոնք մօտ օրէն պիտի յայտարարուին:

ՀՅԴ-ի եւ անոր ուղեկից կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի արդիւնքով, ՀՅԴ-ն ու իր ուղեկից կազմակերպութիւնները ստանձնած են կատարել հետեւեալ աշխատանքները.-

1- ՀՅԴ-ն պիտի կազմակերպէ քարոզարշաւներ ընկերային ցանցի միջոցաւ:

2- ՀՕՄ-ը պիտի կազմակերպէ արեան տուչութեան արշաւ մը Փետրուար ամսուայ ընթացքին ուր Աւստրալահայեր պիտի նուիրեն իրենց արիւնը Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհուած անմեղներու յիշատակին:

3- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութեան, Համազգայինի, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի հետ միասին Մարտ 2015ին պիտի կազմակերպեն Հայկական Փառատօնը որուն ընթացքին պիտի տօնեն Ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք հայ ժողովուրդի վերապրումի ոգին:

4- Համազգայինը պիտի կազմակերպէ գրական երեկոյ մը նուիրուած Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած մտաւորականներու յիշատակին:

5- Համազգայինը նաեւ պիտի կազմակերպէ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը նուիրուած Ցեղասպանութեան 100 ամեակի:

6- ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը հրատարակած է օրացոյց մը որուն մէջ ներկայացուած է Հայ ժողովուրդի կորսնցուցած 12 քաղաքներ Արեւմտահայաստանէն: Օրացոյցը նուիրուած է Ցեղասպանութեան 100 ամեակին:

7- ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի մարզական խումբերը 2015 թուականի մրցումներու ընթացքին պիտի գործածեն Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած յատուկ սեւ ձեռքակապեր:

8- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը սկսած է #OnThisDay քարոզարշաւ մը որուն միջոցաւ կը վերահրապարակէ Ցեղասպանութեան ընթացքին Աւստրալիոյ մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներ:

9- ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ Համազգայինի հետ միասին կը պատրաստեն դաստիարակչական ծրագիր մը որուն մասին աւելի մանրամասնօրէն կը բացատրենք գալիքին:

10- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը համագործակցաբար Արմենիա Մետիա ընկերակցութեան հետ կ'աշխատին հրատարակելու գիրք մը որ պիտի ընդգրկէ Ցեղասպանութեան ընթացքին Աւստրալիոյ մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներ:

11- Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբը կը շարունակէ իր քարոզչական աշխատանքը Աւստրալիոյ զանազան նահանգներու մէջ: Ինչպէս նաեւ նահանգային եւ դաշնակցային կառավարական մակարդակներով կը շարունակէ իր տարած քարոզչական եւ պահանջատիրական աշխատանքները:

Վերոյիշեալ կէտերը կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքներուն ամփոփ պատկերացումն է: Գալիք օրերուն պահանջատիրական, քարոզչական եւ դաստիարակչական այլ աշխատանքներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցենք:

Գաղութի ղեկավարները անցնող 18 ամիսներու ընթացքին ոեւէ մէկ ճիգ չեն խնայեր այս կարեւոր յոբելեանը արժանավայել ձեւով յիշատակելու: Սակայն անոնք կը հաւատան որ այս բոլոր աշխատանքներուն յաջողութիւնը կը կարօտի Աւստրալահայ գաղութի անսակարկ քաջալերանքին:

Ազգային մակարդակի վրայ տարուած աշխատանքներու մասին գաղութին անյապաղ տեղեակ պիտի պահենք Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան զանազան բաժիններու միջոցաւ՝ Արմենիա հեռատեսիլ, Արմենիա բջիջային, Արմենիա ամսաթերթ, Արմենիա ռատիօ եւ Արմենիա Օնլայն:

2015ը ուրախ տարի մը պիտի ըլլայ Հայ ժողովուրդին համար եթէ բոլորս համախմբուինք եւ արժանավայել ձեւով ոգեկոչենք Ցեղասպանութեան 100 ամեակը եւ անոր միջոցաւ վերանորոգենք մեր ուխտը 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին դիմաց եւ շարունակենք մեր պահանջատիրական աշխատանքը մինչեւ որ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութիւնը հասնի իր արդար լուծումին:

Հետեւեցէ'ք մեր Facebook-ի էջին (www.facebook.com/arfaustralia) ստանալու համար վերջին տեղեկութիւններն ու լուրերը:

comments