Անհեթեթ Դաժանութիւն

By Asbarez | Monday, 02 February 2015

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

Նոր Տարին լաւ չսկսանք: Արցախի սահմանին վրայ լարուածութիւնը աննախընթաց աստիճանի հասած է ու ատրպէյճանական գրեթէ ամէնօրեայ սադրանքները թանկագին զոհեր կը խլեն հայոց բանակէն: Ի զուր մխիթարանք կը փնտռենք թշնամիի կրած աւելի մեծաթիւ կորուստներու մասին զեկոյցներուն մէջ: Այս հոգեվիճակին մէջ, հասկնալի է, թէ որքան ահաւոր հիասթափութեամբ ու զայրոյթով կարդացինք Արցախի եւ Հայաստանի <<սահման>>ին վրայ՝ ազատագրուած Բերձորի մուտքին տեղի ունեցած դատապարտելի միջադէպի մասին:


Հիմնադիր խորհրդարանի կազմակերպած ինքնաշարժներով Արցախ երթը բիրտ ուժով կասեցնելու ԼՂՀ ոստիկանութեան վարքը կարելի չէ արդարացնել: Կարդացէք այս առթիւ ոստիկանութլեան հրապարակած յայտարարութիւնը.

<<ԼՂՀ ոստիկանութիւնը տեղեկացնում է, որ սոյն թուականի Յունուարի 31ին Հիմնադիր խորհրդարանի անդամների կողմից կազմակերպուել է աւտօերթ դէպի Արցախ, որը բացասական արձագանգ է ստացել Արցախի հանրութեան լայն շրջանակներում եւ նրա մի ստուար զանգուած որոշել է կանխել աւտօերթի մասնակիցների մուտքը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

<<Հաշուի առնելով նշուած հանգամանքները եւ հասարակական կարգի հնարաւոր խախտումները՝ ԼՂՀ ոստիկանութիւնը վերակարգեր է սահմանել Գորիս-Ստեփանակերտ աւտոմայրուղու որոշ հատուածներում: Հանդիպելով աւտօերթի մասնակիցներին՝ ոստիկանութեան ներկայացուցիչները բացատրական աշխատանքներ են իրականացրել նրանց հետ՝ յորդորելով ետ կանգնել այդ նախաձեռնութիւնից, քանի որ այն հասարակական լարուածութիւն է առաջացրել Արցախում: Սակայն, աւտօերթի մի խումբ մասնակիցներ, ի հակադարձումն յորդորների, դիմել են հակաօրինական գործողութիւնների եւ շարունակել սադրանքները նաեւ ոստիկանութեան նախազգուշացումներից յետոյ:

<<Հնարաւոր զանգուածային անկարգութիւնները կանխելու նպատակով ԼՂՀ ոստիկանութիւնն ստեղծուած իրավիճակում ստիպուած է եղել դիմել համապատասխան գործողութիւնների՝ օրէնքով իրեն վերապահուած լիազօրութիւնների շրջանակներում: Ցաւօք, կան տուժածներ, որոնց կեանքին, սակայն, վտանգ չի սպառնում:

<<Նշուած միջադէպի մասին ԼՂՀ ոստիկանութիւնն առաջիկայում եւս կը տրամադրի լրացուցիչ տեղեկութիւններ:>>

Երթին մասնակիցները, անկախ այն իրողութենէն, թէ անոնք Արցախեան ազատագրական պայքարին մասնակիցներ եղած են, թէ պարզ քաղաքացիներ, անկախ այն իրողութենէն, որ անոնք ընդդիմադիր կեցուածքներ ունին Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւններուն հանդէպ (ի միջի այլոց, խորապէս ընդվզեցուցիչ կը գնտենք այս երթի կազմակերպիչներու կարգախօսը՝ <<Հարիւրամեակը առանց Ռեժիմի>>, որ կը վիրաւորէ մեզ Հայակական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի շահարկումով, աւելի ճիշդ չարաշահումով), իրաւունք ունին ազատ շարժելու Հայաստան աշխարհի ամբողջ տարածքին՝ Ամասիայէն մինչեւ Արցախի հեռաւոր գիւղերը:

Վիրաւորական եւ մտահոգիչ է նաեւ այն փաստը, որ Արցախի ոստիկանները թէ՛ մամուլով եւ թէ դէպքը վկայագրող տեսաներիզներով կը ներկայացուին տարօրինակ դաժանութեան վարքով, հայ քաղաքացիներ ծեծելու, ինքնաշարժներու պատուհաններ ջարդելու պատկերներով, որոնց բարոյական վնասը պարզապէս ահաւոր է:

Մենք կը միանանք այս միջադէպը դատապարտող ձայներուն եւ կը յուսանք, որ Հայաստանի եւ մանաւանդ Արցախի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան կը կանչեն դատապարտելի գործողութեան հեղինակները:

 

 

comments