Ովքե՞ր Են Այս Ոստիկանները

By Asbarez | Tuesday, 03 February 2015

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Կը գրեմ հեռուէն եւ քաջ կը գիտակցիմ հեռուէն դիտողի սահմանափակումներուն: Դէպքին փաստերը առայժմ դեռ յստակ չեն, քանի որ յստակ ոչինչ կը հաղորդեն իրաւապաշտպան կառոյցները:


Դանդաղ, բերանխուփ, ինքնապաշտպանական բնազդներով ապրող պետական մեքենան ինքզինք կը գերազանցէ այս պահուն: Յստակ է միայն մէկ բան: Ոստիկանական մէկ ամբողջ ջոկատ Արցախի սահմանին վրայ, Բերձորի անցակէտին մօտ, օրէնքը առած է իր ձեռքերուն մէջ՝ իր կողքին ունենալով քաղաքացիներէ կազմուած մէկ անորոշ խմբաւորում: Կը հիմնուիմ Արցախի ոստիկանութեան կողմէ հրապարակուած բացատրականին վրայ: Ովքե՞ր են այս ոստիկանները, որոնք այսպէս լիազօրուած կը զգան խուժդուժ յարձակման ենթարկելու քաղաքացիական շարասիւն մը, փոխանակ օրինապատշաճ վերաբերմունքով կացութեան տէր կանգնելու:

Փոխանակ ստուգելու օրինականութիւնը քաղաքացիական այս երթին, եւ քաջ գիտնալով, որ երթը կրնայ դժգոհներու ընդդիմութեան հանդիպիլ՝ պաշտպանելու ա՛յս երթը եւ երթի մասնակիցներու խօսքի ազատութեան իրաւունքը:

Ես ընդհանրապէս կապ չունիմ <<Հիմնադիր Խորհրդարան>> անուան տակ գործող կազմակերպութեան հետ: Չեմ բաժներ իրենց ընտրած քաղաքական ուղին: Կը մերժեմ Դաշնակցութեան հետ խօսելու իրենց ձեւը՝ միշտ յարգելով նախկին ընկերներու անուրանալի ցենզը մեր ազատագրական պայքարի ճակատին վրայ: Այս բոլորը բացարձակապէս կապ չունին բեմադրուող այս այլանդակ կացութեան հետ: Այնքան ատեն, որ շարասիւնի մասնակիցները իրենց բողոքը կը տանին հանրութեան՝ յարգելով օրէնքին տրամադրութիւնները, ոչ ոք իրաւունք ունի զիրենք զրկելու իրենց սահմանադրական իրաւունքներէն: Եւ առհասարակ ոստիկանութեան գործը չէ քաղաքական հաշուեյարդարը: Իրենց գործն է պաշտպանել քաղաքացին եւ իր իրաւունքները:

Այս հարուածը ուղղուած չէ միայն շարասիւնի մասնակիցներուն: Այս հարուածը ուղղուած է հանրութեան: Երբ խումբ մը քաղաքացիներ բացէ ի բաց կը խոշտանգուին ոստիկանութեան կողմէ, կը խոշտանգուի օրէնքը. կը խոշտանգուի իրաւունքը. կը փլուզուի քաղաքական կեանքի օրինապահութեան շէնքը: Ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ըսէին շարասիւնի մասնակիցները Արցախի հանրութեան:

Ոստիկանական այս անորակելի բռնարարքը, ինքնին, եկաւ ըսելու, որ մենք լուրջ խնդիր ունինք հանրային անվտանգութեան ճակատին վրայ: Եկաւ բացէ ի բաց փոխարինելու պատգամը՛: Ես սրտանց կը փափաքիմ, որ Արցախի իշխանութիւնները գործեն անյապաղ եւ վճռակամ եւ խստապահանջօրէն սրբագրեն այս կոպիտ շեղումը:

 

comments