By Asbarez | Wednesday, 04 February 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>- Թուրքիա-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական խառն յանձնաժողովի նախկին համանախագահ, իսկ ներկայիս <<Զաման>> թերթի աշխատակից Ժուսթ Լակենտիժք ուշագրաւ յօդուած մը գրած է Տողու Փերինչեքի դատավարութեան մասին։ Ան կ՛ըսէ.
<<Կեանքի ամէնէն դժուար բաներէն մէկն է ընդունիլ հակառակորդի մը իրաւացի ըլլալը։ Այդ զգացումն է, զոր ապրեցայ անցեալ շաբաթ, երբ Տողու Փերինչեք Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Մեծ պալատէն ներս ինքզինք կը պաշտպանէր 1915ին Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հայերու դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը ուրանալու առնչութեամբ իր ըսածներուն համար։ ՄԻԵԴի անցեալ շաբթուան նիստը, խօսքի ազատութեան եւ <<Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու>> իրաւունքի իրաւական պայքարին վերջին վարագոյրն էր։ Բացէ ի բաց կը խօսիմ։ Փերինչեք հակակրելի անձ մըն է, որ անընդունելի մտածումներ ունի։ Ան անցեալին հետամուտ եղած է ապօրինի գործերու։ Փերինչեք մէկն էր <<Էրկենեքոն>>ի դատավարութեան ծայրայեղ ազգայնամոլ եւ խափանարար դատապարտեալներէն։ Բայց, միւս կողմէ, թուրք քաղաքական այս գործիչը այս դատին մէջ իրաւացի է, որովհետեւ ըսած է, որ այս դատը <<օրինաւոր ցեղասպանութեան դասակարգումին մաս չի կազմեր>>։
Կարեւոր չէ, թէ մենք համակարծի՞ք ենք Փերինչեքի, թէ ո՛չ։ 2013ի իր վճիռին մէջ ՄԻԵԴը բացէ ի բաց դիտել կու տար, որ այս կառոյցին պարտականութիւնը չէ 1915ի դէպքերը որպէս <<ցեղասպանութիւն>> ճանչնալ-չճանչնալը։ Դատարանը կը շեշտէր, որ ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը փաստելը դժուար ու իրաւական շատ սեղմ ըմբռնում մըն է, եւ կարելի է երկարօրէն բանավիճիլ անոր շուրջ։ Այս տեսակէտէն մեկնած՝ ՄԻԵԴի Մեծ պալատը դժուար թէ կարենայ արձակել տարբեր վճիռ մը։
Բայց կայ այլ հարց մը, որ մեծապէս կը մտահոգէ զիս։ Փերինչեք Սթրազպուրկի մէջ յաղթանակի պահեր ապրեցաւ, բայց տակաւին <<նշանակուած կերպար>> մըն է։ Իմ մտավախութիւնս այն է, որ Թուրքիոյ պետութեան պաշտօնական ուրացման քաղաքականութիւնը, շատ հաւանաբար, անգամ մը եւս ՄԻԵԴի կողմէ ընդունելի նկատուի։ Պէտք չէ մոռնալ, որ Փերինչեքի հետ միասին, թուրք կառավարութիւնն ալ որպէս երրորդ կողմ կը ներկայանայ այս դատավարութեան մէջ։ Փերինչեքին զօրակցելու համար, անցեալ շաբաթ, թէ՛ Արդարութիւն եւ բարգավաճում եւ թէ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւններէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցեցան դատական նիստին։ Կարծես, թէ դիտումնաւոր կերպով, այս դատը ո՛չ թէ Զուիցերիոյ դէմ Փերինչեքի դատն էր, այլ՝ թուրք քաղաքական կառոյցին դէմ աշխարհի դատը։
Այս մտածողութեամբ, Փերինչեքի յաղթանակը, բազմաթիւ շրջանակներու մօտ, 1915ի դէպքերուն մասին Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտին կանաչ լոյս պիտի վառէ։ Ասիկա կարեւոր սխալ մը կրնայ ըլլալ։ Դատը խօսքի ազատութեան դատ է եւ չի միտիր միջամուխ ըլլալ պատմական իրողութիւններու։ Փերինչեք ազատ է ըսելու այն, ինչ կ՛ուզէ ըսել, սակայն իր ըսածները կրնան ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունենալ մնացեալներուն համար։ Բայց Թուրքիոյ իշխանութիւնները տարբեր պատասխանատուութիւն մըն ալ ունին։ Հարիւրամեակի այս տարուան, թուրք ղեկավարները պէտք չէ պահուըտին ՄԻԵԴի որոշումներուն ետին։ Ամբողջ աշխարհը չ՛ակնկալեր, որ Թուրքիա Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ անակնկալ եւ անկիւնադարձային շրջադարձ մը ընէ։ Բազմաթիւ անձեր կը յուսան, որ պիտի շարունակուի անցեալ տարուան 24 Ապրիլի նախօրեակին, այդ շրջանի վարչապետ, այժմ՝ նախագահ Էրտողանի ցաւակցական գիրով սկսած նոր գործընթացը։ 1915ին, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս պատահած այս դէպքերուն համար, Թուրքիա պէտք է քանի մը քայլեր եւս առնէ՝ իր ցաւը յայտնելով հայերուն>>։
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է