By Asbarez | Thursday, 19 February 2015
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր հաւատարմութիւնը գիրին ու գրականութեան է, այլ ոչ՝ գիրքին: Կասկած չկայ, որ եթէ ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով կարենանք հայերէն ընթերցանութեան մղել նոր սերունդը, ապա պատրաստ պէտք է ըլլանք գրական բնագիրները տրամադրելի դարձնելու ելեկտրոնային տարբերակով:
Երէկ, Հայաստանի մէջ, մեր մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան տօնին առթիւ, յատուկ քարոզչութեամբ կը ջատագովուէր գիրք նուիրելու գաղափարը: Որոշ շրջանակ մը հաւանաբար ցուցադրական նպատակով ընդառաջեց պաշտօնական քարոզչութեան եւ գիրք նուիրեց իր բարեկամին, զաւակին կամ ընկերոջ: Այս շատ գովելի նախաձեռնութիւնը, անշուշտ, անբաւարար է հայերէն գիրքին հանդէպ հետաքրքրութիւնը աւելցնելու կամ գիրքերու վաճառքը քաջալերելու: Երեւանէն մինչեւ արտերկրի կարեւոր համայնքներ, հայերէն գիրքի պահանջը չափազանց նուազած է: Ակնյայտ փաստերը այս իրողութեան այն են, որ աշխարհով մէկ, հայկական գրախանութներու թիւը մատի վրայ կը համրուի, իսկ հրատարակուած գիրքերու տպաքանակը հարիւրներու սահմանին մէջ կը մնայ:
Գիրքը <<քինտըլ>>ատեսակ սարքով մը փոխարինելը ցաւագնօրէն չընդունելով՝ պէտք չէ մոռնանք, որ ցարդ հայերէն գրական գործերը ելեկտրոնային տարբերակով ներկայացուելու բախտը վիճակուած է դարձեալ չափազանց սակաւաթիւ գործերու: Ուրեմն, այս ուղղութեամբ պէտք է արագացնենք (մենք, պետական կառոյցներ, մշակոյթի նախարարութիւն, հիմնադրամներ) մեր աշխատանքի կշռոյթը եւ թափով ընդարձակենք հայերէն գրական գործերու թուայնացման ճիգերը՝ յատուկ միջոցներ տրամադրելով այս նպատակին:
Երէկ գիրք նուիրելու օր էր Հայաստանի մէջ: Մենք փախցուցինք այդ օրը յիշելու եւ մեր միջավայրին մէջ գիրք տարածելու գաղափարը խորհրդանշականօրէն խրախուսելու առիթը: Սակայն յիշենք, որ վաղը Մայրենի լեզուի միջազգային օրն է. եկէք այդ օրը՝ վաղը, մայրենին փառաւորենք գիրքի նուիրման ճամբով, կամ՝ հայերէն գլուխ գործոցի մը թուայնացման հովանաւորութիւնը ապահովելով:
Ի միջի այլոց, Մայրենի լեզուի օրը նշանաւորելու մասին մեր խորհրդածութեան արձագանգեց միայն հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Սոնա Մատարեանը: Ստորեւ՝ իր նամակը խմբագրութեան.
Կարդալէ ետք <<Մայրենի լեզուի օր>> յօդուածը, որ գործնականօրէն սրտիս շատ մօտիկ զգացի, անպայման ուզեցի ձեզի հետ կիսել հետեւեալ մտածումները.
- Հայկական դպրոցներու եւ կամ ազգային վարժարաններու միջդպրոցական համադրուած ծրագիր մը մշակել՝ հայ մշակոյթի բնագաւառի զանազան ելոյթներով. նախակրթարան, միջնակարգ-երկրորդական բաժանումներով հաւաքուիլ այլ դպրոցի մը համալիրէն ներս եւ միասնաբար վայելել համադրուած ծրագիրը… իւրաքանչիւր տարի՝ տարբեր դպրոցներու հետ եւ տարբեր համալիրի մը մէջ. այս ձեւը պիտի նպաստէ նաեւ մատղաշ ու երիտասարդ սերունդը ամբողջապէս իրարմով լեցնելու (փրկելով այլասերութենէ), ինչպէս նաեւ տարբեր հայկական փորձառութիւններ ապրելու լաւագոյն առիթը ստեղծած ըլլալու…
<<Մայրենի լեզուի օր>>ը կը դառնայ միայն ու միայն հայօրէն ապրելու, հպարտանալու, վայելելու եւ ուղղակի թէ անուղղակի առնչուելու հարազատ մշակոյթի գործադրութեան, եւ միայն ու միայն հայերէն լսելու ու խօսելու <<ուխտի օր>> մը…:
Նշուած օրը կը դառնայ հայ դպրոցի՝ համահայկական միասնականութեան հայավայել ծրագիրներու գործադրութեան օր մը։
Սրտանց կամաւորն եմ սոյն ծրագիրին:
Յարգանօք՝
Սոնա Մատարեան
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է