Առաջին Քայլեր

By Asbarez | Tuesday, 03 March 2015

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

 

 

Դաշնակցութեան վերջին Ընդհանուր ժողովին առանձնայատուկ ուշադրութեամբ քննարկուեցաւ կուսակցութեան կազմակերպական վիճակը: Ժողովի աւանդական օրակարգն իսկ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ՝ առաջ բերելով ներքին կազմակերպական հարցերու քննարկումը, զայն տեղաւորելով անցած քառամեակի գործունէութեան ըստ էութեան գնահատումէն անմիջապէս ետք:

Պատգամաւորները գրեթէ համակարծիք էին, որ հայ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը դնեն ծանրագոյն պարտաւորութիւններու տակ, զորս գլուխ հանելու համար, շատ աւելի կուռ, գաղափարականացուած, երիտասարդականացած, նոյնիսկ թուականօրէն բազմացած շարքերով կազմակերպութիւն պէտք է ունենանք։

Ինքնաքննադատութեան ամէնէն ցաւագին պահերէն անցած ժողովականները, յառաջիկայ քառամեակին համար կուսակցութեան բոլոր մարմինները յանձնառութեան տակ դրին, որ նոր ճանապարհներ գտնեն՝ նախ ներքին ընկերական մթնոլորտը բարելաւելու, կրաւորական դիրք բռնած շարքայինները ներգրաւելու թէ՛ ժողովական կեանքի եւ թէ աշխատանքի մէջ, ապա ուժ տալու երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններուն՝ անոնց տրամադրելով կազմակերպութեան լաւագոյն մտաւոր ուժերը, զոհողութիւններու գնով անոնց յատկացնելով նիւթական լայն միջոցներ:

Ժողովի աւարտէն հազիւ մէկ ամիս անց, ահա՛ Հայաստանի կազմակերպութիւնը իր առաջին քայլերը նետեց ընկերական մթնոլորտի բարելաւման ուղղութեամբ՝ նախ Գերագոյն Մարմինի անդամներու զեկուցական-բացատրական հանդիպումներով՝ Հայաստանի տարածքին աշխատող կուսակցական մարմիններու եւ ընկերներու հետ, ապա կազմակերպելով մեծաթիւ շարքայիններու ուխտագնացութիւնը դէպի Արցախ: Հեռուէն խանդով հետեւեցանք այս արշաւին, որուն մասնակիցներէն շատերը այդ ճանապարհը բռնած էին ազատագրական պայքարի օրերուն, առանց մտածելու թէ արդեօք ողջ պիտի վերադառնա՞ն իրենց ընտանիքներուն:

Ողջունելի այս ուխտագնացութեան, վստահ ենք, որ պիտի հետեւին այլ քայլեր: Ի միջի այլոց, կարելի է մտածել համակուսակցական մասշտապով դէպի Հայաստանի շրջաններ, Արցախ ու Ջաւախք ուխտագնացութիւն կազմակերպել, մանաւանդ ա՛յս տարի, երբ պիտի նշենք կուսակցութեան հիմնադրութեան 125ամեակը:

 


comments