Հայ Յեղափոխութեան Գաղափարի Սերմնացանները

By Asbarez | Tuesday, 03 March 2015

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

 

Հայ յեղափոխութիւնը յանկարծակի ու անսպասելի կերպով չպայթեցաւ։ Անիկա արդիւնքն էր շուրջ կէս դարու գաղափարական խմորումի, հայու միտքի ու հոգիի հերկերուն մէջ ցանուած ազգային ազնիւ սերմերու պոռթկումին։ Անիկա սկսաւ նախ անջատ-անջատ խմբակներով, ապա վերածուեցաւ համաժողովրդական շարժումի։ Պատմութիւնը նոյնքան երախտագիտութեամբ կը գնահատէ հայուն իրաւունքը, պատիւը իրենց արեան գնով պաշտպանող հայ ֆէտայիներու գործը, որքան հայ մարտիկին մղում եւ թռիչք տուող գաղափարի սերմնացանները։


– Խաչատուր Աբովեան (1805-1848). արեւելահայ ազգային զարթօնքի ռահվիրաներէն, համալսարանական կրթութեան տէր դաստիարակ, հրապարակախօս, գործիչ, բանաստեղծ ու վիպասան։ Առաւելաբար ան ճանչցուած է իր <<Վերք Հայաստանի>> վէպով, ուր ան կ՛ողբայ Հայաստանի թշուառ վիճակը, ապա կը սերմանէ յեղափոխութեամբ՝ զէնքի ուժով, իր իրաւունքն ու պատիւը պաշտպանելու գաղափարը՝ իրաւազրկուած ու ստրուկի վերածուած հայ գիւղացիի հոգիին մէջ։
– Հայր Ղեւոնդ Ալիշան (1820-1901). Ս. Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան վանական։ Եւրոպական բարձր կրթութեան տէր մտաւորական, բանասէր, դաստիարակ, բանաստեղծ, հեղինակ բազմաթիւ երգերու եւ գիրքերու։ <<Բամբ Որոտան>>ը եղաւ հայ երիտասարդութիւնը դէպի <<Ի զէն ու վրէժ>> մղող ամենասրտաթունդ ռազմերգերէն մէկը։ Աւելի քան մէկ եւ կէս դար ետք, այս երգը տակաւին կը պահէ իր լայն ժողովրդականութիւնը։


– Մկրտիչ Խրիմեան, Հայոց <<Հայրիկ>>ը (1820-1907). կաթողիկոս, վիպասան, բանաստեղծ, հրապարակագիր, ազգային գործիչ։ 19րդ դարու հայ իրականութեան ամէնէն տիրական դէմքերէն։ Իր հրատարակած <<Արծուի Վասպուրական>>, <<Արծուիկ Տարօնոյ>> ամսաթերթերը Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ տպուած առաջին թերթերը եղան, ուր ան իր բողոքի ձայնը բարձրացուց կառավարութեան պաշտօնեաներու եւ քիւրտ աւազակներու գործած բռնութիւններուն եւ հարստահարութիւններուն դէմ։ Իր բանաստեղծութիւններով, վէպերով, ան հայրենի հողի սիրոյ ջատագովը եւ հայ նահապետական ընտանիքի սրբութեան քարոզիչը հանդիսացաւ։


Խրիմեան Հայրիկ գլխաւորեց Պերլինի վեհաժողովին մասնակցող հայ պատուիրակութիւնը։ Օտար պետութիւններէն կրած իր յուսախաբութիւնը ան արտայայտեց <<Երկաթէ շերեփ>>ի համբաւաւոր իր պատգամով, որ հայ ժողովուրդին ուղղուած հրաւէր մըն էր՝ իր փրկութիւնը զէնքին ու յեղափոխութեան վստահելու։ Յեղափոխութեան վրայ իր ունեցած հաւատքին լաւագոյն արտայայտութիւնն էր հետեւեալ յայտարարութիւնը. <<Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հայկական նոր ասպետութիւնն է։ Ելէ՛ք, ելէ՛ք, հայ ժողովուրդ, արձանագրուեցէ՛ք հայ նոր ասպետութեան, թեւ ու թիկունք տուէք անոր, զի խաչին ու մաճին հետ, փրկարար է նաեւ սուրը>>։


– Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (1828-1864). բանաստեղծ, երգահան, հասարակական գործիչ, հայութեան միասնականութեան ջատագով։ Այս մասին սրտառուչ են հետեւեալ տողերը. <<Տուր ինձ քո ձեռք, եղբայր ենք մենք, որ մրրկեաւ էինք զատուած>>։ Զէյթունի 1862ի ապստամբութիւնը ան անմահացուցած է <<Թաղումն քաջորդւոյն>> եւ <<Հայ քաջորդի>> ոտանանաւորներով, որոնք երգի վերածուեցան եւ տասնամեակներ շարունակ երգուեցան եւ յուզեցին հայոց սիրտերը։


– Ռափայէլ Պատկանեան (Գամառ Քաթիպա), (1830-1890). բանաստեղծ, հրապարակագիր, դաստիարակ։ Ան իր բանաստեղծութիւններով, որոնցմէ շատերը երգի վերածուցան, ողբաց հայ ժողովուրդին թշուառ վիճակը, ապա յեղափոխական ոգի ներշնչեց հայ երիտասարդութեան։ <<Արաքսի արտասուքը>>, <<Լռեց։ Ամպերը եկան, ծածկեցին…>>, <<Հիմի՞ էլ լռենք>>՝ Գամառ Քաթիպայի այս երգերը դասական դարձած են ու կը պահեն իրենց ժողովրդականութիւնը մինչեւ այսօր։


– Ծերենց (բժ. Յովսէփ Շիշմանեան), (1822-1888). իր հեղինակած պատմավեպերով՝ <<Թորոս Լեւոնի>>, <<Թէոդորոս Ռշտունի>>, <<Երկունք>>, բիւզանդական եւ արաբական տիրապետութեանց դէմ մղած ազատագրական պայքարի փայլուն օրինակները տալով, Ծերենց հայ երիտասարդութիւնը փորձած է ներշնչել յեղափոխական գաղափարներով։


– Միքայէլ Նալբանդեանց (1829-1866). բանաստեղծ, վիպասան, հրապարակագիր, յեղափոխական գործիչ։ Ան սերտ կապեր հաստատած է 19րդ դարու կէսերուն Իտալիոյ Կարիպալտիական շարժման եւ Ռուսիոյ յեղափոխական կուսակցութիւններու պարագլուխներուն հետ։ Գրած է <<Երկրագործութիւնը Որպէս Ուղիղ Ճանապարհ>> գործը, որ այլաբանական ձեւն է <<Յեղափոխութիւնը Որպէս Ուղիղ Ճանապարհ>>ին։ Առաւելաբար ծանօթ է <<Ազատն Աստուած>> եւ <<Իտալացի աղջկան երգը>> քերթուածներով։ Վերջինս փոփոխութեան ենթարկուած է եւ <<Մեր Հայրենիք>> խորագիրը ստանալով, դարձած է հայոց ազգային երգը (քայլերգը)։


– Րաֆֆի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան), (1835-1888). հայ իրականութեան ամէնէն ժողովրդական գրագէտներէն։ Իր վէպերուն թեման եղաւ յեղափոխութիւնը։ <<Խենթը>>, <<æալալեդդինը>>, <<Կայծերը>>, <<Դաւիթ Բէկը>>, <<Խամսայի Մելիքութիւնները>>, 19րդ դարու վերջերուն հայ երիտասարդութեան գաղափարական խմորումի հնոցներ հանդիսացան։ Երեւակայական իր հերոսներով՝ Ֆարհադով, Վարդանով, Կարոյով, Ասլանով եւ տակաւին ուրիշներով, Րաֆֆի կազմեց նախատիպերը հայ ֆէտայիներուն՝ Արաբոյի, Մխոյի, Շէրոյի, Չաթօ, Աղբիւր Սերոբ, Մակար, Գէորգ Չաւուշի, Անդրանիկի, Մուրատի, Նիկոլ Դումանի… Իր ժամանակի եւ յաջորդող տասնամեակներու հայ ընթերցողի ամէնէն փնտռուած գրագէտն ու յեղափոխութեան խորհրդանիշը դարձաւ Րաֆֆին։


– Մկրտիչ Փորթուգալեան (1848-1921). հրապարակախօս, դաստիարակ, ազգային գործիչ։ Վանի մէջ հիմնած է իր վարժապետանոցը, ուր պատրաստած է ուսուցիչներու եւ յեղափոխականներու լուրջ սերունդ մը։ 1886ին ան հիմնած է <<Արմէնիա>> թերթը, Մարսէյ (Ֆրանսա) եւ յեղափոխական քարոզչութիւն տարածած է։ Իր աշակերտներէն Մկրտիչ Թէրլէմէզեան (յեղափոխական ծածկանունով Աւետիսեան), Վանի մէջ հիմնած եւ յիշեալ թերթին անունով <<Արմէնական>> կոչած է հայոց առաջին յեղափոխական կուսակցութիւնը։


– Գրաւոր թէ բանաւոր յեղափոխական գնահատելի քարոզչութիւն կատարած են նաեւ՝ Յարութիւն Չաքըրեան (Զէյթուն, Պոլիս), Եղիա Տեմիրճիպաշեան (Պոլիս), Մկրտիչ Սարղըեան (Մուշ), Ներսէս Աբէլեան (Մոսկուա), Կարապետ Ղումրիկեան (Երզընկա, Քղի), Արփիար Արփիարեան (Պոլիս) եւ ուրիշներ։

ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ

Ազգային զարթօնքին զուգընթաց, նաեւ յեղափոխական գաղափարներ սերմանելու գնահատելի գործ կը կատարեն հայ մամուլի հետեւեալ օրգանները.
– <<Արծուի Վասպուրականի>>, <<Արծուիկ Տարօնոյ>> թերթերը (տես. Խրիմեան Հայրիկ).
– <<Փունջ>>, Պոլիս (1870ական թուականներուն). հիմնուած է Եղիշէ վրդ. Այվազեանի կողմէ։ Յեղափոխականաշունչ այս թերթին կ՛աշխատակցին Եղիա Տեմիրճիպաշեան եւ ուրիշներ.
– <<Մշակ>>, Թիֆլիս. հիմնուած է ազգային շեշտուած նպատակներու եւ ազատամիտ գաղափարներու ջատագով Գրիգոր Արծրունիի կողմէ։ <<Մշակ>>ին կ՛աշխատակցին ժամանակի ամենայեղափոխական գրողները՝ Մ. Նալբանդեանց, Ծերենց, Րաֆֆի եւ ուրիշներ.
– <<Հիւսիսափայլ>>, Մոսկուա. կը հրատարակուի խմբագրութեամբ լուսամիտ մտաւորական Ստեփան Նազարեանցի։ Կ՛աշխատակցին Մոսկուայի եւ Փեթերսպուրկի հայ ուսանողութեան ընտրանին՝ Միքայէլ Նալբանդեան, Սմբատ Շահազիզ, նաեւ՝ Րաֆֆին.
– <<Երիտասարդ Հայաստան>>, Պոլիս. կ՛աշխատակցին Արփիար Արփիարեան, Ստեփան Փափազեան, Մինաս Չերազ, Ե. Տեմիրճիպաշեան, Մ. Փորթուգալեան եւ ուրիշ յեղափոխական գաղափարներու ջատագով գրողներ.
– <<Արմէնիա>>, Մարսէյլ. (տես.՝ Մկրտիչ Փորտուգալեան).
– <<Մասիս>>, Պոլիս. կ՛աշխատակցին (ոմանք խմբագիրի հանգամանքով) Գրիգոր Զոհրապ, Ա. Արփիարեան, Միքայէլ Շատմաճեան եւ ուրիշներ, մերկացնելով գաւառներու մէջ հայերու դէմ կատարուած բռնութիւնները եւ բողոքելով կառավարութեան անտարբերութեան դէմ.
– <<Մամուլ>>, Պոլիս. Հայկական Հարցը արծարծող թերթ, որ ծանօթ է նաեւ հայոց ազգային միասնականութիւնը երկպառակտողները դատապարտող, գաւառներու բռնութիւններու դէմ բողոքի իր յանդուգն գրութիւններով.
– <<Ազատութեան աւետաբեր>>, Մոսկուա. օրգան <<Հայրենասէրների միութիւն>>ի։ Կ՛աշխատակցին ռուսական յեղափոխական գաղտնի կազմակերպութիւններու (<<Նարոդնայա Վոլեա>> եւ ուրիշներ) մասնակից հայ ուսանողներ եւ մտաւորականներ։
Կային նաեւ հայ մամուլի ուրիշ օրգաններ, որոնք եթէ ոչ յեղափոխական շեշտուած գրութիւններով, բայց ազգային նկարագիրով իրենց բովանդակութեամբ, սատարեցին յեղափոխական տրամադրութիւններու տարածման հարցին։

ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ ԲՋԻՋՆԵՐ

– <<Սեւ Խաչ>>. գաղտնի կազմակերպութիւն, հիմնուած 1873ին, Վան։ Նպատակն էր Վասպուրականի հայ երիտասարդութիւնը զինել եւ ինքնապաշտպանութեան պատրաստել։
– <<Պաշտպան հայրենեաց>> կամ <<Գաղտնի կազմակերպութիւն Բարձր Հայոց>>, հիմնուած 1881ին, Կարին։ Նպատակն էր զինեալ խմբակներ ստեղծել, զինավարժութիւն կատարել եւ հայ գիւղացիութիւնը պաշտպանել թուրք եւ քիւրտ աւազակներու եւ պետական պաշտօնեաներու բռնութեանց դէմ։
– <<Միութիւն եւ փրկութիւն>>. գաղտնի կազմակերպութիւն Վանի մէջ՝ յեղափոխական գաղափարներու տարածման նպատակներով։
– <<Հայրենասէրների միութիւն>>. յեղափոխական նպատակներ հետապնդող հայ ուսանողներու կազմակերպութիւն Մոսկուայի մէջ, ուր ան կապեր հաստատած էր ռուս յեղափոխականներու հետ։
– <<Սանկ Փեթերպուրկի ուսանողական միութիւն>>. դարձեալ յեղափոխական քարոզչութիւն կատարող կազմակերպութիւն Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ։
– <<Երիտասարդ Հայաստան>>, Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ ընկերներու կողմէ կազմուած գաղտնի կազմակերպութիւն Թիֆլիսի մէջ, ուր յեղափոխական նոյն նպատակներով առաջնորդուող <<Միացեալ ընկերութիւն>> խմբակին հետ, անոնք շուտով կորիզը պիտի դառնան <<Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն>> կուսակցութեան։
– <<Հայ Յեղափոխական Ընկերութիւն>>, Յ. Չագրեանի կողմէ հիմնուած գաղտնի կազմակերպութիւն, Պոլիս։
– <<Ղարաբաղի Ոյժ>>, գաղտնի կազմակերպութիւն, Շուշի։
– <<Երեւանի ազգասէրների խմբակ>>, ուսանողական գաղտնի խմբակ։

ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ
ԳՈՐԾԻ ԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐ

– Արաբօ եւ Մխօ. Սասունի մէջ ֆէտայական շարժման ռահվիրաներ, որոնք 1885էն սկսեալ զինեալ պայքարի ձեռնարկեցին.
– Յունօ (Յարութիւն Տէր Մարտիրոսեան), իր զինեալ խումբով ահն ու սարսափը դարձաւ Ալաշկերտի շրջանի թուրք եւ քիւրտ ասպատակներուն, 1880ական թուականի վերջերուն.
– Շէրօ եւ Չաթօ, Վասպուրականի մէջ քիւրտ աւազակապետներու հայ նեմեսիսները։ Անուս այս մարտիկները շրջանի մէջ հայ յեղափոխութեան նախակարապետները հանդիսացան.
– Գալուստ Արմէնեան, Երզնկայի եւ Քիղիի շրջաններուն առաջին յեղափոխական ղեկավարը, իր մարտիկներով, արժանի պատիժը տուաւ թուրք պաշտօնեաներուն եւ քիւրտ ասպատակներուն.
– Տերսիմի Քեռի (Ռուբէն Շիշմանեան), Գ. Արխանեանի զինակիցը, կազմեց իր սեփական զինեալ խումբը եւ ահ ու սարսափ տարածեց հայ գիւղերու կեղեքիչներուն մէջ.
– Ժիրայր (Մարտիրոս Պոյաճեան), Եոզկատի եւ շրջակայքի հայերու ինքնապաշտպանութեան առաջին կազմակերպիչը.
– Տիգրան Օքոնեան, 10-15 հոգինոց իր զինեալ խումբով, 1888-1900 տարիներուն, բազմիցս կ՛անցնի Բասեն եւ կը պատժէ հայ գիւղերը թալանի ենթարկող թուրք եւ քիւրտ ասպատակները.
– Յովհաննէս Ագրիպասեան եւ Տիգրան Գօլոշեան, գաղափարապաշտ երկու երիտասարդներ՝ դէպի Վան զէնքով ուղեւորութեան ընթացքին, թուրք-պարսկական սահմանագլուխին մօտ կռուի կը բռնուին քիւրտ համիտիէներու հետ եւ կը նահատակուին.
– Զինեալ ինքնապաշտպանութեան առաջին զգայացունց դէպքը կ՛ըլլայ Կարնոյ առաջնորդարանին առջեւ պատահած համաժողովրդային դիմադրութիւնը, 1890ի Յունիսին։ Այս դէպքը մեծ յուզում կը յառաջացնէ հայկական գաւառներէն մինչեւ Պոլիս ու Կովկաս.
– Հայ յեղափոխական շարժման ստեղծման ու ծաւալման հարցերուն մէջ նշանակալից դեր կը կատարեն Սասնոյ գիւղերու մէջ, 1860-1885 թուականներուն պատահած զինեալ դիմադրութիւններն ու Զէյթունի 1862ի եւ 1877-1878ի ապստամբութիւնները։
***
Վերոնշեալ հանգրուաններէն անցնելէ ետք, հայ յեղափոխութիւնը կազմակերպուած եւ համաժողովրդային բնոյթ կը ստանայ, երբ կը հիմնուին՝
Արմենական կուսակցութիւնը, 1885ին, Վան
Հնչակեան կուսակցութիւնը, 1887ին, Ժընեւ (Զուիցերիա)
Հայ Յեղափոխականներու Դաշնակցութիւնը, 1890, Թիֆլիս։

 


comments