<<ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ` ՍՓԻՒՌՔԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՎ>>, <<ԳԱՆՁԱՍԱՐ>>ԻՆ Կ՛ԸՍԷ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄ ԲԵՆԻԱՄԻՆ ՊՉԱՔՃԵԱՆ

By Kantsasar | Tuesday, 19 May 2015

 


Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն ու կա­րիք­նե­րուն իրա­զեկ դառ­նա­լու հա­մար անց­նող օրե­րուն Հա­լէպ այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դ. բիւ­րո­յի ան­դամ Բեն­ի­ա­մին Պչաքճ­եան: Այս առի­թով <<Գան­ձա­սար>> հե­տեւ­եալ հար­ցազ­րոյ­ցը ու­նե­ցաւ անոր հետ:
* * *
<<Գան­ձա­սար>>- Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը կը բնու­թագր­ուի շարք մը նուա­ճում­նե­րով, մի­ա­ժա­մա­նակ սա­կայն աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան փո­փո­խա­կան իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւոր­ուած սպառ­նա­լիք­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւնը կը ջլա­տեն հան­րա­պե­տու­թեան ներ­քին կեան­քի կարգ մը բա­ցա­սա­կան իրո­ղու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս` թոյլ տն­տե­սու­թիւնը, աշ­խա­տե­ղե­րու պա­կա­սը, ար­տա­գաղ­թը եւայլն:
Ձեր կար­ծի­քով, ի՞նչ է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան լի­ար­ժէք ան­կա­խու­թեան եւ անվը­տան­գու­թեան երաշ­խի­քը:

Բեն­ի­ա­մին Պչաքճ­եան- Նախ պէտք է ըն­դու­նիլ, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը այ­սօր ազ­գա­յին անշր­ջան­ցե­լի ար­ժէք է մե­զի հա­մար եւ ի գին ամէն ին­չի պէտք է պահ­պա­նել զայն: Այդ ան­կա­խու­թիւնը մենք ձեռք բե­րած ենք, եւ այ­սօր ու­նինք պե­տա­կա­նու­թիւն, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի իղ­ձե­րու իրա­կա­նաց­ման առա­ջին հանգր­ուա­նը կա­րե­լի է հա­մա­րել: Նկա­տի ու­նե­նա­լով որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը նո­րաս­տեղծ հան­րա­պե­տու­թիւն մըն է, երի­տա­սարդ է տա­կա­ւին ու հիմն­ուած` նախ­կին Սո­վե­տա­կան Միու­թեան փլու­զու­մէն ետք, ան­շուշտ որ մեծ դըժ­ուա­րու­թիւն­նե­ր դի­մագ­րա­ւեց ու կը շա­րու­նա­կէ դի­մագ­րա­ւել: Առա­ջին դժ­ուա­րու­թիւնը 1988-ի երկ­րա­շարժն ու անոր մեր երկ­րին հաս­ցու­ցած մեծ վնասն էր, երկ­րոր­դը` ար­ցախ­եան ազա­տա­մարտն էր, որուն հա­մար մեծ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րու գա­ցինք ե՛ւ իբ­րեւ ժո­ղո­վուրդ, ե՛ւ իբ­րեւ նե­րուժ, եր­րոր­դը` տն­տե­սա­կան հա­մայ­նա­վար դրու­թե­նէն ազատ շու­կա­յա­կան տն­տե­սու­թեան դրոյթ ան­ցումն էր, որուն յար­մա­րե­լու հա­մար բնա­կա­նա­բար դըժ­ուա­րու­թիւն­ներ պի­տի յա­ռա­ջա­նա­յին, եւ վեր­ջա­պէս` Հա­յաս­տա­նի շր­ջա­փա­կու­մը Թուրք­իոյ եւ Ազր­պէյ­ճա­նի կող­մէ: Այս բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով պէտք է հաս­տա­տենք, որ Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւնը այս քսան տար­ուան ըն­թաց­քին մեծ նուա­ճում­ներ ար­ձա­նագ­րած է: Ճիշդ է, որ այս նուա­ճում­նե­րը չեն հա­սած մեր բո­լո­րին ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն մա­կար­դա­կին, սա­կայն մենք մեծ ոս­տում­ներ ու­նե­ցած ենք: Փաս­տօ­րէն այ­սօր մենք ու­նինք ժո­ղովըր­դա­վա­րա­կան սկզ­բունք­նե­րու հի­ման վրայ ստեղծը­ւած պե­տա­կա­նու­թիւն, ու­նինք հզօր բա­նակ, որ մեր երկ­րի անվ­տան­գու­թեան երաշ­խիքն է եւ ու­նինք ազա­տագր­ուած տա­րածք­ներ. մեր հայ­րե­նի­քի հիմ­նա­կան մէկ տա­րած­քը` Ղա­րա­բա­ղը այ­սօր ազա­տագր­ուած է: Ան­շուշտ ներ­քին իմաս­տով կան դժ­ուա­րու­թիւն­ներ, որոնք վայրկ­եան առաջ պէտք է յաղ­թա­հա­րել: Այս իմաս­տով, մենք` իբ­րեւ կու­սակ­ցու­թիւն, նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ որ­դեգ­րած ենք, որոնք քայլ առ քայլ կ՛իրա­կա­նա­նան: Անոնց­մէ կա­րե­լի է յի­շել երկ­քա­ղա­քա­ցիութ­եան օրէն­քը, որ մե­զի հա­մար մեծ ապա­հո­վու­թիւն է եւ որուն հի­ման վրայ Հ.Հ. կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս ամ­բողջ հա­յու­թեան հայ­րե­նի­քը: Տն­տե­սա­կան առու­մով եւս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու դի­մած ենք, որոշ օրէնք­ներ խորհր­դա­րա­նէն ներս վա­ւե­րաց­ուած են, եւ տա­կա­ւին պէտք է վա­ւե­րաց­նել շարք մը օրէնք­ներ, որոնք կ՛ապա­հո­վեն տն­տե­սու­թեան մր­ցու­նա­կու­թիւնը, առանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րու վե­րա­ցու­մը, կ՛ամ­րագ­րեն ազատ շու­կա­յա­կան մր­ցակ­ցու­թեան սկզ­բունք­նե­րը: Այս բո­լո­րին եւ նուա­զա­գոյն զամ­բիւ­ղի հար­ցին հա­մար մենք աշ­խա­տանք կը տա­նինք: Օրի­նա­կան գետ­նի վրայ 25 տա­րի է իվեր կը հե­տապն­դենք սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան հար­ցը: Այ­սօր մենք կ՛ու­զենք, որ Հա­յաս­տա­նը նա­խա­գա­հա­կան դրու­թե­նէն անց­նի խորհր­դա­րա­նա­կան դրու­թեան հա­մա­կար­գին, եւ սա իր ըն­թաց­քը ստա­ցած է ար­դէն: Կը յու­սանք, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը իր լրու­մին հաս­նի եւ մեր եր­կի­րը քայլ մը առ­ջեւ եր­թայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, ըն­կե­րա­յին ար­դա­րութ­եան, ազատ մր­ցակ­ցու­թեան մէջ եւ ընդ­դի­մութ­եան վե­րահս­կե­լիու­թիւնը իշ­խա­նու­թեան վրայ առա­ւել ար­դիւ­նա­ւէտ դառ­նայ:

<<Գ.>>- Իսկ որ­քանո՞վ կա­յա­ցած կը հա­մա­րէք իշ­խա­նու­թիւն-ընդ­դի­մու­թիւն ամ­բող­ջա­կան հա­մա­կար­գը:

Բ.Ն.- Տա­կա­ւին ան­շուշտ շատ ճամ­բայ ու­նինք կտ­րե­լիք, որ­պէս­զի ստեղծ­ուի մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան այն փոխվըս­տա­հու­թիւնը, ուր ընդ­դի­մու­թիւնը կա­րո­ղա­նայ վե­րահս­կել իշ­խա­նու­թեան քայ­լե­րուն, իշ­խա­նու­թիւնն ալ պէտք եղած յար­գան­քով մօ­տե­նայ ընդ­դի­մու­թեան տե­սա­կէտ­նե­րուն եւ կար­ծիք­նե­րուն: Այ­սօր Հա­յաս­տա­նը թէ՛ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ, թէ՛ քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ, թէ՛ Հայ Դա­տի իմաս­տով այն­պի­սի կա­ցու­թեան մէջ է, որ մենք մեր բո­լոր ու­ժե­րու հա­մա­գոր­ծա­կցու­թեան կա­րիքն ու­նինք: Փաս­տը ցոյց տուաւ, որ մենք շատ բա­ներ կր­նանք իրա­գոր­ծել, երբ մէկ բռունցք ըլ­լանք: 100ամ­եա­կի մեր ձեռ­նարկ­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւնը ցոյց տուաւ, որ երբ Սփիւռք-Հայ­րե­նիք-Ղա­րա­բաղ եռ­եա­կը ձեռք-ձեռ­քի տայ, մեր ժո­ղո­վուր­դը մեծ նուա­ճում­նե­րու կր­նայ հաս­նիլ: Նոյ­նը պէտք է մենք կա­րո­ղա­նանք իրա­գոր­ծել Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան իրա­վի­ճա­կի բա­րե­լաւ­ման հա­մար: Մենք պէտք է կա­րո­ղա­նանք այն­պի­սի կա­ցու­թիւն ստեղ­ծել, ուր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ընդ­դի­մու­թեան հան­դէպ փո­խա­դարձ յար­գան­քի, փո­խա­դարձ վըս­տա­հե­լիու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թիւնը մաս­նա­կից դարձ­նե­լու մօ­տե­ցու­մով առաջ­նորդ­ուին: Ընդ­դի­մու­թիւնը իր կար­գին պէտք է կա­ռու­ցո­ղա­կան ընդ­դի­մու­թիւն ըլ­լայ եւ ոչ թէ պար­զա­պէս քու տեղդ ես նս­տի­մի հո­գե­բա­նու­թեամբ գոր­ծէ: Ընդ­դի­մու­թիւնը պէտք է կա­րո­ղա­նայ իր քայ­լե­րը այն­պէս ձե­ւա­ւո­րել, որ իշ­խա­նու­թեան դրա­կան քայ­լե­րը շե­փո­րէ, ժխ­տա­կան քայ­լե­րուն հա­մար ալ հաշ­ուե­տուու­թիւն պա­հան­ջէ: Մենք կը ձգ­տինք այս հա­մա­կար­գի ստեղծ­ման եւ կը կար­ծեմ, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը այս իմաս­տով խօ­սուն է, որով­հե­տեւ մենք կա­ռու­ցո­ղա­կան ընդ­դի­մու­թիւն ենք, հա­կա­ռակ այն բո­լոր ըս­ուած­նե­րուն եւ մա­մու­լի մէջ գր­ուած­նե­րուն, որոնք եր­բեմն մեզ կ՛ամ­բաս­տա­նեն իշ­խա­նա­մէտ կամ կեղծ ընդ­դի­մու­թիւն ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քով. այս բո­լո­րը ան­հիմն զր­պար­տու­թիւն­ներ են: Մենք կա­ռու­ցո­ղա­կան ընդ­դի­մու­թիւն ենք, ինչ կը վե­րա­բե­րի հա­յու­թեան շա­հին, հայ­րե­նի­քի շա­հին, Հայ Դա­տի շա­հին մենք ամէն իմաս­տով գոր­ծա­կից ենք, բայց հա­յու­թեան շա­հե­րը վտանգ­ուե­լու պա­րա­գա­յին մենք մեր ըսե­լի­քը ու­նինք եւ եր­բե՛ք չենք զլա­ցած ըսե­լու:

<<Գ.>>- 3 Մա­յիս 2015-ին տե­ղի ու­նե­ցան Լ.Ղ.Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը: Ինչ­պէ՞ս կ՛ար­ժե­ւո­րէք ընտ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քը եւ Հ.Յ.Դ.-ի մաս­նակ­ցու­թիւնը այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Բ.Ն.- Օրին, Ղա­րա­բա­ղի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն գծով լաւ բնու­թագ­րում մը տր­ուե­ցաւ: Ղա­րա­բա­ղի ընտ­րու­թիւն­նե­րը կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ եղած պայ­քար չեն, այլ` կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պայ­քարն են ի նպաստ Ղա­րա­բա­ղին: Այն­տեղ վերջ ի վեր­ջոյ այն­պի­սի դրա­կան մթ­նո­լորտ մը կայ, ուր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը թէ­եւ մր­ցա­կից են, բայց նա­եւ գոր­ծա­կից` Ղա­րա­բա­ղի վե­րել­քին, Ղա­րա­բա­ղի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման, Ղա­րա­բա­ղի տն­տե­սու­թեան զար­գաց­ման, կա­յաց­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն մէջ: Այս իմաս­տով շատ դրա­կան էր թա­փան­ցիկ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզ­բունք­նե­րով, մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան ընտ­րու­թիւն­նե­րու կա­յա­ցու­մը: Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած էին եօթ կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, որոնց հին­գը այ­սօր խորհր­դա­րա­նին մաս կը կազ­մեն: Անոնց չոր­սը կամ երե­քը ար­դէն ընդ­դի­մա­դիր ճա­կատ կը կազ­մեն, բայց նա­եւ գոր­ծակ­ցող եւ Ղա­րա­բա­ղի պե­տա­կա­նու­թեան կա­յաց­ման ձըգ­տող կու­սակ­ցու­թիւն­ներ են:
Դաշ­նակ­ցու­թեան պա­րա­գա­յին, մենք գոհ ենք ար­ձա­նագր­ուած ար­դիւնք­նե­րէն, որով­հե­տեւ այ­սօր թէ՛ մեր տա­րած քա­րո­զար­շա­ւով եւ անոր նա­խոր­դող մեր ընդ­հա­նուր աշ­խա­տան­քով, թէ՛ քա­ղա­քա­կան մեր կեց­ուածք­նե­րով, թէ՛ ար­տերկ­րի մէջ մեր տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րով, Ղա­րա­բա­ղի ծա­նօ­թաց­մամբ, պե­տա­կա­նու­թեան ծա­նօ­թաց­մամբ, Ղա­րա­բա­ղի հար­ցի քա­րոզ­չու­թեամբ եւ թէ վե­րաբ­նա­կեց­ման աշ­խա­տանք­նե­րով մեր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րած ենք Ղա­րա­բա­ղի վե­րել­քին: Եւ ար­դա­րօ­րէն կր­նանք ըսել, որ Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դը այդ մէ­կը գնա­հա­տեց ու տե­սաւ, որ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը իր լու­ման ու­նի բե­րե­լիք Ղա­րա­բա­ղի պե­տա­կա­նու­թեան կա­յաց­ման մէջ:

<<Գ.>>- Հայ-ազր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նը կը շա­րու­նակ­ուի մնալ լար­ուած, Ազր­պէյ­ճանն ու Թուրք­ի­ան զայ­րա­ցած էին Ար­ցա­խի մէջ կա­յա­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րէն, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան նուա­ճում­նե­րէն: Սահ­մա­նը լար­ուած պա­հե­լու, Լ.Ղ.Հ.-ի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման կոչ­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը խո­չը­նդո­տե­լու այս ար­շա­ւին դի­մաց Հ.Յ.Դ.-ն, իր Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րով, ռազ­մա­վա­րա­կան ինչ­պի­սի՞ առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ ու­նի իր դի­մաց:

Բ.Ն.- Նախ խօ­սե­լով Ազր­պէյ­ճա­նի եւ Թուրք­իոյ զայ­րոյ­թին մա­սին պէտք է նշել, որ եթէ Ազըր­պէյ­ճա­նը ընտ­րու­թիւն­ներ կա­յաց­նէ այն­պէս, ինչ­պէս Լ.Ղ.Հ.-ի մէջ կա­յա­ցան ըն­տրու­թիւն­ներ, ապա Ազր­պէյ­ճա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկըզ­բունք­նե­րը կը յարգ­ուին, ընդ­դի­մու­թիւնը ըսե­լիք կ՛ու­նե­նայ եւ քայլ մը առ­ջեւ կր­նանք եր­թալ` իբ­րեւ փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն: Բայց դժ­բախ­տա­բար բո­լորս գի­տենք, որ այ­սօր Ազր­պէյ­ճա­նի մէջ թէ՛ մա­մու­լը, թէ՛ ազատ խօս­քի ար­տա­յայ­տու­թիւնը եւ թէ ընդ­դի­մու­թիւնը ամ­բող­ջու­թեամբ սահ­մա­նա­փակ­ուած են եւ ճն­շու­մի տակ, ատոր վկա­յու­թիւնը մի­ջազ­գա­յին բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կու­ տան: Մենք ճիշդ այդ պատ­ճա­ռով մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան պէտք է ցոյց տանք, որ Ազր­պէյ­ճա­նը ի՛նչ տե­սա­կի ժո­ղո­վուրդ է եւ մենք ի՛նչ, ի՛նչ տե­սա­կի ընտ­րու­թիւն­ներ կը կազ­մա­կեր­պենք, ի՛նչ տե­սա­կի պե­տու­թիւն կը կա­ռու­ցենք: Ճիշդ այս տար­բե­րու­թիւնն է, որուն վրայ պէտք է շեշտ դնենք: Մեր ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թիւնը վտանգ­ուած էր, մենք բնաջնջ­ման են­թա­կայ էինք Ազր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ: Մենք վե­րա­տի­րա­ցանք մեր իրա­ւունք­նե­րուն: Մեր ինք­նո­րոշ­ման իրա­ւուն­քի հի­ման վրայ իրա­ւունք ու­նինք այ­սօր մեր պե­տու­թիւնը կազ­մե­լու, մենք մեզ իշ­խե­լու, մենք մեզ զար­գաց­նե­լու եւ այդ զար­գաց­ման գոր­ծըն­թա­ցը ամ­բող­ջու­թեամբ կը հա­մընկ­նի եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն: Այս մէկն է, որ կո­րի­զը պի­տի կազ­մէ Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն: Հայ Դա­տի գրա­սեն­եակ­նե­րու մի­ջո­ցով հրա­ւիր­ուած դէ­տե­րը, որոնք կը հե­տե­ւէ­ին այս ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, կը վկա­յեն, որ այս ընտ­րու­թիւն­նե­րը ըն­թա­ցան ամ­բող­ջու­թեամբ թա­փան­ցիկ, ամ­բող­ջութ­եամբ ժո­ղովր­դա­վար սկզ­բունք­նե­րով:

<<Գ.>>- Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կին հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րը ինչ­պի­սի՞ հանգր­ուան­ներ նուա­ճեց եւ 100ամ­եա­կէն ետք գոր­ծե­լա­ո­ճի ինչ­պի­սի՞ փո­փո­խու­թիւն­ներ անհ­րա­ժեշտ են:

Բ.Ն.- Նախ ըսեմ, որ եթէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յիս­նամ­եա­կը եղաւ ան­կիւ­նա­դարձ մը, ուր հայ ժո­ղո­վուր­դը սկ­սաւ ապ­րիլ­եան ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րը սու­գէ վե­րա­ծե­լու քա­ղա­քա­կան աք­թի եւ ուր հա­յու­թիւնը մէկ­տեղ­ուե­ցաւ հա­կա­թուրք պայ­քա­րի թե­մա­յին շուրջ, ապա հարիւրամ­եա­կը այլ ան­կիւ­նա­դարձ մը դար­ձաւ, եւ մենք Հա­մա­հայ­կա­կան Հռ­չա­կա­գի­րով եկանք ամ­րագ­րե­լու այն իրո­ղու­թիւնը, որ հա­յու­թիւնը ոչ միայն ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ձգ­տող ժո­ղո­վուրդ է, այ­լեւ այդ ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը սր­բագ­րե­լու պա­հան­ջա­տէրն է: Մենք հայ­րե­նազր­կու­մի են­թարկ­ուած ենք, մենք ֆի­զի­քա­կան եւ նիւ­թա­կան մեծ կո­րուստ­ներ ու­նե­ցած ենք, որոնք պէտք է հա­տուց­ուին: Կա­րե­լի չէ միայն պա­հան­ջել ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը, որ ըն­թացք առած է եւ տա­րի­նե­րու աշ­խա­տան­քը իր պտու­ղը տուած է: Եթէ Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը այ­սօր կալ­ուած­նե­րու վե­րա­դար­ձի իմաս­տով դատ բա­ցած է, ապա անոր պի­տի յա­ջոր­դեն նա­եւ այլ քայ­լեր: Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան իրա­ւա­կան նա­խա­գիծ մը պատ­րաստ­ուած է ար­դէն մաս­նա­գէտ­նե­րու աշ­խա­տան­քով: Թէ­եւ այդ նա­խա­գի­ծը մեր կու­սակ­ցու­թեան ամ­բող­ջա­կան տե­սա­կէտ­նե­րը չի ցո­լաց­ներ, սա­կայն հիմք կր­նայ ծա­ռա­յել ցոյց տա­լու հա­մար, թէ մեր պա­հանջ­նե­րը ին­չի՛ վրայ պէտք է հիմն­ուին եւ մենք ի՛նչ կը պա­հան­ջենք այ­սօր: Նա­խա­գի­ծի այդ գր­քոյ­կը աս­տի­ճա­նա­բար պի­տի տա­րած­ուի, օրի­նա­կան հիմք ստա­նայ եւ մի­ջազ­գա­յին դա­տա­կան ատ­եան­նե­րու առ­ջեւ դր­սե­ւոր­ուի:

<<Գ.>>- Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յու­թեան հա­մար կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քը Սուր­իոյ տագ­նա­պի ընդ­հա­նուր ազ­դե­ցութ­եան ներ­քեւ լուրջ մարտահ­րա­ւէր­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ: Գա­ղու­թը կը նօս­րա­նայ եւ իր գո­յեր­թի դըժ­ուա­րա­գոյն հանգր­ուա­նը կ՛ապ­րի: Սուր­ի­ա­հա­յութ­եան նե­րու­ժը պահ­պա­նե­լու կոչ­ուած հա­մա­հայ­կա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան մը որ­դեգ­րու­մը աւե­լի քան անհ­րա­ժեշտ է այս հանգր­ուա­նին: Այս իմաս­տով ցարդ կա­տար­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը բա­ւա­րար կը հա­մա­րէ՞ք, մա­նա­ւանդ եթէ Սուր­իոյ տագ­նա­պը եր­կա­րի:

Բ.Ն.- Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը էր եւ է այն մի­ջա­վայ­րը, որ հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր դա­տին մէջ իր անժխ­տե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը ու­նե­ցած է: Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը այն մի­ջա­վայրն է, ուր մեր աւան­դա­կան ար­ժէք­նե­րը, լե­զուն անա­ղարտ ձե­ւով պահ­պան­ուած են, ուր մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քը դր­սե­ւոր­ուած է եւ այ­սօր մեր տար­բեր շըր­ջան­նե­րու կա­զմա­կեր­պա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ մենք կը հան­դի­պինք սուր­ի­ա­հա­յե­րու, որոնք այս դպ­րո­ցէն ան­ցած են եւ մեր ազ­գա­յին կեան­քին մէջ իրենց ներդ­րու­մը ու­նին: Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը իր ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է հա­յու­թիւնը յու­զող ամե­նադժ­ուար կա­ցու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման մէջ` երկ­րա­շար­ժի օրե­րուն, Ղա­րա­բա­ղի ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի օրե­րուն, Ղա­րա­բա­ղի վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան կա­յաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն: Սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րած է մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քին, եւ այ­սօր մենք պար­տա­ւո­րու­թիւնը ու­նինք իբ­րեւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն նա­եւ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը մի­աս­նա­բար դի­մագ­րա­ւե­լու: Մեր այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը այդ է, մօ­տէն տես­նել, թէ այ­սօր ի՛նչ տե­ղի կ՛ու­նե­նայ այս­տեղ: Եւ իս­կա­պէս որ ես լըր­ջօ­րէն տպա­ւոր­ուած եմ այն աշ­խա­տան­քով, որ լուռ ու մունջ կը տար­ուի այս­տեղ, թէ՛ մեր տղոց ցու­ցա­բե­րած օժան­դա­կու­թեամբ, մաս­նակ­ցութ­եամբ, օգ­նու­թեամբ, թէ՛ մեր կա­ռոյց­նե­րու կազ­մա­կերպ­ուա­ծու­թեամբ եւ այս բո­լո­րը առանց շե­փո­րե­լու եւ առանց քա­րոզ­չա­կան դր­սե­ւո­րում­նե­րու կը տար­ուին: Այս գա­ղու­թի կեն­սու­նա­կու­թիւնը զիս կ՛ապ­շեց­նէ: Այս կա­ցու­թեան մէջ, այս վի­ճա­կին մէջ կը­ տես­նեմ, որ ձեռ­նարկ­նե­րը ան­պա­կաս են, յի­շա­տա­կի օրե­րը ան­պա­կաս են: Կը տես­նեմ, որ երբ շէն­քեր փուլ կու­ գան, յա­ջորդ օրն իսկ վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ կը սկ­սին եւ ատի­կա կը պար­տինք մեր ժո­ղո­վուր­դին, մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, անոնց հե­տե­ւո­ղա­կա­նութ­եան: Մար­դիկ, որոնք հա­մոզ­ուած են, որ այս գա­ղու­թը պէտք է մնայ, պէտք է գո­յա­տե­ւէ, ընե­լիք ու­նի տա­կա­ւին, եւ ատոր հա­մո­զու­մը մենք բո­լորս ու­նինք եւ պէտք է ու­նե­նանք: Պէտք է ու­նե­նանք եւ այդ իմաս­տով վե­րա­բե­րինք այս գա­ղու­թին հետ: Այս գա­ղու­թը կա­րի­քը ու­նի հա­մա­հայ­կա­կան աջակցութեան` Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­-նի պե­տա­կա­նու­թեան հա­մադր­ուած աշ­խա­տանք­նե­րով: Այս գծով է, որ մենք պի­տի աշ­խա­տինք` հա­մախմ­բե­լու ու­ժե­րը, որ­պէս­զի այս գա­ղու­թը ինք­զինք ան­տէր չզ­գայ, զգայ որ ինչ­պէս ինք հա­սած էր մեր դժ­ուար օրե­րուն, նա­եւ իր դըժ­ուար օրե­րուն հա­մայն հա­յու­թիւնը նե­ցուկ կը կանգ­նի իրեն:

<<Գ.>>- Դուք եկաք, գետ­նի վրայ տե­սաք իրա­կա­նու­թիւն­ներն ու դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը, զոր կ՛ապ­րի սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը: Զանգ­ուա­ծա­յին շարք մը լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու մէջ կը տա­րած­ուին գա­ղու­թը պար­պե­լու մա­սին կար­ծիք­ներ: Ի՞նչ են ձեր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, գործ­նա­կան ի՞նչ քայ­լե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը կը տես­նէք այ­սօր:

Բ.Ն.- Ես չեմ ու­զեր խօս­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ մնալ: Կա­րե­լի է ըսել, որ դուք մեր բո­լո­րին զօ­րակ­ցու­թիւնը կը վա­յե­լէք, սա­կայն այդ մէ­կը պէտք է գործ­նա­կան ըլ­լայ: Ես միայն հպար­տան­քով ակա­նա­տես եղայ այդ բո­լոր կա­ցու­թիւն­նե­րուն, որոնց դէմ յան­դի­ման գտն­ուած է գա­ղու­թը: Տե­սայ վճ­ռա­կա­նու­թիւն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն մօտ, պարզ տղոց մօտ, որոնք կը գի­տակ­ցին գա­ղու­թի ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թեան ու հա­մազ­գա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան ու կառ­չած կը մնան անոր: Այդ վճ­ռա­կա­նու­թիւնն ու կո­րո­վը ին­ծի միայն յոյս կը ներշն­չեն եւ առա­ւել պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան կը մղեն, որ մենք նա­եւ պէտք եղած հո­գա­տա­րու­թիւնը ցու­ցա­բե­րենք այդ տղոց, այդ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն ու ժո­ղո­վուր­դին: Երկ­րորդ ու­շագ­րաւ երե­ւոյ­թը գա­ղու­թին մէջ բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ստեղծ­ուած մի­աս­նա­կա­նու­թիւնն է` դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը մի­աս­նա­բար դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար: Տար­բեր կու­սակ­ցու­թիւն­ներ, տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, տար­բեր հա­մայնք­ներ քով-քո­վի եկած են մեր ժո­ղո­վուր­դին անվ­տան­գու­թեան, մեր ժո­ղո­վուր­դին բա­րօ­րու­թեան, մեր ժո­ղո­վուր­դին օգ­նու­թեան հա­մար: Այս երե­ւոյ­թը գնա­հա­տե­լի է եւ փա­փա­քե­լի է, որ ոչ միայն տագ­նա­պի, այլ լաւ պայ­ման­նե­րու մէջ եւս այս մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը պահ­ուի: Գա­ղու­թէն ներս խու­ճա­պա­յին մթ­նո­լորտ չկայ:
Ես յա­ջո­ղու­թիւն ու կո­րով կը մաղ­թեմ այս գա­ղու­թին: Մենք ան­պայ­ման, որ մեր աջակ­ցու­թիւնը, մեր մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րենք այս գա­ղու­թի վե­րել­քին, այս գա­ղու­թի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը մի­աս­նա­բար դի­մագ­րա­ւե­լու հա­մար:

 


comments