By Հայկ Գայսէրեան - Հ.Յ.Դ. Աւստրալիա | Wednesday, 01 July 2015

- Հայկ Գայսէրեան - Հ.Յ.Դ. Աւստրալիա
Հակառակ այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի տարին տակաւին չէ աւարտած,( բազմաթիւ միջոցառումներ ծրագրուած են մինչեւ այս տարուան աւարտը )սակայն այս տարուան ամենէն կարեւոր ամիսը՝ Ապրիլն է: Այժմ երկու ամիսներ անցած են այդ կարեւոր ամիսէն եւ անհաւատալի իրականութեան դէմ յանդիման կը գտնենք մենք զմեզ, երբ կը փորձենք հպանցիկ հայեացք մը նետել Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցած մեծածաւալ միջոցառումներուն վրայ՝ հազարաւոր մղոններ հեռու մայր Հայրենիքէն:
Գաղութի զաւակներու մասնակցութիւնը Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած միջոցառումներուն աննախընթաց էր եւ պէտք էր որ այդպէս ըլլար: Միասնականութեան ուժը ձախողութեան մատնեց արիւնարարբու Թուրքին կատարած բոլոր աշխատանքները: Թուրք պետութեան փորձը շահագործելու ANZAC-ի հարիւրամեակը անլսելի դարձնելու համար Հայ ժողովուրդին ձայնը Աւստրալիոյ մէջ՝ թշնամիին համար մնաց անիրականանալի երազ...:
Թող դէպքերն ու թուանշանները խօսին.
Ա- Կիրակի 22 Մարտ 2015ին 12,000 անձեր, Հայ եւ ոչ Հայ, ներկայ գտնուեցան Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած Հայկական Փառատօնին:
Բ- Ուրբաթ 24 Ապրիլ 2015ին աւելի քան 100 Հայ գործատէրեր իրենց գործատեղերը փակեցին Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակին: Այս աշխատանքին արդիւնքով աւելի քան 1,000 Հայ եւ ոչ Հայ պաշտօնեաներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Գ- Ուրբաթ 24 Ապրիլ 2015ին աւելի քան 300 Հայ աշակերտներ (Հայկական եւ օտար վարժարաններէ) բացակայեցան իրենց ամէնօրեայ դպրոցական աշխատանքներէն եւ հաւաքուեցան Գօլստըն ճեմարանէն ներս եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Վերադարձ Դէպի Արմատներ» ծրագրին: Ծրագրին ընթացքին համալսարանական դասախօսներ անոնց խօսեցան Ցեղասպանութեան մասին:
Դ- Աւելի քան 1,500 ցուցարար Հայեր իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին Սիտնիի Թուրքիոյ հիւպատոսրանին առջեւ:
Ե- Աւելի քան 1,000 Հայորդիներ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին Մելպուրնի Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ:
Զ- Աւելի քան 2,200 հայորդիներ ներկայ գտնուեցան Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած կարեւորագոյն միջոցառման որ տեղի ունեցաւ Սիտնիի Town Hallի սրահէն ներս:
Է- Աւելի քան 1,000 հայորդիներ ներկայ գտնուեցան Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած միջոցառման Մելպուրնի մէջ:
Ը- Կիրակի 26 Ապրիլ 2015ին 4,000է աւելի հայորդիներ իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄի կազմակերպած Ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած տողանցքին:
Թ- Շաբաթ 2 Մայիս 2015ին մօտ 2000 հայորդիներ մասնակցեցան Սիտնիի St Mary’s տաճարին մէջ տեղի ունեցած սուրբ եւ անմահ պատարագին: Պատարագը մատուցեց թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեանը իսկ քարոզեց Սիտնիի Կաթոլիկ Համայնքապետ Անթընի Արքեպիսկոպոս Ֆիշըրը:
Ժ- Ապրիլ ամսուան ընթացքին Ryde շրջանի քաղաքապետարանը Ցեղասպանութեան 100 ամեակի առիթով հաստատեց Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
ԺԱ- Ուիլլուպի շրջանի քաղաքապետարանը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Վերոյիշեալ միջոցառումներուն կողքին տեղի ունեցան այլ միջոցառումներ եւ աշխատանքներ որոնց մասնակցեցան հարիւրաւոր հայորդիներ ինչպէս պատմամշակութային երեկոն Concourse սրահէն ներս, Meadowbankի մէջ Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարին մօտ ծաղեկպսակի զետեղումը եւ անոր յաջորդող Rydeի քաղաքապետարանի պատշաճ գեղարուեստական յայտագիրը, Էքիւմէնիք Աղօթք եւ ցուցահանդէս St Stephen’s Uniting Churchի մէջ, «Կարմիր Կիրակի» գեղարուեստական ձեռնարկը եւ Գօլստըն ճեմարանի մէջ խաչքարի օրհնութիւնը, Նիու Սաութ Ուէլզ նահանգի խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած նկարչական ցուցահանդէսը, արիւնատուչութեան արշաւը, լուռ բողոքի ցոյցեր Քուինզլանտ եւ Արեւմտեան Աւստրալիոյ նահանգներուն մէջ, թատերական ներկայացում Հարաւային Աւստրալիոյ նահանգին մէջ, քարոզարշաւներ եւ նմանաօրինակ այլ ձեռնարկներ:
Իրականութիւն է, որ բոլոր միջոցառումները լաւապէս ծրագրուած եւ կազմակերպուած էին: Նաեւ իրականութիւն է որ միջոցառումներուն ընթացքին շրջանս ունեցաւ ուշագրաւ հիւրեր ինչպէս մարդկային իրաւանց իրաւաբան Պրն. Ճէֆրի Ռոպէրթսըն, Սիտնիի Կաթոլիկ Համայնքապետ Բարձրաշնորհ Անթընի Արքեպիսկոպոս Ֆիշըր: Աննախընթաց երեւոյթ էր նաեւ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ձեռնարկներու մասին տեղական լրատուութիւնը՝ թերթերու մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածները, հեռարձակուած տեսանիւթերը եւայլն:
Սակայն գերագոյն իրականութիւնը այն է, որ այս միջոցառումներուն յաջողութեան հիմնական պատճառը մեր գաղութն է:Դուք...Մենք...բոլորս պատրաստ էինք յիշատակելու ցեղասպանութեան հարիւրամեակը եւ պատրաստ էինք նաեւ մէկ անձի նման հպարտօրէն բարձրացնելու մեր արդար պահանջքները:
Արդարութեան համար պայքարը ժողովրդային կամք կը պահանջէ բայց նաեւ կը կարօտի ժողովուրդին միասնական աշխատանքին: Աւստրալիոյ մէջ մենք մեր ներկայութեամբ մեր արիւնարբու թշնամուն, որ կը կարծէր թէ հարիւրամեակը վերջակէտ պիտի ըլլար մեր պայքարին, ապացուցինք որ հարիւրամեակը մեկնակէտ է: Եւ...աւելի զօրաւոր մեկնակէտ:
Այս է միասնականութեան ուժը որ մենք ցոյց տուինք մեր արդարութեան ճանապարհին ընթացքին:
Իբր Հայ ժողովուրդի անդամներ միասնականութեան ուժի միջոցաւ մենք կրնանք լեռներ շարժել:
Հայ դատին ի նպաստ տարուած աշխատանքները միշտ ալ համախմբած են Հայութիւնը:Մենք պէտք է նման ձեւով միասնական աշխատանք տանինք ազգային մարզերու մէջ ինչպէս՝ Հայապահպանման, Հայաստանապահպանման եւ Արցախապահպանման աշխատանքներուն: Նման ձեւով նաեւ պէտք է աշխատինք ներքին իմաստով՝ քաջալերելով մեր գաղութի վարժարաններն ու աշխատանքները:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը զարթօնք մըն էր հայ ժողովուրդին համար ընդհարապէս եւ սփիւռքահայութեան համար յատկապէս:Պէտք է այս գաղափարը լաւապէս արմատացնենք:
Արարատը պիտի ըլլայ յաջորդ լեռը որ պիտի շարժենք:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է