By Asbarez | Saturday, 11 July 2015
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման խնդիրը Հայաստանի դիմագրաւած ներքին ընկերային ու տնտեսական բնագաւառի միակ հարցը չէ: Բազմաթիւներէն մէկն է: Սառցալերան միայն երեւցող մասն է: Տակաւին չենք խօսիր արտաքին քաղաքական խնդիրներու մասին, որոնք թէեւ բոլորովին այլ են (եւ այս յօդուածին ծիրէն դուրս կ՛իյնան), բայց եւ այնպէս բարեփոխման արժանի համապարփակ թղթածրարին մաս կը կազմեն:
Վայրագ դրամատիրութիւնը այսօր, համաշխարհային տարողութեամբ, յարձակողականի անցած է քիչ մը ամէն տեղ: Անոր գործածած զէնքերը երբեմն արիւն կը հոսեցնեն (Լիպիա, Սուրիա, Իրաք եւ այլն), իսկ երբեմն ալ անարիւն են, ինչպէս Յունաստանի, Սպանիոյ եւ այլ երկիրներու պարագային, ուր տնտեսական <<ժուժկալութեան>> կամ անխնայ սեփականաշնորհման ծածկին տակ, ամբողջ երկիրներ ու ժողովուրդներ կը խորտակուին, կը կողոպտուին ու կը գրաւուին:
Այս բոլորը Հայաստանի համար աննպաստ զարգացումներ են: Տնտեսական մենաշնորհները Արեւմուտքի մէջ աւեր կը գործեն. ա՛յն Արեւմուտքին, որ անցնող տասնամեակներուն ընթացքին, ի գին ժողովրդային բուռն պայքարներու, կրցած էր գէշ աղէկ հակամենաշնորհային օրէնսդրութիւն մշակել ու գործի դնել: Ալ ուր մնաց Հայաստանի մէջ, որ ցարդ զուրկ է այդ օրէնսդրական մշակոյթէն:
Հետեւաբար, ելեկտրականութեան սակի բարձացման խնդիրը պէտք է տեսնել միայն իբրեւ անմիջական լուծում պահանջող հարց, որ դարձեալ լուծման կարօտ աւելի համապարփակ թղթածրարի մը մէկ մասն է միայն:
Հետեւաբար, այս հարցին լուծումը, նոյնիսկ եթէ իտէալական ըլլայ ժողովուրդին համար, չի կրնար հարթել երկրին դիմագրաւած ներքին ընկերային ու տնտեսական տագնապը, ատոր ամբողջական թղթածրարը:
Այս բոլորը, ինչպէս խնդրոյ առարկայ բոլոր երկիրներուն մէջ, Հայաստանի պարագային եւս դուռ կը բանան ժողովրդային դժգոհութիւններու: Մանաւանդ Հայաստանի մէջ, ուր քաղաքական կառավարման համակարգը եւս ձախողակ վիճակի մէջ է:
Եւ հոս թաղուած է շան գլուխը:
Հայաստան չի կրնար այս ներքին տագնապին լուծումներ առաջադրել ներկայ քաղաքական համակարգով: Հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ ակնյայտօրէն խզում կայ այդ համակարգին (ու անոր ծնունդ տուող կառավարութեան) եւ ժողովուրդին միջեւ: Խզուած է Ժան Ժագ Ռուսոյի առաջադրած ներքին <<Ընկերային համաձայնութիւնը>> (Contrat Sociale):
Կրնայ հասկնալիօրէն առարկուիլ, թէ նոյն այս ժողովուրդն էր, որ մեծամասնութեամբ քուէարկեց այս իշխանութիւններուն: Սակայն այս առարկութիւնը կատարողները կը մոռնան, որ ա՛յդ եւս մաս կը կազմէ համակարգային տագնապին, այն իմաստով, որ համակերպումի, <<եոլա երթալու>> հոգեբանութիւնն է, որ շատերը կը մղէ քուէարկելու ի նպաստ ինքզինք սպառած համակարգին: Դեռ չենք խօսիր ընտրական չարաշահումներուն մասին, որոնք աւեր կը գործեն ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ:
(Այս մասնայատուկ նիւթով՝ փակագիծ մը: Անգլիան, որ կը համարուի ժողովրդավարութեան առումով դարերու ճամբայ կտրած երկիր, ահաւասիկ տարիներէ ի վեր կը կառավարուի այնպիսի իշխանութեամբ մը, որ ստացած է ժողովուրդի քուէներուն միայն մէկ երրորդը եւ ոչ թէ մեծամասնութիւնը: Ու այդ մէկ երրորդին կամքը կը պարտադրուի մնացեալ երկու երրորդին… Հո՛ն եւս համակարգի խնդիր կայ)։
1930ական թուականներուն, Մ. Նահանգներու նախագահ Ֆրենքլին Ռուզվելթ իր առաջադրած եւ գործադրութեան դրած New Deal-ով, նոր <<Ընկերային համաձայնութեան>> մը հիմը դրաւ, որ երկրին ապահովեց որակական ոստում մը՝ տնտեսական եւ ընկերային բնագաւառներէն ներս: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Արեւմուտքի որդեգրած Պրեթըն Վուտզի սկզբունքները նմանօրինակ ոստում ապահովեցին ամբողջ Եւրոպայի մէջ (ներառեալ Մ. Նահանգներու):
Ճիշդ է, Հայաստան չունի Մ. Նահանգներու կամ Եւրոպայի բնական պաշարները, նիւթական կամ մարդոյժի իմաստով: Բայց բնական պաշարներու հարստութիւնը միշտ չէ, որ բարօրութիւն ու բարգաւաճում կ՛ապահովէ. քարիւղ արտադրող շատ մը երկիրներ կը տուայտին ընկերային ու տնտեսական տագնապներու մէջ (Պահրէյն, Նիճերիա, Մեքսիքօ եւ այլն): Հո՛ս է, որ դեր կը խաղայ քաղաքական կառավարման առողջ համակարգը:
Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները կը գտնուին նոր <<Ընկերային համաձայնութիւն>> մը մշակելու անհրաժեշտութեան դիմաց: Ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ բողոքը աւելի երեւելի կը դարձնէ այս անհրաժեշտութիւնը:
Այս յօդուածագիրին համոզումով, նոր <<Համաձայնագիր>>ի առաջին նախապայմանը կառավարման համակարգի բարեփոխումն է՝ երկրի սահմանադրութեան մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններու միջոցով:
Որքան շուտ, այդքան լաւ: Մինչ այդ սակայն, հրապարակէն պէտք է հեռու մնան լարուածութիւնը բարձրացնելու ինքնակոչ ջատագովները, եւ պէտք է խուսափիլ արտաքին միջամտութիւններու համար նպաստաւոր ենթահող ստեղծող բոլոր տեսակի քայլերէ:
2 Յուլիս, 2015
vproodian@gmail.com
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է