Աչքը Կապելով Կամ՝ Վախցնելով

By Asbarez | Tuesday, 28 July 2015

Անգարայի դիւանագիտութիւնը երկու մարտավարական խաղերն ալ վարպետօրէն յառաջ տանելու համբաւ ունի:

Արեւմուտքի աչքը կապելով կամ անոնց անկառավարելի իրավիճակներու մղձաւանջը ներշնչելով՝ Թուրքիա իր օրակարգի կարեւորագոյն հարցը կը լուծէ՝ ապահովելով Արեւմտեան ուժերու գործակցութիւնն ու մեղսակից լռութիւնը:

<<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարելու միջազգային դիմումներուն ամիսներով խուլ ականջ մատուցած Թուրքիան, յանկարծ, ինչ-ինչ նկատառումներով, կը սկսի այդ չարիքին դէմ մղուած պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերելու:

Թուրքիոյ հետապնդած նպատակը այնքա՛ն պարզ է, որ դժուար թէ Անգարան նոյնիսկ զայն թաքուն պահելու ճիգ թափէ: Անգարայի վարպետութիւնը կը կայանայ այն փաստին մէջ, որ իր մեղսակցութեամբ ստեղծուած կացութեան մէջ, Արեւմուտքին ուրիշ հնար չի ձգեր բացի՝ ձեռամբարձ ընդունելէ իր պայմանները, որոնք իրեն կարելիութիւն պիտի տան՝

– Հաշուեյարդարի ենթարկելու քրտական զինեալ եւ քաղաքական ընդդիմութիւնը՝ իր սահմաններէն ներս, թէ դուրս.

– Սուրիոյ մէջ <<ապահով գօտի>> ստեղծելով՝ իր կրունկները այդ երկրի տարածքին վրայ պահելու շուրջ միջազգային համաձայնութիւն ձեռք բերելու.

– Արեւմտեան միջազգային հանրութեան ներկայանալու՝ իբրեւ միակ ազդեցիկ ուժը այդ տարածաշրջանին, որ կրնայ սանձել մինչ այժմ անսանձելի պատկերուած <<Իսլամական պետութիւնը>>:

Ամէնէն կարեւորը այն է, որ Թուրքիան իր <<բարի կամքի>> այս քայլին փոխարէն, ամբողջականօրէն ազատ պիտի ըլլայ ամէն բռնամիջոց գործադրելու, ձերբազատուելու համար իր ամէնէն մեծ մղձաւանջէն՝ քրտական անկախ պետութեան մը ստեղծումէն:

Իսկ Արեւմուտքը գիտակցաբար պիտի կապէ իր աչքերը եւ նոյնիսկ երախտագիտաբար պիտի հատուցէ Անգարայի <<գործակցութիւն>>ը:

 

comments