ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Հայկ Գայսէրեանի խօսքը 125ամեակի առթիւ

By Հայկ Գայսէրեան | Friday, 18 December 2015



Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Հայկ Գայսէրեանի խօսքը Դաշնակցութեան 125ամեակի առթիւ.

------------------

Լաւապէս ճանչնալու համար քաղաքական կազմակերպութիւն մը, նախ պէտք է ծանօթանալ անոր գաղափարախօսութեան:

Գերաշնորհ Սրբազան հայր,

Հոգեւոր հայրեր,

Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի Գանձապետ Օրիորդ Գլատիս Պէրէճիքլեան,

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Ընկեր դաւիթ Իշխանեան,

Յարգելի Հիւրեր,

Սիրելի Ընկերուհիներ եւ Ընկերներ,

Յարգելի Ներկաներ,

Այսօր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125րդ տարեդարձին առիթով, կ'ուզեմ ձեզ վերստին ծանօթացնել մեր կազմակերպութեան գաղափարախօսութեան, կեդրոնանալով  մեր գաղափարական սկզբունքներուն: Կ'ուզեմ փաստել որ մեր քաղափարական սկզբունքները նոյնքան կարեւոր են այսօրուան հայկական իրականութեան համար, ինչպէս կարեւոր էին 1890ին, երբ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առաւ:

Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը հպարտօրէն ճանչցուած է իբր ազգայնական (Nationalist) եւ ընկերվարական (Socialist) կուսակցութիւն:

Ազգայնականութիւնը երբեմն կը թարգմանուի իբր ազգայնամոլութիւն, սակայն Դաշնակցութեան բացատրութեամբ  ազգայնականութիւն կը նշանակէ  անչափ սէր հանդէպ հայրենիքին եւ հայ ազգին: Այս երբեմն ծայրայեղ սէրը հանդէպ Հայրենիքին եւ Հայ Ազգին, ստիպողական եղած են Հայոց Պատմութեան մը մէջ, որ կաշկանդումը եւ ճնշումը բնական ընթացք եղած են: Եւ այս ազգայնականութիւնը  կենդանի պահած է մեր Հայ Դատը եւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի մեր ձգտումը:

125 տարիներ առաջ երբ Սուլթան Համիտ սկսած էր իր հայաջնջման ծրագրին, ապագայ Դաշնակցական ազգայնականներ էին որոնք քով քովի բերին Հայ Յեղափոխականները, միացուցին անոնց մեծամասնութիւնը եւ կնքեցին Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ հայաստանի երազը: Այս ձգտումը մեծ յոյս ներշնչեց 500 տարուան տառապած Հայ ժողովուրդին:

Դաշնակացական ազգայնականներուն կը պարտինք Նեմեսիսի գործունէութեան գործադրումը , երբ իրենք Հայոց Ցեղասպանութեան հեղինակ Փաշաներէն, Հայկական կապարով վրէժը լուծեցին մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն անունով:

Նորէն Դաշնակցական Ազգայնականներ էին որոնք սգակիր Հայ ժողովուրդը վեր կանգնեցուցին, պայքարեցան եւ 1918ին կերտեցին հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը, որուն այսօրուան Հայաստանի Երկրորդ Հանրապետութիւնը կը պարտի իր գոյութիւնը:

Ազգայնական Դաշնակացականներ էին որոնք կազմակերպեցին Սփիւռքը, հիմնելով կուսակցական եւ միութենական կառոյցներ, որոնք միասնաբար վեր պահեցին Կարմիր, Կապոյտ, նարնջագոյն դրօշը, երբ Սովետական Միութիւնը արգիլած էր Հայ ազգայնականութիւնը:

Դաշնակցական ազգայնականներն էին, որոնք վառ պահեցին Հայ Դատը, թէ սուրով զինեալ պայքարի ընթացքին, թէ գրիչով Հայ Դատի յանձնախումբեր հիմնելով:

Եւ Դաշնակցական ազգայնականներ առաջիններէն էին որ լքեցին իրենց հանգստութիւնը երբ Արցախի ազատագրման շարժումի կոչը հնչեց Հայ Աշխարհին: Անոնք տուին հարիւրաւոր զոհեր եւ օգնեցին կերտել Ազատ եւ Անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը:

Սիրելիներ, Ազգայնականութիւնը այսօր նոյնքան կարեւոր է Հայ իրականութեան համար քան երբեք: Այս անսակարկ եւ մաքուր, եւ ինչու չէ երբեն ծայրայեղ սէրը հանդէպ Հայրենիքին, որ Դաշնակցութիւնը կը քարոզէ, աւելի քան երբեք պէտք է այսօր Հայաստանի մը մէջ որ ունի իր ապազգային տարրը եւ իրենց իրագործած դժուարութիւնները:

Անսակարկ Ազգայնական մը, ինչպէս Դաշնակցականը եղած է եւ է, չի կրնար արտօնել իր Հայրենիքը իշխեն չարագործներ, որոնք աձնական շահով կոյրացած են ժողովուրդին մեծամասնութեան պէտքերուն:

Անսակարկ Ազգայնական մը, ինչպէս Դաշնակցականը եղած է եւ է, չի կրնար հանդուրժել լայնատարած անօթութիւն եւ աղքատութիւն Հայրենիքին մէջ:

Անսակարկ Ազգայնական մը, ինչպէս Դաշնակցականը եղած է եւ է, անկարելի է սակարկութեան առարկայ դարձնէ Արցախի Հայկական հողերը, որովհետեւ Դաշնակացականը կը ճանչնա Արցախը իբր Հայրենիքին եւ Հայ ազգին երակազարկը:

Անսակարկ Ազգայնական մը, ինչպէս Դաշնակցականը եղած է եւ է, կամաւորապէս կը գործէ Հայ Դատի Յանձնախումբերու մէջ եւ կը ճանչցնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20է աւելի պետութիւններու, եւ Աւստրալիոյ երկու նահանգներու կողմէ:

Անսակարկ Ազգայնական մը, ինչպէս Դաշնակցականը եղած է եւ է, կը ճանչցնէ Արցախի Հայ ժողովուրդի իրաւունքները եւ Արցախի անկախութիւնը մեր Նու Սաութ Ուէյլզ նահանգի կառավարութեան կողմէ:

Այո սիրելիներ, Դաշնակցութիւնը հպարտօրէն ազգայնական է եւ կը խօսի հասկնալի ոճով մեր նոր ազգայնական սերունդին, ինչպէս մեր նախնիները խօսեցան հասկնալի ոճով 1890ի սերունդին:

Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան՝ Ընկերվարութեան (Socialism-ի) սկզբունքները աւելի բարդ են, մանաւանդ անոնց համար որ Արեւմտեան աշխարհի մէջ կ'ապրին, ինչպէս մենք Աւստրալիոյ մէջ: Պատճառը այն է, որ Արեւմտեան Աշխարհի մէջ Ընկերվարութիւն (Socialism) բառը ծաղրանքի առարկայ դարձուցած  են ծայրահեղ աջակողմեաններ, որ փորձած են նկարագրել Ընկերվարները իբր համայնավարներ եւ Պիզնէսի դէմ յիմարներ:

Ճիշտ է որ ընկերվարը առաջին հերթին կը ներկայացնէ գործաւոր դասակարգը: Ճիշտ է նաեւ որ ընկերվարը կ'ուզէ աւելի հաւասար նիւթական բաժանում երկրի մը մէջ:

Ճիշտ է նաեւ որ ընկերվարը կը հաւատայ որ ամէն անձ հաւասար իրաւունք պէտք է ունենայ բարձրաստիճան ուսումի, հակառակ իր նիւթական իրավիճակին:

Ճիշտ է որ ընկերվարը կ'ուզէ հարուստ դասակարգը վճարէ յարմար տուրքեր, որպէսզի կառավարութիւնը կարողանայ հասնիլ անոնց որ պիզնէսներ չեն կրնար հասնիլ, տրամադրելու համար անգործներու ապրուստ, տարեցներու եւ վեթերաններու օգնութիւն եւայլն:

Սակայն այս բոլորը չեն նշանակեր որ պիզնըսի դէմ է ընկերվարը: Ընկերվարը միայն այն պիզնըսներու դէմ է որոնք պատրաստ չեն իրենց շահէն մասնիկով մը օգնել անոնց, որոնք աղքատութեան դուռը կը զարնեն:

Իբր Հայ ազգայնականներ, արդեօ՞ք կրնանք ըսել որ սխալ է այս սկզբունքը:

Հայաստանը ունի լուրջ փտածութիւն (corruption)ի դժուարութիւններ: Մեր հայրենակիցներուն 80%էն աւելին աղքատ դասակարգի կը պատկանին: Մեր հայրենիքին հարստութեան 90%ը բնակչութեան 1%ին կը պատկանի:

Արդեօ՞ք այսպիսի երկրին համար ընկերվարական ծրագիրները դրական ազդեցութիւն չեն ունենար: Եթէ 1% ունեւոր դասակարգը աւելի վճարէ եւ կառավարութիւնը թափանցիկօրէն ցրուէ այս գումարները Socialist ծրագիրներու, արդեօ՞ք չի նուազիր աղքատութեան տոկոսը:

Երեւակայենք այս աւելորդ գումարները կրնար Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն մատուցել այն ընկերվարական ծրագիրները որոնք մենք կը վայելենք Աւստրալիոյ մէջ:

Օրինակ, երեւակայենք Հայաստանի մէջ ըլլար Աւստրալիոյ պէս Medicareի սիսթեմ, որ այո, ընկերվարական ծրագիր մըն է որ բոլորս կը վայելենք, առանց գումարի բժիշկներ տեսնելով: Երեւակայենք  Հայաստանին մտուցուէր pension, ինչպէս կ'օգնէ մեր Աւստրալիոյ մէջ տարեցներուն: Երեւակայենք անգործները ունենային ապրուելիք ապրուստի դրութիւններ, ինչպէս Աւստրալիոյ Unemployed-ները ունին: Երեւակայենք Հայաստանի երիտասարդը կարողանար կառավարութենէն առանց տոկոսի պարտքով համալսարաններ յաճախել:

Այս բոլոր ծրագիրները ընկերվարական ծրագիրներ են որոնք Աւստրալացին կը վայելէ, հակառակ որ այսպէս չեն բացատրուիր ընկերվարութիւնը ծաղրողներէն:

Եթէ Հայաստանը վայելէր այս ընկերվարական ծրագիրները, կը տիրէ հաւասարութիւն: Աղքատութեան տոկոսը կը պակսի: Մեր յարգելի տարեցները հանգիստ կ'ապրին: Մեր երիտասարդները ուսեալ կ'ըլլան: Մեր Սուրիահայ գաղթականները Հայաստանի մէջ հանգիստ կեանք կ'ապրին. Մեր վեթերաններուն ընտանիքներուն կրնանք հոգալ, կիները կ'ունենան հաւասար իրաւունքներ:

Եւ… թերեւս Ամերիկեան դեսպանատան առջեւ վիզայի դիմողներու շարքերը նաեւ կը նուազին: Արտագաղթի դէմ պայքարը միայն ընկերվարական ծրագիրներոով կրնանք յաղթահարել: Միայն Դաշնակցութիւնն է որ կրնայ գործադրել այսպիսի ծրագիրներ:

Այո, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր 125 տարուան հասակին բայց տակաւին երիտասարդ, հպարտօրէն ազգայնական է եւ հպարտօրէն ընկերվարական է:

Այս գաղափարական սկզբունքներուն ծանօթանալով , աւելի յստակ պիտի ըլլա հասկնալը Աւստրալիոյ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կառոյցին առած որոշումները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Սիրելի ներկաներ, պիտի անդրադառնամ Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ շրջանին 2015ի տարած աշխատանքներուն, շեշտելով ինչպէս մեր բոլոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը համապատասխանեն մեր ազգայնական եւ ընկերվարական սկզբունքներուն:

Այս տարի, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէն որոշեց իր ուղեկից միութիւններով հիմնել Միջին Արեւելքէն Գաղթականներու Օժանդակութեան Յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն է օգնել յատկապէս Սուրիահայ գաղթականներուն գործեր գտնել եւ դիւրացնել անոնց համակերպումը Աւստրալահայ գաղութին: Այս ծրագիրը ուղղակի կը համակրէր մեր ազգայնական եւ ընկերվարական սկզբունքներուն: Այս յանձնախումբը կարողացած է քով քովի բերել 100է աւելի սուրիահայ գաղթականներ կարգ մը ձեռնարկած իր աշխատանքներով եւ ձեռնարկներով եւ օժանդակել իրենց գործի դրութիւններ ստեղծելով:

Երբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէն լսեց տեղեկութիւններ Յուլիս 2015ին, որ Սփիւռքի մայր գաղութը Հալէպը ծանր օրեր կ'ապրէր եւ նիւթական աջակցութեան պէտք ունէր, կազմակերպեցինք մեր ուղեկից միութիւններուն հետ միասին Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Շաբաթ: Կարողացանք հաւաքել 50,000 Աւ Տոլար եւ օգնութիւն հասցնել մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն Հալէպի մէջ: Այս ծրագիրը նաեւ մեր ազգայնական եւ ընկերվարական սկզբունքներուն կը համապատասխանէր:

Այս տարի նաեւ , ՀՅԴ Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէն որոշեց աջակցիլ մեր քոյր Ակումբին հետ, Հայաստանի Նոր Նորքի Նիկոլ Դուման Ակումբին, ֆինանսաւորելով Ակումբի վերանորոգումը աւելի գործնական դարձնելով զայն տեղին երիտասարդութեան համար: Առիթ մըն էր կապել մեր շրջանի ընկերները Հայրենիքին հետ, որ նորէն կը համապատասխանէ մեր ազգայնական եւ ընկերվարական սկզբունքներուն:

Գալիք տարիներուն, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը պիտի ուղարկէ անդամներ որ կազմակերպեն ամառնային բանակումներ Նոր Նորքի մէջ տեղին պատանիներուն համար: Աւելի մօտէն կապելու համար մեր երիտասարդութիւնը իրենց հայրենիքին եւ մեր Հայրենիքի երիտասարդութիւնը օգտուելու համար Աւստրալիոյ մէջ հասակ առած հայրենասէր երիտասարդներէն:

Այս տարի, ինչպէս գիտէք, Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցն էր: Մեր ազգայնական եւ ընկերվարականա սկզբունքներուն համաձայն մղիչ ուժերէն եղանք որ կազմակերպեց համահայկական պահանջատիրական եւ ոգեկոչման ծրագիրներ, որ քով քովի բերաւ հազարաւոր Աւստրալահայեր եւ մեր ձայնը լսելի դարձուց մինչեւ Անգարա: Այս միջոցառումներէն օրինակներ են Հայկական Փառատօնը, որ համախմբեց 10,000է աւելի հայորդիներ, 100է աւելի գործարաններու փակումը ի յարգանք մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն Ապրիլ 24ին, բողոքի ցոյցերը Թուրքիոյ հիւպատոսարաններուն առաջ Սիտնիի եւ Մելպուրնի մէջ, եւ ՀՄԸՄի կազմակերպած Չացուուտի տողանցքը: Մեր պատգամը Թուրքիոյ յստակ էր, Պայքար, պայքար մինչեւ Ազատ Անկախ եւ Միացեալ հայաստանի իրականացումը:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւնը աւելի հզօր է քան երբեք: Ան ունի աւելի պատանեկան մասնաճիւղեր եւ աւելի երիտասարդական եւ պատանեկան անդամներ քան վերջին 20 տարիներուն: Մեր կուսակցական շարքերը երիտասարդականացած են եւ բազմացած:

Մեր մամուլը, Արմենիա Մետիան, արդի միջոցներ օգտագործելով մեր խօսքը լսելի դարձուցած է աւելի քան երբեք: Արմենիա օնլայնով, Արմենիա Մակազինով, Արմենիա Մօպայլով, Արմենիա Րատիօով եւ Արմէնիա ԹԻՎԻով սպասարկած լուրերը Նոյեմբեր 2015ին  արժանացուց Արմենիա Մետիան Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի կառավարութեան մամլոյ պարգեւատրման:

Եւ այսօր, կը տեսնենք մեր ազգայնական եւ ընկերվարական սկզբունքներուն համապատասխան, մեր լուսարձակի տակ առնելը Արցախի Ազատագրման Շարժումը, այս յաղթանակին նուիրելով ՀՅԴի 125ամեակի Աւստրալիոյ մէջ միջոցառումները:

Արցախի ազատագրման շարժումը տեսաւ հարիւրաւոր Դաշնակցականներ եւ համակիրներ, որ միացան հարիւրաւոր այլ հայորդիներու ազատագրելու համար մեր հողերը եւ պաշտպանելու Արցախի բնիկ Հայ ժողովուրդին ինքնաճանաչման իրաւունքները: Մեր ազատամարտիները, ինչպէս մեր այսօրուան հիւր բանախօս Ընկեր Դաւիթ Իշխանեանը, պայքարեցան: Արիւն թափեցին: Եւ յաղթեցին: Կը խոնարհինք մեր կենդանի եւ զոհուած ազատամարտիկներուն առաջ այս ոսկի յաղթանակին առիթով:

Այսօր Արցախը ունի լուրջ մարտահրաւէրներ եւ կը սպասէ համայն հայութեան աջակցութիւնը: Մեր ազգայնական եւ ընկերվարական սկզբունքներուն համաձայն, պէտք է  օգնենք ապահովել մեր սահմանամերձ գիւղերը, պէտք է նորոգենք եւ կառուցենք տուներ վերաբնակեցնելու ազատագրուած հողերը, պէտք է վերաշխուժացնենք մեր եկեղեցիները, ակումբները, դպրոցները, եւ պէտք է գործեր սպասարկենք մեր սիրելի Արցախի հայրենակիցներուն:

Այս մեր միջոցառումը նուիրելով Արցախի ազատագրման յաղթանակին, եւ ձեր ներկայութեամբ, Պարոն Ալիեւին կ'ըսենք, որ 14,000ՔՄ Արցախէն հեռու, Արցախը ունի նաեւ Աւստրալահայ բանակ մը, միշտ պատրաստ պաշտպանելու մեր հողերը: Այո, մեր հայկական կողերը: Հայկական հողեր եղած են անցեալին: Հայկական հողեր են այսօր, մեր ազատամարտիկներուն ջանքերով: Եւ մեր հայկական հողերը պիտի մնան ընդմիշտ, մեր հաւաքական աշխատանքով:

Իբր հայ հաւաքականութիւն, յաճախ կը խօսինք անձերու մասին: Պէտք է խօսինք գաղափարներու մասին, սկզբունքներու մասին:  Այս են որ մեզ կ'առաջնորդեն, ոչ թէ անձեր:

Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը գաղափարախօսութիւն մըն էր որ մղեց Քրիստափորին, Ռոստոմին, Զաւարեանին, երբ հիմնեցին Դաշնակցութիւնը 125 տարիներ առաջ Հայ ժողովուրդը փրկելու նպատակով: Գաղափարախօսութիւնն էր որ առաջնորդեց Թէհլիրեաններուն եւ Շիրակեաններուն երբ մեր նահատակներուն վրէժը լուծեցին: Գաղափարախօսութիւնն է որ առաջնորդեց մեր ֆէտայիները Արցախի ճակատամարտին: Եւ գաղափարախօսութիւնն է որ կ'առաջնորդէ Հայ Դատը այսօր:

Այս գաղափարախօսութիւնն է որ կ'առաջնորդէ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւնը Աւստրալիոյ մէջ եւ աշխարհի բոլոր ափերուն: Եւ այս սկզբուններով է որ Դաշնակցութիւնը կը փափաքի, ձեր հրամանով, շարունակել առաջնորդել ձեզ, մեր սիրելի Հայ ժողովուրդը:

Փակելու խօսքս, կ'ուզեմ յիշել հետեւեալ պատգամը Դաշնակցութեան հիմնադիր Ընկեր Սիմոն Զաւարեանէն.

<<Ո՛ւր որ էլ լինէք - կռուի դաշտին մէջ, թէ շղթայակապ կալանաւոր, բահը ձեռքերնիդ մշակ, թէ թափառական առաքեալ - ﬕշտ էլ ներշնչողը լինի, թող տառապողի, Ազատագրութեան վեհ Գաղափարը, ձեր առաջնորդը`դիրքերուն վրայ ﬓալու պարտաճանաչութեան սուրբ սկզբունքը:

Հոգ չէ թէ ﬕ օր վահանով կը դառնաք, ﬕւս օր - վահանի վրայ - արդիւնքը նոյնն է - յաղթութիւնը…>>

Աւստրալիոյ Դրօ Կոմիտէութիւնը կը շնորհաւորէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Փառք ու պատիւ 125 ամեայ քու գործունէութեան:

Շարունակենք պայքարիլ սիրելիներ: Պայքար մինչեւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան:

comments

Advertisement