By Asbarez | Friday, 25 December 2015
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Քանի մը օր առաջ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլու խորհրդարանէն ներս իր կուսակցութեան երեսփոխաններուն առջեւ յայտարարեց, թէ <<սուրիական հողերը ռուսական կայսերապաշտութեան նպատակներուն մաս պիտի չկազմեն>>, այլ… <<միայն մե՛ր>>: Վերջին երկու բառերը անշուշտ լռելեայն յայտարարութեամբ:
Մ. Արեւելքի ու անոր յարակից տարածաշրջանի (Հայաստան, Թուրքիա, Ատրպէյճան) քաղաքական զարգացումները այլեւս վերածուած են <<բաց պլօթի>>: Գաղտնիք չմնաց: Ամէն ինչ բացայայտուած է եւ տակաւի՛ն կը բացայայտուի:
Ոչ ոքի համար գաղտնիք էր, որ Արեւմուտքը, իր տեղական զինակիցներով (Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի այլ երկիրներ), ՆԱԹՕով, 2011էն առաջ արդէն լծուած էին Սուրիոյ մէջ իրենց հաւատարիմ ու հլու-հնազանդ վարչակարգ մը հաստատելու աշխատանքին: Այս <<վարչակարգ հաստատելն>> ալ քիչ մը շատ մեղմ <<փախաւ>> կարծէք, որովհետեւ կ՛ենթադրէ ամբողջ երկիր մը, պետութիւն մը, իր ժողովուրդով, մշակոյթով, անցեալով ու ներկայով քարուքանդ ընել, ի գին հարիւր հազարաւոր անմեղ զոհերու, միլիոնաւորներու տեղահանութեամբ. չհաշուած նիւթական կորուստները:
Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Թուրքիա ուղղակի մասնակից է այս քանդումին: <<Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ>> յայտարարած նոյն Արեւմուտքը ինք եւս դաշնակիցի վերածած է բոլոր այն ծայրայեղական տարրերը, որոնք պատրաստ են իր գրաւը իրականացնելու:
Դէպքերուն քիչ թէ շատ հետեւողներուն համար շատոնց բացայայտ էր, որ սուրիական եւ իրաքեան քարիւղը միջազգային շուկայի վրայ կը վաճառուի… Թուրքիոյ վրայով ու անոր իսկ միջոցներով: Ռուսական հետախուզական օդանաւերուն նկարածներուն պէտք կա՞ր արդեօք: Ո՞վ չէր գիտեր այդ փաստը:
Յետոյ, հրթիռային համակարգերու մասնագէտ ըլլալու կարիք կա՞յ եզրակացնելու համար, որ անարդարութիւնը եւ վայրագ ծայրայեղականութիւնը ծնունդ կու տան նոյնինքն անարդար ու ծայրայեղ քայլերու, պետական կամ կրօնական ինչ պիտակի տակ ալ ըլլան:
Անմեղներու ջարդը օդանաւերով եղած է, թէ ինքնաշէն ռումբերով, ի՞նչ տարբերութիւն:
Եւ տակաւին, քանի մը օր առաջ (եւ այս մէկը իրա՛ւ գաղտնիք էր), ամերիկացի վաստակաւոր եւ իրաւ լրագրող Սիմուր Հըրշ երկարաշունչ յօդուածով մը (լոյս տեսած London Review of Books-ի վերջին համարին մէջ) բացայայտեց, թէ ամերիկեան զինեալ ուժերու սպայակոյտը, երրորդ երկիրներու միջոցով, որոշ ատենէ մը ի վեր սուրիական վարչակարգին կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ՏԱԷՇի ու յարակից կազմակերպութիւններուն մասին, որոնց հիման վրայ սուրիական պետական ուժերը զինուորական լուրջ քայլեր առած են: Ամերիկեան սպայակոյտին մտահոգութիւնը եղած է այն, որ սուրիական վարչակարգի փլուզումը աննախատեսելիօրէն վտանգաւոր կացութիւն պիտի ստեղծէ ամբողջ շրջանէն ներս, հետեւաբար, պէտք է այդ վարչակարգը ոտքի պահել:
Հիմա սկսանք <<շուարելու>>… Քերիի՞ն մտիկ ընենք, Օպամայի՞ն, այս կամ այն պաշտօնական բանբերի՞ն, թէ գետնի վրայ արձանագրուող զարգացումներուն:
Այս բոլորը կ՛արձանագրենք պարզապէս ըսելու համար, որ խօսքերը, յայտարարութիւնները մէկ բան, իրականութիւնները՝ ուրիշ: Ինչ որ մեզ կը վերադարձնէ Տաւութօղլուին:
Մինչ թրքական բանակի հրասայլերը աւեր կը սփռեն երկրի հարաւ արեւելեան քրտաբնակ շրջաններու Ճիզրէ, Սուր եւ յարակից աւաններուն մէջ (միշտ <<ահաբեկիչներու դէմ պայքար>>ի ծիրէն ներս…), Տաւութօղլու վերոնշեալ հանդիպումին ընթացքին կը յայտարարէ, որ <<մենք կը դատապարտենք Սուրիոյ մէջ քաղաքայինները թիրախ դարձնող ռուսական յարձակումները>>, միաժամանակ նշելով. <<Ռուսիա կ՛ըսէ, թէ ՏԱԷՇի դէմ կը պայքարի, սակայն թիւրքմէններու լերան քաղաքայիններն ու չափաւորական ընդդիմութիւնը կը ռմբակոծէ եւ մենք դէմ ենք որեւէ երկրի, որ կու գայ Սուրիան ռմբակոծելու>>:
Սուրիոյ նկատմամբ իր տածած <<սիրատոչոր զգացումներուն>> զուգահեռ, Տաւութօղլու կ՛ազդարարէ, թէ իր երկիրը որեւէ տագնապ պիտի չդիմագրաւէ, հակառակ անոր, որ Իրաքի, Սուրիոյ եւ քիւրտերուն հետ իր ունեցած ներկայ տագնապալի կացութեան պատասխանատուն Անգարան իսկ է:
Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ խօսողը վարչապետն է այն երկրին, որ Ցեղասպանութիւն գործած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ, յափշտակած է մեր հողերուն մեծ մասը, գրաւած է ու տակաւին գրաւման տակ կը պահէ Կիպրոսի հիւսիսային բաժինը, նախճիր գործած է ու տակաւին կը գործէ իր քիւրտ քաղաքացիներուն նկատմամբ, ՏԱԷՇի նման կազմակերպութիւններուն կ՛օժանդակէ, ԱՄԷՆ ձեւով զօրավիգ կը կանգնի յարձակապաշտ Ատրպէյճանի:
Բայց այս բոլորին մէջ, յատկապէս հայութեան եւ Տաւութօղլուի ամբարտաւանութեան մասով, ակնյայտ է Արեւմտեան մեղսակցութիւնը ե՛ւ (ան)պատասխանատուութիւնը:
Կ՛ուզենք ճիշդ հասկցուիլ: Այս յօդուածին մէջ պէտք չէ փնտռել համակրանք կամ հակակրանք քաղաքական այս կամ այն կողմին նկատմամբ:
Իրողութիւնները մատնացոյց ընելը կարեւոր է: Կարեւոր է նաեւ <<չյայտարարուած>> յայտարարութիւններուն եւս անդրադառնալը, որպէսզի կարելի եղածին չափ ճիշդ տեսնենք իրական պատկերը այն տարածաշրջանին, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Հայաստանը:
Իսկ մեր կիզակէտը, այս բոլորին մէջ, կը մնան Հայաստանն ու հայութեան շահերը:
23 Դեկտեմբեր 2015
vproodian@gmail.com
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է