Որքանո՞վ Պատրաստ Ենք Դիմագրաւելու 100ամեակին Յաջորդող Դարաշրջանի Մարտահրաւէրները

By Asbarez | Thursday, 31 December 2015

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

sako1Ցեղասպանութեան 100ամեակի հանգրուանէն տարիներ առաջ իսկ, հայերուս համար 2015 թուականը կոչուած էր ըլլալու անկիւնադարձային հանգրուան։ Քանի մը տարի շարունակ, պետական, քաղաքական, կուսակցական, միութենական, եկեղեցական ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ ահագին ներուժ կուտակեցինք, ծրագիրներ մշակեցինք, որպէսզի 100ամեակի տարուան բոլոր ամիսներն ու օրերը, եւ ո՛չ միայն Ապրիլ 24ի շաբաթը, դառնան ահաւոր ոճիրին յիշեցման, ցեղասպանին դիմակազերծման, մեր նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման ու մեր պահանջատիրական ձայնը աննախընթաց ուժգնութեամբ հնչեցնելու աշխատանքի դաշտեր։

Այսօր, 2015 տարին մեր ետին կը գտնուի արդէն, սակայն «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանախօսքը մեր ետին չենք նետած, այլ արձանագրուած իրագործումներուն հզօրանքով՝ իրաւամբ դարձած է նոր մեկնակէտ մը՝ մեր պայքարը աւելի՛ եւս սաստկացնելու, ցարդ անկոխ ոլորտներէ ներս թափանցելու եւ վախճանական նպատակները աւելի շուտ, քան ուշ իրականացնելու մտասեւեռումին։

Եթէ փորձենք քանի մը տողի մէջ սեղմել ազգովին մեր իրագործածը, անվարան կրնանք ըսել, որ հպարտանալու եւ ինքնավստահութիւնը ամրապնդելու շատ պատճառներ ունինք։ Որոշ ոլորտներու մէջ աւելի՛ յառաջ գացինք, քան՝ այլ դաշտերու, սակայն ընդհանուր յառաջխաղացքը անվիճելի է։ Ցեղասպանութեան նահատակներուն ձօնուած յուշարձաններ բազմացուցինք, 1.5 միլիոն զոհերը հաւաքաբար սրբացուցինք, քաղաքական խորքով եկեղեցական բազմամակարդակ արարողութիւններ ու հանդիսութիւններ կատարեցինք, մեր կողքին ունենալով աշխարհի կարծիքին վրայ ազդելու կարողութիւնը ունեցող կրօնական պետեր ու առաջնորդներ. զուգահեռաբար, պետական-քաղաքական ոլորտին մէջ աշխարհին ուշադրութիւնը նախընթաց տարիներէն շատ աւելի ուժեղ կերպով ներգրաւեցինք, Թուրքիոյ պետութեան դէմ մեր իրաւունքներուն հետապնդման ուղղութեամբ իրաւական առաջին գործնական քայլերը առինք (հոգ չէ թէ Եւրոպայի մէջ մեր կարգ մը ակնկալութիւնները զոհ գացին քաղաքական հաշիւներու), իսկ քարոզչական ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ, հսկայական ցոյցերով, թրքական բեմէն ներս թափանցումներով ու բազմապիսի հրատարակութիւններով՝ 2015 տարին վերածեցինք յիշատակելի տարուան մը։ Ճիշդ է, որ իրագործումները առաւելաբար մնացին զգացականի ոլորտին մէջ, սակայն կասկածէ վեր է, որ 2015ը եղաւ Յիսունամեակէն ասդին ամէնէն «ուժեղ» տարին եւ իբրեւ այդպիսին, կարողութիւնը ունի նոր մղում տալու մեր յառաջիկայ քայլերուն։

***

sakoՑեղասպանութեան 100ամեակի հանգրուանին, նման պատմական անկիւնադարձ մը իբրեւ գոհացուցիչ իրագործում մեր ետին թողուլը բաւարար չէ, այլ հիմա, երբ արդէն կը թեւակոխենք 100ամեակէն անդին տանող ճամբան, պարտինք արդար ինքնագնահատումի ենթարկել մենք մեզ, ազգային-ներքին թէ միջազգային իրադարձութեանց լոյսին տակ, հարց տանք, թէ ո՞ւր էինք, ո՞ւր հասած ենք եւ դեռ որքա՞ն եւ ինչպիսի՞ լեռներ ունինք նուաճելիք։

Ծանօթ օրինակ է որ լեռնագնացներ բլուր առ բլուր, գագաթ առ գագաթ կը յառաջանան դէպի նոր բարձունքներ, հասնելու համար վախճանական նպատակակէտին։ Լեռնագնացներու խումբ մըն ենք նաեւ մենք՝ մեր հայրենիքն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը բաղկացնող բոլոր միաւորներով, ժողովուրդի իւրաքանչիւր անդամով։ Պարտաւոր ենք զգացականութենէ անդին անցնիլ՝ մեր կտրած ճամբան գնահատելու մօտեցման մէջ, զոյգ աչքերով ու հեռադիտակներով տեսնել մեր դիմաց կանգնող մարտահրաւէրները, առանց անտեսելու կամ արհամարհելու ամենափոքր քայլն անգամ։

Նոր փուլը թեւակոխելու պահուն, պէտք է նաեւ մենք մեզի հարց տանք, թէ իսկապէս իրականացուցա՞ծ ենք այնպիսի քայլեր, որոնք պէտք էր արդէն իրականացած ըլլային, թէ ունեցած ենք նաեւ ընկրկումներ, մեծ ու փոքր նահանջներ։ Նման մօտեցում կենսական է՝ աւելի լաւ ձեւով ճանչնալու մենք մեզ, մեր կարողութիւնները եւ մանաւանդ շահ ապահովելու մեր փորձառութենէն։ Քաղաքական ու իրաւատիրական պայքար մղողին համար, ճամբան յաճախ հեզասահ չ՛ըլլար, ընկրկումները երբեմն անխուսափելի կ՛ըլլան. պայքարողը իրաւունք չունի նման մարտահրաւէրներու դիմաց յուսահատելու կամ երթը դանդաղեցնելու։ Պայքարը կը կարօտի երիտասարդական բազուկի, կամքի եւ քիչ մըն ալ ազնիւ արկածախնդիրի ոգիի (անկախ պայքարողին տարիքէն)։

Մեր դիմաց տարածուող դաշտերը քննարկելու համար, անհրաժեշտ է գործածել այն ակնոցը, որ կը կրէ Հայ Դատ արձանագրութիւնը, այսինքն նկատի ունենալ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին իրաւունքներն ու շահերը, ամէն տեսակի ակնկալութիւնները, սկսելով հայկական աշխարհի իրողութիւններէն՝ տնտեսական, մշակութային, ռազմագիտական ու այլ ոլորտներու մէջ, նաեւ՝ հողային մեր իրաւատիրութեան դիտանկիւնէն, որ մեզ անխուսափելիօրէն կը դնէ շրջակայ աշխարհագրական տարածքին ապրած փոթորիկներուն ազդեցութեան տակ։

***

sako5Մանրամասն ինքնագնահատում-ինքնաքննարկում կատարելու համար, այս սիւնակները նեղ պիտի գան վստահաբար, հետեւաբար, բաւականանանք քանի մը գլխաւոր գիծեր ու մատնանշումներ արձանագրելով, առանց մտահան ընելու, որ ներազգային գիծին վրայ մեր առաջադրանքներուն զուգահեռ, կան շրջանային-միջազգային զարգացումները. կարեւոր է նկատի ունենալ ոչ միայն մեր ըրածն ու իրագործածը, այլ մանաւանդ այն առաջադրանքները, որոնք կը սպասեն կենսագործումի։

Սկսելով ներազգային ոլորտէն, ու թւումի կարգով արձանագրենք քանի մը կէտ։

Հայրենաշինութեան գործը որոշ ոլորտներու մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրած է, սակայն անիկա մնացած է մասնակիի մակարդակին վրայ, նաեւ՝ անհամաչափ։ Հայաստանի ու Արցախի տնտեսական ու ընկերային տագնապները նուազ լուսարձակ ու հոգածութիւն վայելած են ցարդ, քան քաղաքական կեանքին մէջ «գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ» յիշեցնող զարգացումները։ Անդին, մամուլն ու հանրութեան մտածողութեան մակարդակը բարելաւելու կոչուած միջոցները (պատկերասփիւռ, արուեստագէտներ եւ մասամբ նորին) թողլքած են իրենց իսկական առաքելութիւնը եւ հրապարակները ողողելով՝ կը նպաստեն նախնականութեան ալիքներու ընդարձակման։ Մինչդեռ աշխարհը մեզի կ՛ընծայէ աննախընթաց հնարաւորութիւններ։ Ճիշդ է. դրական իրագործումներ տեսանելի են, սակայն միւս կողմէ, «ինչ որ դուրսէն կու գայ, մերինէն լաւ պէտք է ըլլայ»ի տրամաբանութիւնը քիչ մը ամէն տեղ դարձած է տիրապետող։ Այս համայնապատկերին մէջ, Հայաստանը թրքական արտադրանքներով ողողելու «տնտեսական հնարք»ը վերածուած է ստորակէտի մը։ Գիւղը կ՛ապրի լքուածի վիճակ, արտադրողական կարողականութիւնը չի զարգանար ըստ երկրի կարիքներուն, հայրենիքը երիտասարդին համար կռուան ու ապագայ կերտելու յենարան դարձնելու տրամաբանութիւնը չէ կրցած այնքան հող շահիլ, որ արտագաղթի հոսանքը նկատէինք մանր հարց, ըսէինք, որ ամէն երկրի մէջ ալ անպայման դուրսերը հաց ու բարօրութիւն որոնողներ պիտի ըլլան միշտ։ Յոյս ու ինքնավստահութիւն ներշնչող հազուադէպ ոլորտներէն է Հայաստանի պաշտպանութեան բազուկը։

Մեր մշակոյթի զարգացման եւ նոր նուաճումներու ձգտող քայլերն ալ կ՛ընթանան կաղն ի կաղ։ Գօտեպնդող մասնակի իրականութիւններու դիմաց, օտարաբանութիւններով ողողուած լեզուի մը առօրեայ ներկայութիւնը կը մնայ մտահոգիչ։ Այս ծիրին մէջ, ստորակէտի մը վիճակին մատնուած է դասական ուղղագրութեան վերականգնումի այլապէս անյետաձգելի պահանջը, որ երբեմն-երբեմն փոխադարձ արձագանգումներ կը գտնէ Երեւան-Սփիւռք գիծին վրայ։ Մշակութային այլ արտայայտութիւններով գետինները՝ գրականութիւն, գեղարուեստի տարբեր կալուածներ, կը լուսաւորուին մոմերով միայն, մինչ նախկին ջահերը, կեանքի բնական պայմաններու բերումով, մէկ առ մէկ կը մարին կամ թողլքած են հրապարակը…

Սփիւռքի տարածքին եւս, մշակութային ու գլխագիր հայապահպանումի գետիններուն վրայ արձանագրուած ընկրկումները կրնան մրցիլ հայրենի «նուաճումներուն» հետ։ 100ամեակի տարուան ընթացքին ու նախօրեակին, հայկական դպրոցներու թիւը բարձրանալու փոխարէն՝ անկում արձանագրեց։ Գրաւոր ու խօսակցական հայերէնը Սփիւռքի մէջ ալ կը շարունակէ նահանջը։ Ճիշդ է, կը կատարուին ախտաճանաչումներ, համագումարներ ու յանձնախումբեր կը գոյանան մաշումը փրկելու համար, սակայն անոնք չեն յաջողիր տեսականէն տեղափոխուիլ գործնական դաշտ։ Դրական նախաձեռնութիւնները կը մնան բացառութիւններու սիւնակին մէջ։ Տակաւին, ձուլումի հոսանքը կասեցնող արգելակները կը մնան հազուագիւտ պտուղներ։ Կը ճառենք, կը տագնապինք ու անկեղծ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերենք, օրինակի համար, Հայ Դպրոցին ողնայարը կազմող՝ Հայ Ուսուցիչի տագնապին դարմանումին մասին, սակայն Պէյրութէն մինչեւ եւրոպական ափեր ու ովկիանոսներէն անդին, իսկական հայ ուսուցիչի պատրաստութիւնը յամառօրէն կ՛ուշանայ, մօտիկ անցեալի գործնական քայլերու վերականգնումը չի դրուիր օրկարգի վրայ։ Իրա՛ւ հայ ուսուցիչը հետզհետէ կը դառնայ չնաշխարհիկ թռչուն, արդար վարձատրութեան բացակայութիւնը հետզհետէ կ՛ընդարձակէ «գացողներուն» ձգած բացը։ Հոս եւս, «օտարինը միշտ լաւ է»ի տրամաբանութիւնը սպասուած բարիքը չի բերեր, ու չենք անդրադառնար, որ անգլերէն ասացուացքը՝ «The road to hell is paved with good intentions»ը (դժոխքի ճամբան կը յարդարուի բարի նպատակներով) հետզհետէ աւելի՛ թանձրացեալ իմաստ կը ստանայ նաեւ մեզի համար։ Կը բաւականանանք զարմանալով ու սքանչացում արտայայտելով հայ դաստիարակներու այն սերունդներուն մասին, որոնք առանց համալսարանական շողշողուն վկայականներու կամ մասնագիտութիւններու, յաջողած են իրենց աշակերտներուն էութեան մէջ ամրօրէն քանդակել ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻ ու ՈԳԻ, առանց իրենց տրամադրութեան տակ ունենալու արդի արհեստագիտութեան ու մանկավարժութեան սքանչելի գործիքները։ (Չենք ուզեր թողուլ այն տպաւորութիւնը, որ կ՛արհամարհենք արդի արհեստագիտութեան կամ բարձրագոյն ուսման բարիքները)։

Այս բոլորին համար կը ցաւինք, Գիրքին մաշումին համար կը մղկտա՛նք ալ, սակայն կը թողունք, որ տագնապը ճակատէն դիմագրաւելու արմատական միջոցները փախուստ տան մեզմէ։

***

Ներազգային գետնի վրայ ընկրկումներու շարքը կարելի է երկարել, սակայն կ՛արժէ քիչ մըն ալ անդրադառնալ մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ մեր տեղին ու մեր ճշդելիք առաջադրանքներուն։

Սուրիոյ տագնապին մէջ բռ-նուած հայութեան դիմագրաւած անտանելի վիճակը կարելի չէ դիտել ներազգային դիտանկիւնէ։ Տակաւին քանի մը տարի առաջ կենսունակ այդ գաղութը այսօր մատնուած է ահաւոր մաշումի։ Իրաքի հայութեան մաշումը նախերգանք մը եղաւ ու անցաւ գրեթէ աննկատ (չերթանք մինչեւ Եգիպտոս, Պաղեստին կամ արեւելեան եւրոպական երկիրներ…)։ Գիտենք։ Տագնապը հակակշռելու կարելիութիւնները վեր են մեր հասողութեան սահմաններէն, ըստ կարելւոյն օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարենք տագնապահարներուն, սակայն ո՛չ հայրենիքը եւ ոչ ալ սփիւռքեան մեր կարողականութիւնները լիովին տրամադրուած են տագնապի մեղմացման փորձերուն։ «Աշխարհի մեծագոյն ուժերուն աքլորամարտին դէմ մեր ուժերով ի՞նչ կրնանք ընել»ը կարծենք թէ ինքնարդարացումի դուռ դարձած է. փաստօրէն, անհրաժեշտ ուժականութեամբ չենք փորձած ճակատագրակիցներու ճիգերը ներգրաւել այն ոլորտին մէջ, որ ձգտէր ազդեցութեան գործօններ ստեղծել՝ աքաղաղներուն յելուզակութիւնները զսպելու իմաստով։ Հաւանաբար ըսուի, որ նման փորձ սպասուած արդիւնքը պիտի չտար, սակայն թերեւս տագնապահար շրջանին ապահովէր քիչ մը աւելի նպաստաւոր պայմաններ։ Մենք՝ հայերս, որ շատ լաւ գիտենք, օրինակի համար, Թուրքիոյ ոճրային դերակատարութիւնները, անցեալի ու ժամանակակից դաւադրութիւնները (անոր դաշնակիցներն ալ գիտեն, հակառակ տգիտութիւն խաղալու իրենց ճիգերուն…), պէտք էր մենք մեզի տայինք, այսօր ալ կրնանք տալ՝ իրաւունքը ձեռնարկելու Թուրքիոյ բացասական միջամտութիւններուն հակակշիռ պարտադրել ձգտող աշխատանքի (ռուսական վերջին ամիսներու միջամտութիւնները կրնային յաւելում բերել նման նախաձեռնութեան մը), թիրախ ճշդելով, պետական շրջանակներէ աւելի՝ զանգուածներու աչքերուն պարզել, թէ իրենց շահատուրքերով ինչպիսի ոճիրներ կը գործուին Թուրքիոյ եւ անոր հովանաւորած ծայրայեղականներուն միջոցով, փորձ կատարել, որ Եւրոպան մտատանջող գաղթականներու տագնապն ու «իսլամ ծայրայեղականներ»ուն Թուրքիոյ տրամադրած բացայայտ աջակցութիւնները վերածուին Թուրքիոյ եւ գործակիցներուն վրայ ճնշումի միջոցի։ Սա կ՛ենթադրէ մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ ճիգերու եւ ձեռքերու համալրում։

***

Սուրիոյ եւ Իրաքի տագնապները (չենք անտեսեր Եգիպտոսը, Լիպիան, Եմէնը Թունուզն ու այլ երկիրներ, սակայն հարցին կը մօտենքն հայութեան բնակավայր եղող երկիրներու դիտանկիւնէն) մասնաւորաբար վերջին ամիսներուն ստացած են այնպիսի տարողութիւն, որ միջազգային՝ Արեւելք-Արեւմուտք ցարդ քողարկուած հակամարտութիւնը մեծ մասամբ պատռած է իր քողը։ Ուքարանիոյ իրադարձութիւնները, Ռուսիան հարուածող ահաբեկչական արարքները, Ֆրանսան ու եւրոպական այլ երկիրներ սպառնալիքի տակ պահող գաղթականներու եւ ոճրային խափանարարութեանց ալիքները, եւ այդ բոլորը դէպի յաւելեալ վատթարացում տանող՝ ռուսական օդանաւի մը թրքական օդուժին կողմէ վար առնուիլը ցոյց կու տան, որ աշխարհը անգամ մը եւս կրնայ ինքզինք գտնել հսկայական վերիվայրումներու փուլի մը մէջ։

Աւելի քան 25 տարիներ առաջ, Խորհրդային Միութիւնը կարճ ժամանակի մէջ փուլ եկաւ Պերլինի Պատին պէս, Արեւելեան Եւրոպան արիւնալի եւ անարիւն վերագծումներու ենթարկուեցաւ, Հարաւային Ամերիկայի երկիրներ, ուղղակի կամ անուղղակի ազդեցութիւններով՝ ապրեցան նոր զարգացումներ, մինչեւ իսկ Քուպան վերջերս մտաւ ոլորապտոյտի մը մէջ, որմէ որոշ չափով մեկուսի մնացած էր Քասթրոյի իշխանութեան շրջանին։ Ասիական երկիրները եւս, Խորհրդային կայսրութեան փլուզումով, մտան վերիվայրումներու նոր փուլի մը մէջ, որ իր ամէնէն արիւնալի դրասեւորումները կ՛ունենայ Աֆղանիստանի բեմին վրայ, առանց անտեսելու Փաքիստանը, Հնդկաստանն ու Չինաստանը։

Աշխարհը աւելի շեշտակի վերատեսութիւն ապրած էր Խորհրդային Միութեան փլուզումէն շուրջ 45 տարիներ առաջ, Բ. Աշխարհամարտին ու անոր յաջորդող տարիներուն։ Անկէ առաջ ալ, մեծ վերադասաւորումներ արձանագրուած էին Ա. Աշխարհամարտի նախօրեակին ու անկէ ետք։ Մենք՝ հայերս ալ համտեսած ենք այդ վերադասաւորումներուն «պտուղները», Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջաններուն մէջ։ Չենք մոռնար նաեւ «Պաղ Պատերազմ»ի դարաշրջանը կիսած՝ արեւելեան եւրոպական երկիրները ողողած «գարուն»ը։

sako2Խորհրդային կայսրութեան անկումը նոր իրավիճակ ստեղծեց նաեւ մեր հայրենիքին համար. աւելի խաղաղութեամբ՝ քան արեւելեան եւրոպական երկիրներու արիւնալի դէպքերուն հետեւողութեամբ ձեռք բերինք մեր անկախութիւնը, թէեւ Արցախի ազատագրումն ու մայր հայրենքին անոր վերամիացումը արձանագրեցին արիւնալի ու սխրալի էջեր։ Այսօր, Հայաստանն ու Արցախը, համեմատաբար մօտակայ այլ աշխարհատարածքներու, կ՛ապրին լարուած խաղաղութեան մէջ, սակայն գիտենք, որ շրջանի բացասական զարգացումները կրնան իրենց անդրադարձը ունենալ նա՛եւ Կովկասէն Թուրքիա, Իրան եւ արաբական երկիրներ տարածուող գօտիին վրայ։

Յետադարձ ակնարկով, հարց տանք. որքա՞ն պատրաստ էինք խորհրդային կայսրութեան քայքայման գաղափարին ու անոր շուտով յաջորդած իրականութեան… Հարցումը չենք դներ հռետորութիւն ընելու եւ աժան ինքնաքննարկում կատարելու մօտեցումով։ Պատասխանը ըստ ամենայնի ծանօթ է, անպատրաստ ըլլալու հետեւանքները կը կրենք մինչեւ այսօր, թէեւ 25 տարիներու փորձառութիւնը մեզի հասկցուցած է թէ անկախ Հայաստանը ժամանակաւոր իրականութիւն չէ, իսկ պատմութեան անիւը ետդարձէ փրկելու մէջ, մենք ալ ունինք հիմնական բաժին։

Իսկ նայելով մօտակայ ու աւելի հեռու ապագային, արդեօք երբեւիցէ հարց տուա՞ծ ենք, կամ օրակարգի լուրջ հարցի վերածա՞ծ՝ այն, որ աշխարհի այսօրուան իրադարձութիւններն ալ կրնան հիմնական փոփոխութիւններու դուռ բանալ տարբեր շրջաններու, ներառեալ մեր հայրենիքը շրջապատող գօտիին մէջ։ Որքա՞ն պատրաստ ենք դիմագրաւելու «անհաւանական» հաւանականութիւններ, օրինակ՝ Արեւելք-Արեւմուտք «Պաղ Պատերազմ»ի արդէն իսկ երեւցող նոր փուլը, որ կրնայ նաեւ ռազմական ու արիւնալի դրսեւորումներ ունենալ, մասնակի կամ տարածուն վերանայումի մատնել մեզ շրջապատող քարտէսները։ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին ու անոր վախճանական օրերուն, Օսմանեան կայսրութեան մասնատումը յստակացաւ 1917էն ետք։ Ո՞վ կրնայ ըսել, որ այսօրուան Թուրքիան վաղը կրնայ նոր մասնատումի չենթարկուիլ, մինչ ինք կը փորձէ մասնատումներ յառաջացնել Սուրիոյ ու Իրաքի մէջ… Քրտական գործօնին, իսլամացած հայերուն եւ Թուրքիոյ այժմու իրավիճակը խախտումի ենթարկող այլ տուեալներու գնահատականը ի՞նչ չափով կատարած ենք։ Խրիմի նախընթացը աներեւակայելի էր Ուքրանիոյ տագնապի ծանրացման առաջին օրերուն, սակայն կրնայ տարբեր դրսեւորումներ գտնել Կովկասի ու անկէ հարաւ տարածուող գօտիին մէջ եւս։ Տակաւին, պահ մը լուսանցքայնացուած՝ Թուրքիա-Ատրպէյճան զինակցութիւնը ինչպիսի՞ ալիքներ կրնայ ստեղծել նոր զարգացումներու հետեւանքով, եթէ Ռուսիա-Իրան-Իրաք-Սուրիա գիծերուն վրայ համակարգումի փորձերը որոշ զարգացումներ ապրին ի հեճուկս Թուրքիոյ դաշնակիցներուն…

***

Այս մտահոգութիւնները չենք արծարծեր՝ 100ամեակին հանգրուանին մեր իրագործումներուն վրայ «պաղ ջուր թափելու» մօտեցումով, այլ դէպի վաղն ու աւելի հեռաւոր ապագայ սեւեռելու նախանձախնդրութեամբ։ Այսօրուան աշխարհի իրականութիւնները՝ քիչ յուսատու, այլ ընդհանրապէս դաժան զարգացումները մեզմէ կը պահանջեն ըլլալ զգօն, հեռատես ու շրջահայեաց, ըստ կարելւոյն ճիշդ գնահատել ստեղծուած ալիքներուն ուժն ու ուղղութիւնները, եւ մեր նաւուն ղեկը հակակշռել ըստ մեր առաջադրանքներու պահանջին։

Ներազգային թէ շրջանային մակարդակներու վրայ, մեր առաջադրանքներուն իրականացումը առաջին հերթին կախեալ է մեր արթնութենէն եւ աշխարհին հետ քայլ պահելու կարողութենէն։ Պէտք չէ մենք մեզ պատանդ պահենք այն մտածողութեան (յաճախ դուրսէն ներմուծուած), որ փոքր ու սահմանափակ ուժերով ժողովուրդներ չեն կրնար ազդել մեծերու խաղերուն ընթացքին վրայ. հոն ճշմարտութեան բաժին կայ, սակայն մօտակայ անցեալի ու այսօրուան իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ կարելի՛ է ու պէ՛տք է նաւը վարել՝ ստեղծուած ալիքներու օգտագործումով, հակառակորդի խաղաքարտերը այրելու կամքով։ Իսկ եթէ արտաքին հոսանքները համեմատաբար նուազ հակակշռելի նկատենք, ոչ մէկ պատճառ կամ արդարացում պէտք է փնտռենք ներազգային հարցերու լուծման՝ տնտեսական, մշակութային եւ ընկերային տագնապներու դարմանումին ձգձգումին մէջ։ Ի վերջոյ, ներազգային բեմի հարցերը ամբողջականօրէն չեն պայմանաւորուիր արտաքին-շրջանային զարգացումներով։

100ամեակէն անդին տարածուող աշխատանքի դաշտերը աւելի՛ ընդարձակ են ու բազմաբնոյթ, քան մինչեւ երէկ մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Յառաջ ընթանալու համար, անհրաժեշտ է ունենալ ազգային համապարփակ տեսլական ու անկէ բխող բազմաճիւղ ծրագիրներ, որոնց հետապնդումը կը կարօտի բոլորիս ձեռքերուն, մէկուն ճիգը միւսին աշխատանքով համալրելու հայեցակէտի, հեռու՝ մէկզմէկ ջլատելու վիճակներէն, որոնք կ՛արգելակեն մեր ընթացքը։

Դժուար, բայց ոչ անկարելի առաջադրանք, որ կ՛ենթադրէ բարձրանալ 21րդ դարու մարտահրաւէրներու մակարդակին, դուրս գալով իրողական կրաւորականութենէ եւ դիտող-հետեւողի դիրքերէ։


comments