By Asbarez | Friday, 12 February 2016
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նախորդ շաբթուան յօդուածովս տեղեկացուցած էի, որ Թալէաթ փաշան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչը, 1921 թուականին բրիտանացի հետախոյզ Օպրի Հըրպըրթի տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ <<յուշագիր գրած էր հայկական կոտորածներուն մասին>>:
Ներկայ յօդուածովս կը փափաքիմ ներկայացնել համառօտ հատուածներ Թալէաթի ծաւալուն զեկոյցէն, որ Նոյեմբերի 1921ին հրապարակուած է <<Նիւ Եորք Թայմզ>>ի կողմէ հրատարակուող <<Քըրընթ Հիսթըր<<ջ (Current History) ամսագիրին մէջ՝ <<Թալէաթ Փաշայի Յետ Մահու Յուշերը>> վերնագիրով եւ հետեւեալ ենթավերնագիրով. <<Նախկին մեծ վեզիրի անձնական զեկոյցը՝ գրուած անոր սպանութենէն կարճ ժամանակ առաջ՝ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Թուրքիա մտաւ պատերազմի մէջ. գաղտնի դաշինք, որ նախորդեց հակամարտութեան. հայկական կոտորածներու պատճառները՝ ներկայացուած անոնց պատուիրատուին կողմէ>>:
<<Քըրընթ Հիսթըրի>>ի խմբագիրները ներածական ծանօթութեան մէջ կը բացատրեն, թէ ինչպէ՛ս ձեռք բերեր են այս բացայայտող զեկոյցի օրինակը. <<…Թալէաթի մահէն ետք այս ձեռագիրը անցաւ Գերմանիա մնացած անոր կնոջ ձեռքը: Կինը տակաւին չէր հրապարակած ամբողջական զեկոյցը, սակայն իր ամուսինը գնդակահարողին ազատ արձակուելէն ետք, ան Կոստանդնուպոլիս հրապարակուող լիպերալ թրքական <<Վաքի>>չ թերթի Փարիզի թղթակիցին արտօնութիւն տուաւ հրատարակելու նիւթին ամէնէն հետաքրքրական հատուածները: <<Քըրընթ Հիսթըրի>>ի համար հատուածները թրքերէնէ անգլերէնի թարգմանեց բնիկ պոլսեցի Մ. Զեքերիան: Ատոնք մօտաւորապէս յիսուն էջերն էին բնօրինակ ձեռագիր գրութեան, որուն առաջին նախադասութիւնը՝ <<Ես չեմ ըսեր ամբողջ ճշմարտութիւնը, սակայն այն, ինչ կ՛ըսեմ՝ ճշմարիտ է>>, մեծ ցնցում յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ:
Ինչպէս Օպրի Հըրպըրթի հետ հարցազրոյցին, Թալէաթ իր յուշերուն մէջ եւս կը փորձէ արդարացնել ինքզինք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան համար մեղադրելով բոլորը՝ հայերը, ռուսերը, նոյնիսկ թուրքերը: Ան չի ժխտեր <<հայերու, իսկ որոշ բնակավայրերու մէջ նաեւ յոյներու եւ Սուրիոյ մէջ որոշ արաբներու տեղահանութիւնները>>, սակայն կը պնդէ, որ այդ մասին լուրերը <<խիստ չափազանցուած էին>>: Ապա Թալէաթ կ՛աւելցնէ. <<Այս ըսելով ես երբեք միտք չունիմ ժխտելու փաստերը: Միայն կը փափաքիմ ջնջել չափազանցութիւնները եւ փաստերը շարադրել այնպէս, ինչպէս դէպքերը տեղի ունեցեր են>>:
Նախկին մեծ վեզիրը կը խոստովանի. <<Ես կ՛ընդունիմ, որ մենք բազմաթիւ հայեր տեղահանած ենք մեր արեւելեան նահանգներէն, բայց ասիկա մենք չենք ըրած նախապէս մշակուած ծրագիրով մը: Այս գործողութիւններուն պատասխանատուութիւնը առաջին հերթին կ՛իյնայ նոյնինքն տեղահանուած ժողովուրդին վրայ: Մեր արեւելեան շրջանները ձեռք ձգելու նպատակով, Ռուսիան զինեց այս շրջաններու հայ բնակչութիւնը եւ նշուած տարածքին մէջ կազմեց հայկական հրոսակային ուժեր>>:
Փորձելով վերականգնել իր արատաւորուած անունը՝ Թալէաթ կը հաստատէ թրքական բռնութիւններու գործադրումը ընդդէմ հայերու. <<Ես կ՛ընդունիմ, որ տեղահանութիւնը ամէն վայրի մէջ չէ որ իրականացուած է օրինական կարգով: Որոշ տեղեր անօրինական արարքներ կատարուած են… Շարք մը պաշտօնեաներ չարաշահած են իրենց լիազօրութիւնները, եւ շատ մը վայրերու մէջ մարդիկ իրենք իրենց ձեռքը առեր են կանխարգելիչ միջոցներն ու հալածած անմեղ մարդիկը: Կը խոստովանիմ>>:
Շարունակելով իր իսկ երեսը ճերմկցնելու հռետորութիւնը՝ Թալէաթ զիջում կ՛արձանագրէ. <<Կը խոստովանիմ նաեւ, որ կառավարութեան պարտականութիւնն էր կանխել այս բռնութիւններն ու վայրագութիւնները, կամ առնուազն բռնել եւ խստօրէն պատժել մեղաւորները: Շատ վայրերու մէջ, ուր տեղահանուած մարդոց գոյքը եւ ունեցուածքը թալանուած էին, իսկ հայերը՝ հալածուած, մենք ձերբակալեցինք մեղաւորները եւ պատժեցինք ըստ օրէնքի: Սակայն կը խոստովանիմ, որ պէտք է աւելի խիստ վարուէինք, իրականացնէինք ընդհանուր հետաքննութիւն՝ բոլոր սադրիչներն ու թալանճիները բացայայտելու եւ խստօրէն պատժելու համար: Բայց չէինք կրնար այդպէս ընել: Թէեւ շատ մեղաւորներ պատժեցինք, սակայն անոնց մեծ մասը մնաց անպատիժ>>:
Թալէաթ կը շարունակէ արդարացումներ գտնել հայկական կոտորածներու գծով հետապնդման չենթարկուած ոճրագործներուն համար, որոնք <<անհեռատես եւ մոլեռանդ էին, սակայն անկեղծ էին իրենց համոզումներուն մէջ: Հասարակութիւնը կը խրախուսէր զանոնք, եւ անոնք իրենց կռնակին ունէին աջակիցներու մեծ բանակ մը: Անոնք մեծ էին թիւով եւ ուժեղ: Զանոնք բացայայտօրէն եւ տեղւոյն վրայ պատժելը կրնար դժգոհութեան մեծ ալիք յառաջացնել այն մարդոց մօտ, որոնք համաձայն կը գտնուէին անոնց գործողութիւններուն: Բոլոր այս սադրիչները ձերբակալելու եւ պատժելու փորձը կրնար անիշխանութեան պատճառ դառնալ Անատոլիոյ մէջ ճիշդ այն պահուն, երբ մենք խիստ կարիքը ունէինք միասնութեան>>:
Յանուն ճշմարտութեան պէտք է նշել, որ Թալէաթի պնդումները այն մասին, որ իբր թէ հայերը Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն թիկունքէն հարուածեր են Թուրքիան, ամբողջութեամբ կեղծիք են: Թուրքիոյ ռազմական նախարար, օսմանեան զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Էնվէր փաշա, Գոնիոյ եպիսկոպոսին յղած իր նամակին մէջ բարձր գնահատած է թրքահայ զինուորներուն քաջութիւնը՝ 1914-1915ի ձմրան, ռուսական բանակին դէմ պատերազմին:
Պէտք չէ զարմանալ, որ Թալէաթի այն պնդումը, թէ իր կառավարութիւնը դաժան գործողութիւններու կը ձեռնարկէր հայերու դէմ նոյնիսկ <<խաղաղութեան ժամանակ>>, կը վերահաստատէ թրքական ցեղասպանական վաղեմի գործելակերպը, ինչպէս անցեալին կիրարկուած է համիտեան եւ Ատանայի հայկական ջարդերուն ընթացքին, երբ չկային պատերազմներ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
<<Քալիֆորնիա Քուրիըր>> թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է