By Asbarez | Friday, 22 April 2016
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ ազգովին հասած ենք նոր հանգրուանի մը, ինքնաբերաբար կը զգամ, որ խորհրդաւոր բան մը կը ճնշէ ուղեղս:
Բոլորին նման ես ալ կը փորձեմ ամփոփել միտքս, հաւաքել ապրումներս, պարզ եւ անկեղծ, սակայն անկարելի՛ է: Նաեւ դժուար է պարզել, թէ ի՛նչ կը զգամ: Բա՛րդ է: Նախ՝ որովհետեւ մեր ամէնօրեայ պայքարին մէջ դժբախտաբար կեանքը կորսնցուցած է իր շքեղանքը: Ամէն տեղ յուսահատ պայքար մը կայ: Ապրումը զիջած է խոհին: Մէկ խօսքով՝ ժամանակին մէջ ծաւալող կեանք մըն է, զոր կ՛ապրինք: Թէեւ վարժ ենք այս կեանքին, սակայն կարծեմ որոշ ուժ եւ թափ պէտք է մեր ինքնութեան դրսեւորումը կատարելու համար:
Յամենայնդէպս, հակառակ այս բոլորին՝ կը շարունակեմ միտքս ամփոփել:
Նախ՝ մարդկային հոգին միշտ լուսամուտ մը պէտք է ունենայ, որպէսզի կարենայ փնտռել եւ գտնել իր ու իր ժողովուրդի էութեան բանալին:
Կը յիշեմ մեր մեծերուն խօսքը, թէ աշխարհը զաւեշտ է, նոյնիսկ՝ անհեթեթ բաներով լեցուն: Բայց միւս կողմէ տեսանելի է, թէ նոյն այս աշխարհը այլեւս քաջատեղեակ է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւն դար մը առաջ կատարուա՛ծ էր, եւ որ արիւն ու բոց ըլլալով հանդերձ, անիկա երկրի եւ երկինքի վիշտն էր, նոյնիսկ՝ լայն բացուած վէրք մը մարդկութեան սիրտին… նոյն այս աշխարհը, մեզի հանդէպ տակաւին անտարբե՛ր է: Ապերա՛խտ աշխարհ՝ դարձեալ պիտի ըսէին մեր մեծերը: Բայց, իբրեւ եզրակացութիւն ըսեմ, որ չկայ ողբերգութիւն աւելի՛ մեծ… քան հայունը:
Սակայն ո՞վ ենք մենք, որ այսպէս իրականութեան փէշէն կախուած ու ճակատաբաց՝ հիմա աշխարհէն հաշիւ կամ արդարութիւն կը պահանջենք: Ճի՛շդ է որ ամէնէն խորհրդաւոր պատմութիւնը ունեցող ժողովուրդներէն ենք, որ տասնամեակներ առաջ ուրիշներու յաղթանակի կամարներուն առջեւ երկար սպասեց… Նոյնիսկ յաճախ մուրացկանի նայուածքով ուրիշներու նայուածքները որոնեց: Անոր համար ալ շատեր կարծեցին, թէ մենք խեղճ ու որբ էինք: Նաեւ կարծեցին, թէ մենք մեծ ազգ չէինք, այլ՝ պարզապէս զոհ մը, եզներու նման մորթուած կամ ֆիզիքական տագնապներ կրած, կողոպտուած, թալանուած ու հայրենի հողերէն վտարուած: Ամէն մարդ տեսակ մը ակնոցով սկսած էր մեզ դիտելու:
Ո՞վ ենք մենք, ըսէ՛ք խնդրեմ, որ մեր կեանքը ցցած՝ կ՛ապրինք մեր անցեալին մէջ:
Անոր համար էր որ տխրած էին մեր երգերը, իսկ մեր աղերսները՝ մեր բերաններուն մէջ մնացած, փճացած ծամօնի նման, յարատե՛ւ։
Աւելի՛ն, տարիներով պտըտած էինք եւ թերեւս շարունակենք պտըտիլ հորիզոնէ հորիզոն, երբեմն ինքնավստահ, երբեմն յուսահատ, երբեմն ալ առագաստը պատռուած նաւակի նման, ապա եւ ինքնաբերաբար ազգովին կանգնած պատմութեան ճեղքուած ճամբուն վրայ:
Անոր համար էր որ տասնամեակներով նստած էինք ու անհամբեր սպասած արդարութեան ոտնաձայներուն: Փորձած էինք բարձրաձայն աղաղակել եւ յաճախ՝ բռունցք ցոյց տուած: Սակայն միշտ երկա՜ր սպասած… Անկեղծօրէն, մեր այս սպասումը նմանեցաւ երկար հիւանդութեան մը: Ապա, ժամագիրքը կորսնցուցած քահանայի նման, աճապարանքով ուզած էինք ազգովին հասնիլ այս ահաւոր թուականի հարիւրամեակի նշումին:
Եւ ահա՛…
Պատի՛ւ հայուն, ճիշդ տարի մը առաջ էր, երբ աշխարհով մէկ նշեցինք այդ թուականը: Լաւ յիշեցէ՛ք. զայն նշեցինք Հայաստան ու Սփիւռք, բարձրաձայն եւ հպարտ: Հաստատ եւ աղմկալից: Պատմականօրէն եւ միահամուռ… Եւ մեր ոգին ջերմացաւ: Ոգին բաւարար էր, որպէսզի մեր ակունքն ու մեզ մնայուն պահէր, որպէսզի տիեզերքը մեզ անդունդ չգլորէր:
Այս բոլորով հանդերձ, այս օրերուն, երբ միտքս կը փնտռէ այն հեռաւոր աղբիւրները, որոնցմէ կարճ ժամանակ մեր ծարաւ հոգին յագեցած էր, կը փորձեմ հաստատօրէն մատներս դնել օրերու բազկերակին վրայ:
Յստակ է, որ մեր ապրած դարը իր ղեկը շատոնց փշրած է, եւ Արեւմուտքը, ինչպէս միշտ, դարձեալ անհանգիստ աչքերով կը դիտէ Արեւելքը: Դարը արիւնոտ դարձած է… եւ հակառակ անոր որ մեր ազգի արդարութեան դաշտը որոշ չափով լուռ է, հաստատեցինք, որ մենք եթէ ուզենք՝ կրնանք աշխարհին ցոյց տալ, թէ համայն հայութեամբ լեցուն սիրտ մը ունինք, բաբախո՛ւն, նոյնքան ալ տրոփո՛ւն, ե՛ւ հարազատ, ե՛ւ իրական։
Եթէ ամէն ազգ իր իւրայատուկ պայմանները ունի իր հաւաքական կենսունակութեան համար, իր ապագայի պատրաստութեան եւ վաղուան հաստատ ինքնութեան համար, ապա հաւատացէ՛ք, որ մե՛նք ալ մերը ունինք, անկասկա՛ծ, եւ այս բոլորը, անշուշտ, եթէ մենք ուզենք ունենալ… եւ այդ մէկը անցեալ տարի փաստեցինք՝ օր ցերեկով:
Բայց անցեալով հպարտանալը մեզ տեղ չի հասցներ: Այսօրը պէ՛տք է: Հիմա, այսօրը, որովհետեւ այս թուականը տարբե՛ր է:
Հայութեան համար Ապրիլ 24ը այլեւս տարբեր օր պէտք է նշանակէ: Թէեւ նոյնիսկ ուշացած ենք, բայց պարտաւոր ենք մեր աչքերը կրկին անգամ եւ միշտ ուղղելու վաղուան: Ազգի ապագա՛ն է էականը: Չմոռնա՛նք:
Անոր համար անզուսպ ցանկութիւն մը ունիմ՝ տեսնելու մեր պահանջատիրութեան ամբողջական թղթածրարը. մեր ազատ ու անկախ հայրենիքին, այլ խօսքով՝ մեր Հանրապետութեան հզօրացումն ու անոր ներքին կայունութիւնը…
Աւելի՛ն, տեսնել մեր անկախ պետականութեան ազգային դիմագիծի ամրապնդումը եւ մեր միակամ ու միասնական աշխատանքի ու խանդավառութեան յարատեւումը: Ինչո՛ւ չէ նաեւ՝ մեր մշակոյթի պահպանման ու մեր լեզուի յարատեւութեան աճը եւ անպայման՝ մեր լեզուի ու մշակոյթի հաստատութիւններուն զարգացումն ու բարելաւումը:
Եթէ իսկապէս կ՛ուզենք տեսնել եւ ապրիլ մեր վերջնական յաղթանակը – ցանկութիւն մը, որ կասկած չընդունիր – ապա պարտաւոր ենք անպայմա՛ն զօրակոչի ենթարկել մեր կամքը, մեր անզուսպ ցանկութիւնը եւ մեր ազգային գիտակցութիւնը:
Բնոյթով լաւատես եմ…
Մեր մարտահրաւէրը միշտ այժմէական է. լա՛ւ յիշեցէք… Եւ պարտաւոր ենք համախմբուած հայութեամբ պայքարիլ, մինչեւ արդարութեան գալուստը: Այս բոլորին համար կենսական են մեր ուժերու ինքնավստահութիւնն ու մեր զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը: Սփիւռքի քաղաքական կարողականութեան ուժեղացո՛ւմը նաեւ էական կը նկատեմ, որովհետեւ այս մէկը մեծապէս կը նպաստէ հայկական դիւանագիտութեան հզօրացման: Տակաւին՝ Հայաստան-Սփիւռք արթուն զանգուածի դրութիւնն ու համակարգուած աշխատանքները…
Շարունակեմ։
Մեր նոր սերունդի ազգային արժանապատուութիւնը արթուն պահելու առաջնահերթութիւնը ոչ միայն անհրաժեշտ է, այլեւ՝ կենսակա՛ն: Այսինքն՝ ուղղութիւն տալ գալիք սերունդներուն, ոգեւորել ու յաւելեալ թափ տալ անոնց արդէն իսկ սկսած աշխատանքներուն: Ապա… ա՜խ… մեր հայ ընտանիքներուն մէջ պակաս ձգուած բաժինները շարունակել՝ հայ վարժարաններէ եւ ակումբներէ ներս. պահե՛լ մեր լեզուն եւ մշակոյթը… Մէկ խօսքով՝ ազգային ենթագիտակցութիւնը… որուն կարիքը որքա՜ն ունինք, մանաւանդ այս օրերուն։
Այս բոլորը…
Որպէսզի մեր ամբողջ Սփիւռքը վերածուի ուխտապահ մարդոց հաւաքականութեան:
Ահա ա՛յս է առաջնահերթը: Ազատ հայրենիքը մեծ շահ մըն է մեր գոյութեան. կը կրկնե՛մ: Ի գին գերագոյն զոհողութիւններու՝ անոր տէր կանգնի՛լ է պէտք, առողջ ռազմավարութեամբ… Ոչ ոք մտահոգ է մեր փոքր ածուով, մեր ճակատագիրով: Օտարին համար մենք ո՞վ ենք՝ <<բուռ մը հող եւ ափ մը հայ>>…։
Տեսնուած է, որ յաճախ միջազգային դիւանագիտական ասպարէզին մէջ քաղաքական շահեր հետապնդելու նպատակով մեր ողբերգութիւնը կ՛օգտագործուի, սաստելու համար մեր թշնամիին ոտնձգութիւնները: Ուստի, կարեւորը մե՛նք ենք եւ մեր աշխատանքը: Մե՛ր երթը… մեր ազգային գիտակցութեան հասունութիւնն ու մեր ստեղծագործական կարողութիւնը: Աւելին՝ մեր պատասխանատուութեան զցացումը, մեր լեզուն եւ մշակոյթը:
Այս բոլորին համար հոգեկան որա՛կ է պէտք, կեցուածք ու արտայայտութեան ձեւ… Էականը՝ ոգին զտե՛լն է եւ այսուհետեւ՝ արդարութեան քայլարշաւները փոխարինել պահանջատիրական արշաւներու: Այս բոլորին համար գիտակից ղեկավարութի՛ւն ալ է պէտք, ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ, մեր փայլուն վաղուան հաւատացող զարկերակով, որովհետեւ բոլորիս համար ծանօթ է, որ օտարացման գերանդին մեծաթիւ զոհեր կը հնձէ ներկայ մեր շարքերէն:
Անտարբեր ու ձեռնածալ չենք կրնար մնալ՝ ի տես այս բոլորին: Վստահ եղէ՛ք, որ այս բոլորով կարելի պիտի ըլլայ ժամանակի գործօնը մեր ժողովուրդին ի նպաստ ուղղել:
Կը հաւատամ, որ ուշ կամ կանուխ, արդարութիւնը մեզի պիտի հասնի: Նաեւ կը հաւատամ, որ մեր ազգը եթէ ուզէ ապրիլ, պէտք չէ փոխէ իր դէմքը: Պէտք է միշտ հաւատարիմ մնայ իր հայրենիքին, իր Արարատին եւ իր պապենական հողերու ընդերքին մէջ պահ դրուած հզօր ներուժին:
Գալիք օրերուն, ամիսներուն եւ տարիներուն ամէն բան կախեալ է մեզմէ, մեր հաւատքէն, մեր մտածելակերպէն, մեր ծրագրումներէն եւ մանաւանդ՝ մեր միասին եւ համախմբուած գործելու եղանակէն:
Ուստի… բարի եւ յաջող երթ:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է