By Asbarez | Friday, 22 April 2016
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Թուրքին՝ <<Պիտի զարնեն քեզ անոնք, Որ քեզ յաճախ փրկեցին>>:
Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ
Հարիւր մէկ տարի առաջ, Օսմանեան կայսրութեան իթթիհատական բորենիները դժոխային ծրագիրով մը անճիտել փորձեցին իրենց կայսրութեան մէջ ապրող հայ փոքրամասնութիւնը, որպէսզի աշխարհին ըսեն. <<Մեր կայսրութեան մէջ հայ չկայ, հետեւաբար Հայկական Հարց գոյութիւն չունի>>:
Այս բոլորը կը կատարուէին պարզապէս, որովհետեւ հայ ժողովուրդը մոնկոլներու եւ Օսմանի զաւակներուն գալէն առաջ, հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունէր այդ հողերուն վրայ, եւ ժողովուրդը կ՛ուզէր, որ քիչ մը մարդավայել կեանք մը ունենայ իր պապենական հողերուն վրայ, հաւատքի ազատութիւն ունենայ: Այդ բոլորը անընդունելի էին Օսմանեան կայսրութեան բռնակալ իշխանութիւններուն համար: Անոնք, մեծ պետութիւններու պարտադրանքով, 1860ին կայսրութեան նոր Սահմանադրութիւն մը մշակած էին, երկրէն ներս փոքրամասնութեանց եւ ողջ ժողովուրդին ազատութիւն եւ հաւասարութիւն խոստանալով: Այդ Սահմանադրութեամբ պարզապէս ողջ աշխարհը (ինչպէս մինչեւ հիմա) խաբելով, կը խօսէին եղբայրութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան մասին, որ կը տիրէր իրենց երկրէն ներս:
Այսպէս, հարիւր մէկ տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան մարդակերպ գազան ղեկավարները սկսան գործադրելու իրենց ծրագիրը, առաջին հերթին կայսրութեան մէջ ապրող 300 հազարէ աւելի հայ երիտասարդներ զինուորական ծառայութեան կանչելով, առանց զէնք ու զրահ տալու, զանազան գործերով զբաղեցնելով, զանոնք մաս առ մաս սպաննեցին: Այսպիսով, հայ ժողովուրդին զրկեցին իր պաշտպան մարտական երիտասարդութեան ուժէն:
Այս դժոխային արարքէն ետք, Օսմանեան կայսրութեան իշխանաւորները պատերազմական վիճակի մէջ ըլլալով, հայ փոքրամասնութեան ու մանաւանդ բոլոր քրիստոնեաներուն (կեաւուրներուն) զանազան տուրքեր սահմանեցին, որպէսզի տնտեսապէս տկարացնելով զանոնք, հնարաւորութիւն չունենան զէնք ու զրահ գնելու: Ապա, այս բոլորին յաջորդեց ուրիշ տարօրինակ եւ հրէշային քայլ մը. անոնք հայ տուները մտնելով անոնց տուներուն մէջ գտնուող դանակները, հրացանները եւ նոյնիսկ որսի հրացանները գրաւեցին, որպէսզի հայերը այս իրերը չգործածեն ինքնապաշտպանութեան համար:
Այս քայլերէն ետք սկսաւ հրէշային, ամէնէն սարսափելի ծրագիրը Ապրիլ 24ին: Անոնք հաւաքեցին Պոլսոյ հայ մտաւորականները եւ աքսորի ճամբաներուն վրայ սպանդի ենթարկելով զանոնք, հայ ժողովուրդի գոյութեան տուին ամէնէն մահացու եւ ճակատագրական հարուածը:
Այս նախապատրաստական բոլոր աշխատանքներէն ետք, Օսմանեան կայսրութեան այս հրէշածին պետական այրերը՝ Թալէաթ, Էնվեր, Շաքիր, Նազըմ իրենց իսկական ծրագիրին անցնելով, սկսան հայերուն տեղահանութեան, բնաջնջման աքսորի աշխատանքներուն՝ Կիլիկեան աշխարհէն մինչեւ Վան-Վասպուրական, Տարօն-Տուրուբերան եւ այլ շրջաններ:
Այդ ծրագիրին համար բանտերէն ազատ արձակեցին բոլոր ոճրագործները, գող-աւազակները եւ մտային խանգարում ունեցողները, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ բերին վարձկան զինուորներ, ու այս բոլորը թափեցին անզէն, տկար ու մինուճար հայ ժողովուրդին գլխուն վրայ, անոնց ինչքերը կողոպտելով, հարստութիւնները խլելով, թանկագին մայրերն ու աղջիկները բռնաբարելով եւ զանոնք իրենց <<հարէմ>>ները տանելով, մանուկները, պարման-պարմանուհիները բռնի ուժով խլելով եւ առեւանգելով: Այսպէս, դահճապետ Թալէաթ հպարտութեամբ կը յոխորտար՝ յայտարարեով. <<Հայկական Հարց գոյութիւն չունի այլեւս>>… Այս գազանն ու իր ընկերները, որոնք եղան հայ ժողովուրդի սպանդի գլխաւոր ճարտարապետները, իրենց արդար պատիժը ստացան հայ հերոս վրիժառուներու ձեռքով, շանսատակ ըլլալով Պերլինի, Հռոմի եւ եւրոպական այլ քաղաքներու փողոցներուն մէջ:
Անշուշտ այդ օրերուն, հայ ժողովուրդը իր ղեկավարութեամբ շատ մը քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ ինքնապաշտպանութեան հերոսական արարքներով, արժանի պատիժը տուած է թուրք <<ասկեար>>ներուն, բայց ի վերջոյ հսկայ կայսրութեան մը բանակին, ոստիկանութեան եւ վարձկան զինուորներու հետ էր գործը, եւ անզէն, նիւթապէս թէ բարոյապէս տկարացած հայ ժողովուրդին համար գերհզօր ճիգերով կրցաւ որոշ քաղաքներու մէջ դիմադրութիւն ցոյց տալ եւ ազատիլ այդ խժդժութիւններէն: Միաժամանակ կրցաւ մասամբ խալխլել աշխարհասասան Օսմանեան կայսրութեան հիմքերը, որ հետագային բզիկ-բզիկ եղաւ:
Այսօր, հարիւր մէկ տարի ետք, ողջ աշխարհը ականատես կ՛ըլլայ թուրքին իսկական տգեղ դիմագիծին, որ տարիներ շարունակ կրցած էր պահել եւ աշխարհը խաբել, իր <<քաղաքակիր>>չ, <<մարդասէր>> եւ <<ազատամիտ>> ըլլալուն խաբկանքով:
Այո, այս վերջին 10-15 տարիներուն, Թուրքիան իր դրացիներուն եւ աշխարհին անգամ մը եւս սկսած է փորձանք դառնալու: Հարիւր մէկ տարի շարունակ հայերը համայն աշխարհի ղեկավարներուն կը բացատրէին, կը նկարագրէին՝ իրենց դեսպաններէն եւ թերթերէն վկայութիւններ բերելով, որ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, բայց հազիւ նոր սկսած են հասկնալու, թէ ինչ պատահեցաւ մեր ժողովուրդին:
Այսօր Թուրքիոյ իշխանաւորները իրենց դրացի իսլամ երկիրներէն Իրաքի, Սուրիոյ եւ քիւրտ ժողովուրդը եւ այլ երկիրներ քանդելու, կողոպտելու, անոնց քարիւղի հարստութիւնները իւրացնելու նպատակով իրենց դրացի իսլամ եղբայրները կը յօշոտեն, իրենց երկրի տարածքներուն մէջ մարզելով, պահելով, բուժելով ISIS կոչուած զինեալները, որոնք կ՛ընեն նոյնը, ինչը հարիւր մէկ տարի առաջ ըրին հայերուն:
Այո, մենք, հայերս շատ լաւ գիտենք, թէ օտարին վրայ շատ յոյս դնել կարելի չէ: Բարեկամ եւ գաղափարակից ունենալ շատ լաւ է, բայց հայերը լաւ գիտեն, որ մեր մեծագոյն բարեկամը՝ մեր ժողովուրդի զաւակներն են, որոնց ամէն տարի պիտի յիշեցնենք այս Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւնները, սերունդէ սերունդ պիտի փոխանցենք մեր երիտասարդներուն, թէ ահաւոր բան մը կատարուեցաւ մեր ժողովուրդին 101 տարի առաջ եւ մենք ազգովին՝ մայր հայրենիք կամ Սփիւռքի հայութիւն, պիտի շարունակենք յիշել եւ պահանջել արդար հատուցումը մեր վնասներուն: Հարիւր տարի վերականգնումի եւ վերապրումի ճիգերէն ետք, այսօր ամբողջ հայութիւնը կը պատրաստուի իրաւական միջոցներով Թուրքիոյ պարտադրել մեր պահանջները:
Թուրքիան կ՛ապրի իր ամենադժնդակ օրերը, հակառակ անոր որ թուրք եւ ատրպէյճանցի ղեկավարներ կը ջանան աշխարհին ցոյց տալ, թէ իրենք իրենց քարիւղի տոլարներով եւ երկրի աշխարհաքաղաքական դիրքով, ամէն ինչ կրնան ընել: Բայց եկած է ժամանակը, որ Օսմանեան կայսրութեան այս աւելցուկը, իր արժանի պատիժը կրէ աշխարհէն, եւ բանաստեղծութեան իշխան Վահան Թէքէեանի ըսածին պէս՝ <<պիտի զարնեն քեզ անոնք, որ քեզ յաճախ փրկեցին>>: Եւ միաժամանակ՝ <<պիտի տեսնես ծաղկիլը մեր աշխարհին, քու ստրուկի աչքի տակ>>:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է