By Asbarez | Saturday, 23 April 2016
Հարիւրամեակի ոգեւորութիւնը չկրցանք պահպանել, չկրցանք անոր ստեղծած մթնոլորտը աճող ուժականութեամբ լիցքաւորող մարտկոցներ կառուցել, որպէսզի պահանջատիրական պայքարը յարատեւօրէն կարենար մագլցում արձանագրել:
Փաստօրէն՝ տեղատուութեան մէջ ենք, եւ ամէնէն մտահոգիչը՝ այդ տեղատուութիւնը արդարացնելու տրամադրութիւններ կ՛երեւին մեր զրոյցներուն, վերլուծումներուն մէջ:
Ի վերջոյ հարիւրամեակ էր՝ կ՛ըսենք, ու բնական էր, որ ժողովուրդը աննախընթաց մասնակցութիւն բերէր յոբելենական կարեւոր միջոցառումներուն:
Այո՛, կը թուի, թէ մենք ձախողեցանք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներու տարողութիւնը ու պահանջատիրական պայքարի հրամայականները ճիշդ ձեւով ընկալելուն եւ ճիշդ ձեւով բացատրելուն մէջ: Ցեղասպանութեան ամեակները կարելի չէ բաղդատել գիրերու գիւտին, քրիստոնէութեան ընդունման, այս կամ այն յայտնի գրողի յոբելենական տարեդարձներուն հետ… հարիւրամեակի լայնամաշտապ ձեռնարկները չեն կրնար մխիթարել մեզ կամ գոհացնել պահանջատիրական պայքարի ընդարձակման նախապայմանները:
Հարիւրամեակին յաջորդող այս 101ամեակին, մեր պատրաստութիւնները, անոնց համեստութիւնը՝ բաղդատմամբ հարիւրամեակի ձեռնարկներուն, կրնան նոյնիսկ յուսահատեցնող ազդեցութիւն թողուլ բոլորիս վրայ:
Կ՛արժէ եւ պէ՛տք է ամէնէն դաժան ինքնաքննադատական չափանիշներով վերլուծել, թէ ինչո՞ւ այսպէս եղաւ, ինչո՞ւ չկրցանք մեր հաւաքական ճիգերով, մեր միասնականութեամբ ստեղծած փառաւոր պահերը վերածել ներշնչման անսպառ ու հզօր աղբիւներու, ինչո՞ւ…
Կրնա՞յ ըլլալ, որ մեր թուլացման նպաստեց այն փաստը, որ մեր մէջէն արմատախիլ եղաւ այն սարսափը, թէ՝ հարիւրամեակը պիտի բերէր վերջնական աւարտը, փակումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումներուն:
Հարիւրամեակի համաժողովրդական զանգուածային յիշատակումը, քաղաքական, քարոզչական հարթութիւններու վրայ ձեռք բերուած յաջողութիւնները մեզ ապահովութիւն ներշնչեցին, թէ պայքարը կրնայ շարունակուիլ եւ պիտի՛ շարունակուի, եւ թէ ե՛րբ ալ լարենք մեր մկանները՝ կրնանք այդ պայքարին այնպիսի հզօր թափ տալ, որ կրնայ սասանեցնել թշնամին:
Այս ապահովութիւնը վտանգաւո՛ր է, սակայն, որովհետեւ կրնայ թուլացնել մեր կամքը, մեր վճռականութիւնը: Ահա՛ նոր հարիւրամեակ մը կը բացուի մեր առջեւ ու դեռ ահագին ժամանակ ունինք մեր Դատը հետապնդելու… ինչո՞ւ ուրեմն այսօր չարչարենք, սպաննենք մենք մեզ, երբ կրնանք հանգիստ վերադառնալ մեր նախկին ընթացքին, մեր նախկին կշռոյթին, հաւանաբար՝ սպասելով աւելի պատեհ ժամանակներու, երբ դարձեալ պէտք պիտի ըլլայ առաւելագոյն լարումով աշխատելու…
Թուլացման պատճառներէն կրնայ ըլլալ նաեւ մեր ազգային օրակարգի շեղումները՝ մերթ մեր որոշումով, մերթ ալ պարտադրուած մեզի:
Հարիւրամեակէն ետք մեր պետութեան պատասխանատուները կլանուեցան նոր սահմանադրութիւն մշակելու եւ զայն հանրաքուէով հաստատելու գործով, որուն կարեւորութիւնը չենք ուզեր կասկածի ենթարկել: Պետութիւնը, որ հարիւրամեակի նախօրէին կարեւոր ներդրում ունեցաւ համահայկական տարողութիւն տալու պահանջատիրական ձեռնարկներուն, այսպիսով՝ գոնէ ժամանակաւորապէս դուրս եկաւ պատկերէն։
Զուգահեռաբար, քանի մը ճակատներու վրայ աշխատելու անկարողութիւնը տեսնուեցաւ նաեւ Սփիւռքի տարածքին: Սուրիահայութեան դիմագրաւած ճգնաժամը, հայապահպանման առօրեայ պարտադրանքները, տեղական տաղտուկներն ու օրակարգերը մեզ շեղեցին միասնականութիւնը արմատաւորելու ճիգերէն, մինչդեռ, բնական պայմաններու տակ, հարիւրամեակին ստեղծուած մթնոլորտը՝ իր բերած յաջողութիւններով ու իրագործումներով, կրնար հիմնաւորել համագործակցութեան ոգին:
Հարիւրամեակին յաջորդող այս տարուան դասերը եթէ ճիշդ ժամանակին քաղենք, եւ անհրաժեշտ հետեւութիւնները արագօրէն կատարենք, կրնանք յոյս ունենալ, որ նոր հարիւրամեակի մեկնարկը ուժեղացնող շարժիչներով առաջ տանիլը անկարելի չէ՛:
Ի վերջոյ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին մեր համազգային լարումին ամէնէ՛ն ուժեղ դասը այն չէ՞ր, որ եթէ ուզենք՝ կրնանք լեռներ շարժել… Հիմա, աւելի՛ քան երբեք, մենք կարիքը ունինք համազզային լարումը երկար պահելու վարժութեան, մանաւանդ երբ կը դիմագրաւենք ազատագրուած հող պաշտպանելու եւ Արցախեան ճակատը անառիկ պահելու մարտահրաւէրը:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է