By Asbarez | Saturday, 23 April 2016
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Պատերազմ է: Գերարդիական զէնքերով: Մահերով:
Ազատ եւ ժողովրդավարական երկիրներու գաղափարական-քաղաքական չափանիշներով դիտել Արցախի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները՝ ոչ մէկ լուծման կ՛առաջնորդէ: Իրաւունք, պատմութիւն, ճշմարտութիւն եւ այդ կարգի գեղահունչ բառեր նոյն իմաստը չունին ժողովրդավարական ազատ աշխարհին եւ թուրք-ազերիին համար: Այսքանը եթէ չհասկցուի ինքնակոչ իրաւարարներու եւ հաշտութեան համար երթեւեկողներու կողմէ, ոչ մէկ հարց կը լուծուի:
Բանակցելու համար արժէքներու հասարակ յայտարար պէտք է:
Այս հիմնական տարբերութիւնը ինչո՞ւ մենք չենք բացատրեր մարգարէական լուծումներ փնտռող, երթեւեկող եւ առաջարկող իրաւարարներուն:
Թուրքին եւ ազերիին համար, այս վերջինի դիմագիծը որոշ է գէթ արցախցիին համար, որ զայն կը կոչէ պարզապէս <<թուրք>>, ինչ որ բանագնացները չեն լսեր, թերեւս չեն լսած, ջարդել, կողոպտել, ուրիշի իրաւունքը խլել, ծինային մշակոյթ է: Թուրքին համար հակիրճ տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. <<Ինչ որ իմ սեփականութիւնս է, ինծի կը պատկանի, ինչ որ քու սեփականութիւնն է, ան ալ ինծի կը պատկանի>>: Ըլլալով եկուորներ, այն բոլորը, զորս այսօր կը ներկայացուի որպէս թրքական կամ ազերիական, ուրիշի սեփականութիւն են, բռնագրաւուած: Ինչպէ՞ս Թուրքիան կրնայ ըսել, որ Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Սոֆիա եկեղեցին թրքական է, ինչպէ՞ս միջազգային հանրային կարծիքը կ՛ընդունի այդ բիրտ բռնագրաւումը եւ կը հաշտուի զէնքի ուժով հաստատուած կատարուած իրողութեան հետ: Ինչպէ՞ս հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անին կրնայ ըլլալ թրքական եւ անոր մայր տաճարը արձանագրուի որպէս թրքական մշակութային ժառանգութիւն:
Աշխարհի մեծերը եւ իրաւարարները այս պարզ հարցումները կը պատահի՞, որ իրենք իրենց ուղղեն… բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստելէ առաջ, որպէսզի արդար իրաւարար ըլլան:
Իրաւարար մը կ՛ըլլայ արդար կամ անարդար:
Անարդար իրաւարարին ուրիշ անուն պէտք է տալ: Այդ անունները մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ գտնել բառարաններու մէջ, անոնք կրնան քիչ մը աւելի քիչ մը պակաս վիրաւորական ըլլալ: Պարզ պէտք է ըլլայ, որ կեղծ իրաւարարներուն կորաքամակ շռայլանք պէտք չէ շնորհել, երբ իրաւարարի պարեգօտ կը հագնինք:
Ասկէ առաջ ալ գրած եւ ըսած եմ, որ իսկական միջազգային պատմահետախուզական քննութիւն պէտք է կատարել գիրքերու մէջ՝ Արցախի տէրերը ճշդելու համար: Արցախի ամբողջ տարածքին պատմահետախուզական աշխատանք պէտք է կատարեն իրաւարարները՝ քննելու համար պատմական յուշարձանները, ճշդելու համար, թէ ո՞ր ժողովուրդի գործերն են անոնք, պատմութեան ո՞ր ժամանակէն ի վեր:
Եթէ ուժ ունենանք կարենալ ազդելու հանրային կարծիքին եւ միջազգային որոշումներուն վրայ, կրնա՞նք մենք մեզ տէր հռչակել Փերուի, Ալասքայի կամ Թասմանիոյ… Եթէ նման որոշում կայացուի, այդ արդարութի՞ւն կ՛ըլլայ:
Այսօր այդպէս է թուրքին տիրապետութիւնը բռնագրաւուած Հայաստանի պարագային, ան նման տիրապետութիւն կ՛ուզէ ձեռք բերել Արցախի վրայ:
Ինչո՞ւ այսքան անկուշտ ախորժակ ունին թուրքերը:
Եթէ մեծ դիւանագէտներ չեն ուզեր այս հարցման պատասխան տալ, մենք եւ մեր իրաւ բարեկամները ինչո՞ւ չենք խօսիր թուրքի հետապնդած բացորոշ կերպով յայտարարուած նպատակին մասին:
Ոչ ոք կը խօսի փանթիւրքիզմի մասին: Ինչպէս հայ քաղաքական գործիչ մը օր մը ըսաւ, որ փանթիւրքիզմը քաղաքական խրտուիլակ մըն է, զոր հայերը կը շինեն իրենք զիրենք վախցնելու համար:
Բայց <<փանթիւրքիզմ>>ը խրտուիլակ չէ, իսկական միջազգային վտանգ է:
Միջազգային հանրային կարծիքը եւ քաղաքական գործիչները չեն ուզեր տեսնել վտանգը, կարճ յիշողութեամբ կը մոռնան ըսուածները եւ դէպքերը:
Թուրքիոյ նախագահներէն մին՝ Սուլէյման Տեմիրէլ, յայտարարած էր, որ թրքութիւնը կը տարածուի Եգէական ծովէն մինչեւ Չինաստան: Այս յայտարարութիւնը խօսքի սահմանէն անդին անցաւ, երբ Թուրքիան սպառնալիքի տակ պահող Խորհրդային Միութիւնը փուլ եկաւ, Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուեցաւ թրքալեզու ժողովուրդներու խորհրդաժողով՝ միացման առաջին քայլ առնելու պէս: Այդքան ալ հին չէ այս պատմութիւնը: Ուրիշ նախագահ մը՝ Թուրկութ Օզալ, արցախեան ազատամարտի առաջին օրերուն հայերուն սպառնաց՝ յիշեցնելով 1915ի դասը:
Ֆրանսացիները կ՛ըսեն, թէ իրողութիւնները յամառ են (les faits sont tetus): Յստակ միտում ունեցող յայտարարութիւնները պէտք չէ մոռնալ, հարկ է զանոնք յիշել եւ յիշեցնել եւ ըստ այնմ առաջնորդուիլ ու գործել:
Հայաստան եւ հայութիւն կը գտնուին այդ <<փանթիւրքիզմ>>ի կառուցման ճամբուն վրայ, սեպ կամ պատնէշ, անոր իրականացման համար Հայաստան եւ հայութիւն պէտք է ջնջուին… Պէտք է երբեմն դիտել քարտէսին վրայ գծուածները:
Այս յիշեցումները նախ մեզի կը վերաբերին, որպէսզի մեր բարեկամներուն եւ նուազ բարեկամներուն հետ մեր խօսքը յստակ ըլլայ: Այդ յստակութիւնը օգտակար կ՛ըլլայ նաեւ իրենց՝ անմիջականի ճնշումէն անդին անցնելով իրենց՝ այսօրուան եւ վաղուան քաղաքականութիւնը ճշդելու համար:
Արցախեան հարցը միջազգայնացնելու համար զայն պէտք է կարենանք շրջանային խնդիր ըլլալու սահմաններէն դուրս հանել, այդ պարագային է, որ միջազգային հանրային կարծիքը կը լուսաբանուի, եւ քաղաքական առաջնորդներ իրենց նախաձեռնութիւններուն կու տան հեռանկարային բովանդակութիւն:
Շրջանին մէջ Հայաստանի գործակից Ռուսիոյ պէտք է յիշեցնել այս տուեալները, եթէ արդէն իր ղեկավարները այդ չեն գիտեր, ըսել, թէ ի՛նչ կ՛ըլլան հետեւանքները, երբ կը զինեն Ատրպէյճանը:
Այդ զէնքերով Ատրպէյճան պիտի չկռուի ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ Վրաստանի եւ այսօր ո՛չ ալ Ռուսիոյ հետ:
Հայաստանի դէմ կռուելով՝ Ազրպէյճան կը նպաստէ <<փանթիւրքիզմ>>ին՝ վտանգելով նոյնինքն Ռուսիան:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է