By Asbarez | Friday, 22 April 2016
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Սկիզբէն իսկ պէտք է հաստատել, որ հայութիւնը անցած է ճանաչման փուլը եւ մտած՝ հատուցման փուլը:
Մեր կարծիքով, 100ամեակի նախաձեռնութիւնները, Վատիկանի, Երեւանի ու աշխարհի բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ, ազդանշանը տուին մեր վերի հաստատումին: Հետեւաբար, ներկայ դրութեամբ, աշխարհի այս կամ այն մայրաքաղաքէն ներս խորհրդարանի մը, բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը կամ նահանգային խորհրդարանի մը կողմէ որդեգրուած ճանաչման որեւէ բանաձեւ կրնայ միայն քարոզչական ու բարոյական արժէք ունենալ մեզի համար (եւ այդ ալ՝ ուշացած) եւ ոչ՝ քաղաքական:
Ցեղասպանութեան ճանաչման ճիգը կը միտէր ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ մարդկութեան ու հայութեան դէմ գործուած ոճիրը բառացիօրէն <<ճանչցնել տալ>> համաշխարհային հարթակներու վրայ, այլ՝ այդ միջոցով ճնշում ստեղծել Թուրքիոյ վրայ, զայն մղել ամբաստանեալի դիրքին, ի վերջոյ պարտադրելու համար, որ Անգարա հատուցում կատարէ հայ ժողովուրդին:
Անցնող շաբթուան ընթացքին լուր մը շրջեցաւ, ըստ որուն Գերմանիոյ խորհրդարանը կը պատրաստուի իր օրակարգին վրայ դնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը: Մեր կարծիքով սակայն, այդ մէկը զուրկ է քաղաքական որեւէ իրատեսական հիմնաւորումէ, որովհետեւ, տակաւին քանի մը օր առաջ էր, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել անգամ մը եւս <<արքայավայել կերպով>> կքեցաւ Թուրքիոյ դիմաց, երբ համակերպեցաւ գերմանացի երգիծաբան մը դատի տալու Էրտողանի պահանջին:
Երեւակայել իսկ կարելի չէ, որ մարդկային, խօսքի, արտայայտուելու եւ ժողովրդավարական ինչ-ինչ արժէքներ դաւանող Եւրոպական Միութեան <<ծանր հրետանի>>ն, նոյն ԵՄի ծանրութեան կեդրոնը համարուող Գերմանիան կրնայ կքիլ թրքական նման պահանջի մը դիմաց. կարելի չէ պատկերացնել, որ Էրտողանը իր երգիծանքին նիւթ դարձուցած հրապարակախօսը գերմանական դատախազութեան կողմէ կրնայ դատարան հրաւիրուիլ: Ալ ո՜ւր մնաց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի մը քննարկումը: Եկէք մեր միտքերէն հանենք Պունտսթակին կողմէ նման քայլի մը հաւանականութիւնը, չխանդավառուինք ատով, որպէսզի չպղտորի մեր <<քաղաքական տեսողութիւնը>>:
Աւելցնենք ասոր վրայ մօտիկ անցեալի այն յոյսերը, զորս հայութիւնը կը փայփայէր, կապուած Մ. Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի նախընտրական խոստումին ու ատոր յաջորդած իրարայաջորդ դրժումներուն: Պատկերը կ՛ամբողջանայ:
Այսօրուան տուեալներով ու մեր համոզումով, Արցախի ճակատին վրայ տեղի ունեցած չորսօրեայ <<մինի պատերազմը>> կը միտէր ատրպեճանական <<պլից>> յարձակումով խորտակել Արցախի ռազմաճակատը (մարտավարական քայլ), որպէսզի Կովկասի մէջ Ռուսիոյ համար ստեղծուի կատարուած իրողութեան իրավիճակ ու մանաւանդ՝ Հայաստանն ու հայութիւնը պարտութեան մատնելով, ձախողեցնել հայկական իրաւունքներու, հատուցման պահանջի վարքագիծը թէ՛ Արցախի ու թէ Արեւմտեան Հայաստանի կապակցութեամբ (ռազմավարական նպատակ):
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի այս, կարելի է ըսել, <<միացեալ>> յարձակողականը ձախողեցաւ անշուշտ: Եթէ այս երկու ուժերը այժմ կը գտնուին իրենց հաշուարկները վերստին կատարելու, նոր մարտավարութիւն մշակելու պարտադրանքին տակ, Հայաստանն ու հայութիւնը եւս կը գտնուին վճռական ու անկիւնադարձային քայլեր առնելու անհրաժեշտութեան դիմաց՝ յատկապէս մեր տունը <<կարգի դնելու>> առումով:
Տեսէք թէ ինչ պատահեցաւ անցնող երկու տարիներուն: Քանի մօտեցաւ հարիւրամեակը, թրքական հակադարձութիւնները եւս սաստկացան մեր դէմ: Թուրքիա, իր հովանաւորած իսլամական ծայրայեղական ու ահաբեկչական խմբաւորումներով, ընտրած էր հայկական <<փափուկ թիրախներ>>: Այսինքն, Անգարա, գործի լծելով իր այս <<անպաշտօն բանակը>>, շատ յատկանշականօրէն ու առաջին հերթին պայթեցուց Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձանը: Յաջորդեցին Հալէպի հայաշատ թաղամասերն ու հայկական հաստատութիւնները (դպրոցներ, ակումբներ, եկեղեցիներ, ազգային այլ հաստատութիւններ), որոնք անխնայ ռմբակոծուեցան ու շատ յաճախ անգործածելի դարձան: Քեսապի դէմ յարձակում գործուեցաւ, ինչ որ յանգեցաւ այդ հայկական աւանի հայութեան տեղահանումին՝ 1915էն ետք երկրորդ անգամը ըլլալով: Այս բոլորը ոչ մէկ ձեւով տարհամոզեցին <<յամառ>> հայերը: Հայաստանն (պետութիւն) ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը ոչ մէկ ձեւով նահանջի տրամադրութիւն դրսեւորեցին: Այլեւ ընդհակառակը, շարունակեցին ընդգծել արդարութեան հասնելու իրենց կամքը, յատկապէս հարիւրամեակի օրերուն (սա փաստ է եւ ոչ թէ ճառ):
Հետեւաբար, Թուրքիա (այս անգամ Ատրպէյճանը օգտագործելով եւ շահերու զուգակցումի միջոցով) այս անգամ փորձեց հարուածել <<կարծր թիրախը>>, հայութեան համար ռազմավարական առումով ամէնէն կարեւոր կողմը. բռնկեցուց Արցախի ճակատը, ջանալով խորտակել զայն:
Սակայն այս անգամ եւս թրքական խոփը հանդիպեցաւ հայկական քարին: Այս կէտը կ՛արձանագրենք իբրեւ չոր փաստ ու ոչ թէ սնամէջ յոխորտանք (շատ կարեւոր կը նկատենք այս հանգամանքը):
Այս չորսօրեայ պատերազմին ընթացքին, Հայաստան ներքնապէս ու յատկապէս ժողովրդային մակարդակի վրայ, էական կերպով փոփոխութեան, կարելի է ըսել դիմափոխութեան ենթարկուեցաւ: Երեւան եկաւ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդին միասնակամութիւնը եւ մարտունակութիւնը: Կարելի է ըսել, որ <<դրական>> խզում մը յառաջացաւ պետական իշխող ընտրանիին ու ժողովուրդին միջեւ: Նոյն այս ընտրանին այսօր կը գտնուի անհրաժեշտութեան մը առջեւ՝ մտածել ու գործել համահունչ այս նորաստեղծ զուլալ ու ինքնամաքրուած բարոյահոգեբանական իրավիճակին, որպէսզի արժանի ըլլայ կառավարելու մեր երկիրը եւ ժողովուրդը, բայց մանաւանդ, որպէսզի գործնականօրէն ի վիճակի ըլլայ հետապնդելու հայութեան արդար պահանջները:
Հայաստանի իշխանութիւնները այսօր կը գտնուին իրենց ապականած քաղաքական մշակոյթը ինքնամաքրումի ենթարկելով, զայն այս ժողովրդային զուլալ մշակոյթին պատշաճեցնելու անհրաժեշտութեան դիմաց: Յառաջիկայ շաբաթները կրնան ճակատագրական ըլլալ, ու չենք կրնար դանդաղիլ:
Այնպէս որ, պաշտօնական Երեւանէն կը սպասենք այնպիսի քայլերու, որոնք կրնան կեանքի վերածել պետութիւն-ժողովուրդ կամքի միասնութիւնը: Այսինչ նախարարը կամ պաշտօնատարը պէտք է տո՞ւն ճամբուի, պէտք է ճամբուի: Այսինքն համակարգը պէտք է վերէն վար թա՞փ տալ, պէտք է առնել այդ քայլը: ԽԾԲ (խնամի, ծանօթ, բարեկամ) խաղալու ժամանակները շատոնց անցած են:
Նոյնն է պարագան նաեւ Սփիւռքին, որ ոչ միայն պարտաւոր է քայլ պահելու իր հայրենաբնակ եղբայրներուն հաստատած նոր չափանիշներուն հետ, մտածողութեան իմաստով, այլեւ պարտաւոր է կիսելու նոյն այդ հայրենաբնակ ժողովուրդին պատասխանատուութիւնը՝ ի հարկին առանց իրաւունքներու պահանջ դնելու:
Հայութեան (պետութիւն եւ ժողովուրդ) ցուցաբերելիք այս գործնական միասնակամութիւնը լրջօրէն պիտի խանգարէ մեր թշնամիին հաշուարկները ու մեր արդար պահանջներու խնդիրին պիտի հաղորդէ նոր թափ եւ բովանդակութիւն:
Նայեցէք Արցախի սահմանին վրայ կռուող 18 տարեկան հայ զինուորին ու իր սպաներուն… խաղաղ վճռակամութեան: Մեր ներշնչումի աղբիւրն է այս սերունդը: Ու ինչպէս 1990ականներուն Արցախի ազատագրական պայքարին մասնակցած ու հիմա դարձեալ իբրեւ կամաւոր ճակատ մեկնած ճերմկած մազերով ազատամարտիկը կը հաստատէր: <<Էս սերունդը մեզնից ուժեղ ա>>:
Արցախը ոչ ոք տուաւ հայութեան: Արցախը ազատագրուեցաւ 1990ականներուն, ազատամարտիկներուն կողմէ, ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու, երբ չունէինք այսօրուան չափ կազմակերպուած պետութիւն: Չկասկածիք: Թուրքիոյ կապակցութեամբ, ոչ ոք մեր իրաւունքները պիտի տայ մեզի, ոչ ոք հատուցումը առնելով զայն ափսէի վրայ պիտի տայ մեզի: Այնպէս որ, մեր պայքարը կը շարունակուի սերունդէ սերունդ՝ մեր աչքերուն առջեւ:
Ինծի անծանօթ այդ ազատամարտիկը արդարացի է. <<Էս սերունդը մեզնից ուժեղ ա>>:
comments
Կոչ Հայութեան ու Հայրենիքի Իշխանութեան
Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք
Քաջութեամբ ու Վճռականութեամբ Պիտի Դիմակայենք Մեր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրները
Australia Live By Armenia Media: Տոքթ. Ստեփան Քրքեաշարեան
Խմբագրական. 1918-2024՝ Սրբազան Պայքարը Կը Շարունակուի
Տէր Ենք Մեր 108 Ամեայ Յանձնառութեան
Զօրակցութեան յայտարարութիւն Ազատ Արցախի Հանրապետութեան
Ազգի ու հայրենիքի մերօրեայ վիճակը օրհասական է, յեղափոխական կամք պէտք է