Տկարութեան Բացայայտ Նշան Մը   

By Asbarez | Saturday, 14 May 2016

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ

 

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

 

Church

Գիտակից ծերունին միշտ յարգուած տեսեր եմ, նոյնիսկ եթէ անցեալին մասնաւոր հանգամանք մը չէ՛ ունեցած ան ընկերային կեանքին մէջ: Մինչ ամէն օր իր երիտասարդական կորովին խաբկանքը ապրող տարեցը ծաղր ու ծանակ կը դառնայ, յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Ծերացած գայլին եւ արջին մասին ալ գեղեցիկ առածներ կան առակագիրներու կողմէ հեղինակուած, այս կամ այն լեզուով, որոնք ցոյց կու տան, թէ՝ վերոյիշեալ հզօր անասունները ինչպէս խաղալիք կը դառնան իրենցմէ աւելի տկար եւ անտառի ընդհանուր խումբին մէջ գրեթէ ոչնչութիւն համարուող կենդանիներուն ձեռքը:

Տկարութիւնը, ֆիզիքական կամ իմացական, ամօթ մը չէ՛: Յատկապէս զարգացած ներկայ դարուն, երբ աշխարհի գրեթէ բոլոր անկիւններէն մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու թէ՛ միջազգային, թէ՛ տեղական մարմիններու յայտարարութիւններ կը լսենք, կրնանք հաւաստիացնել բոլորը, թէ աշխարհը այս իմաստով սկսեր է յառաջդիմել: Կաղ մարդու մը քալուածքը, անցեալին ծաղրի եւ ծիծաղի առարկայ կը դառնար: Նոյնիսկ ոմանք առանց խղճահարելու, զայն կը կապկէին հրապարակաւ: Իսկ հիմա, հաշմանդամներու յատուկ հիմնարկութիւններ եւ պաշտպան կազմակերպութիւններ ամէն միջոցի կը դիմեն, զանոնք եւս ներառելու ընկերութեան կեանքին մէջ: Մինչեւ իսկ հաշմանդամ աղջիկներու <<գեղեցկութեան մրցում>>ներ, սայլակաւորներու միջեւ <<վազք>>ի մրցումներ եւ այլ մարզախաղերու մրցումներ կը կազմակերպուին տարեկան դրութեամբ, աշխարհին յիշեցնելու, թէ հաշմանդամներն ալ ո՛չ միայն մարդ են, այլեւ լիարժէ՛ք մարդ եւ ամբողջապէս մասնակից մարդկային ընկերութեան կեանքին:

Տարիքի յառաջացման հետ զգացուած ֆիզիքական տկարութիւնը, հողեղէն բնութեամբ ստեղծուած մարդուն համար շա՛տ բնական է: Կահ-կարասիներն ալ, ինչ նիւթով որ ալ պատրաստուած ըլլան, կը հիննան ժամանակի ընթացքին: Անոնք ալ հետզհետէ կը գունաթափուին, կամ անոնց ալ ընդհանուր կազմը կը թուլնայ: Ոմանք վերանորոգումի միջոց կ՛ունենան, իսկ ուրիշներ այնքան փտած կ՛ըլլան, որ այլեւս հարթ տեղ մնացած չըլլար իրենց վրայ, նոյնիսկ գամ մը գամելու, կամ պտուտակ մը ոլորելու:

Մարդիկ ալ այսպէս են: Բժիշկներուն տրուած հազար այցելութիւն, երբեմն ո՛չ մէկ օգուտ կ՛ունենայ ա՛յն հիւանդներուն համար, որոնք կա՛մ անբուժելի հիւանդութեամբ կը տառապին, կա՛մ ուշացած են արդէն բուժման դիմելու: Բժիշկը, երկու պարագաներուն ալ, պարզապէս կը ջանայ հիւանդին կեանքի տեւողութիւնը երկարաձգել, առիթ տալով, որ հարազատները քիչ մը եւս վայելեն անոր ներկայութիւնը այս աշխարհի մէջ: Այս ալ անշուշտ երբեմն բաղձալի չէ, որովհետեւ թէ՛ հիւանդը եւ թէ անոր շրջապատին մէջ գտնուողները կը տառապին, ցաւալից եւ տխուր հիւանդութեան դառն իրականութեան վկաները հանդիսանալով. մէկը իր մարմինին վրայ կրելով ցաւը, միւսները՝ իրենց սիրտին մէջ:

Ֆիզիքական տկարութենէն տարբեր իրավիճակ կը ներկայացնէ բարոյական տկարութիւնը: Քաջութիւն, հզօրութիւն, ուժ եւ նման այլ հոմանիշ բառեր, միայն մարդու ֆիզիքական ուժգնութեան համար չենք գործածեր, այլեւ անոր ներքին՝ հոգեկան արիութեան ու կորովին ակնարկելու համար: Ոմանց կարծիքով մարդոց հոգեկան արիութիւնը կամ զօրութիւնը տարիքի հետ կրնայ տկարանալ: Մենք համաձայն չենք այդ կարծիքին: Մարդ հոգեպէս ինչ որ էր եօթ տարեկանին, նոյնը պիտի ըլլայ եօթանասուն եւ եօթին: Մինչ ֆիզիքական կազմաւորումը ոեւէ անձի կրնայ թուլնալ ու տկարանալ յառաջացած տարիքի մէջ, սակայն հոգեկան զօրութիւնը անգամ մը որ կազմաւորուի, շատ դժուար փոփոխութեան կ՛ենթարկուի:

Իրենց պատանեկան եւ երիտասարդական ամբողջ տարիներուն մարզանքով զբաղած եւ մարմինը համապատասխան դիմադրողականութեամբ օժտած անձեր միշտ հպարտութեամբ կը յիշեցնեն մեզի, թէ իրենք առողջ կը զգան հիմա, երբ արդէն ծերացեր են: Սակայն այս վիճակը այդքան ալ երկար երաշխաւորուած չէ՛, որովհետեւ մարդու ֆիզիքականը միշտ կրնայ յանկարծ <<դաւաճանել>> իր տիրոջ: Երբեմն մեր տեսած շատ առողջ մարդը, որուն մինչեւ հարիւր քսան տարի ապրելու ժամանակ պիտի տայինք, դատելով անոր արտաքին կազմուածքէն, յանկարծ մեր աչքերուն առջեւ, քանի մը տարուան մէջ կը հիւծի եւ կը մեռնի:

Բարոյական հիմքը շատ վաղ տարիքին ենթակային մէջ դրուած կ՛ըլլայ, ծնողներու կամ դաստիարակներու կողմէ փոխանցուած կրթութեամբ: Եթէ այդ հիմքը տկար է, ուրեմն անոր վրայ կառուցուելիք բարոյական ըմբռնումներու ապագայ <<շէնքը>> շատ խախուտ պիտի ըլլայ անկասկած: Իսկ այդ տկարութիւնը իր բացայայտ նշաններով պիտի երեւի, յատկապէս, երբ ենթական յառաջանայ տարիքի մէջ:

Ֆիզիքական զօրութեան բացակայութեան, հոգեկան տկարութեան բացայայտ նշաններէն մէկն է սեփական լեզուին վրայ դրուած յաւելեալ <<ուժ>>ը: Բազուկներու մկաններու թուլութեան հակառակ, բերնի խոռոչին մէջ գտնուող կեդրոնական մկանը, որ նաեւ խօսելու եւ մարդուն միտքը բանաձեւելու կարողութեամբ օժտուած է՝ լեզուն, աւելի՛ կ՛աշխուժանայ: Եթէ տարիքի բերումով մարդուն ձեռք բերած ճոխ գիտութիւնը փոխանցելու ծառայէ այս աշխուժութիւնը, բացառիկ առիթ կը հանդիսանայ ընդհանուրին զարգացման եւ մարդկային ընկերութեան ազնուացման: Իսկ եթէ պարզապէս բամբասանքի ու վարկաբեկումի համար գործածուի, այն ատեն կը դառնայ վտանգաւոր դաշոյն, որուն թէ՛ մէկ եւ թէ միւս կողմը կը վիրաւորէ հանդիպած ոեւէ անձ:

Մարդիկ միշտ լեզուին վրայ կը բարդեն շատախօս ըլլալու յանցանքը: Բայց լեզուն ի՞նչ մեղք ունի… Անիկա հլու կամակատար մըն է մեր ներքին ինքնութեան, մեր միտքին տուած հրահանգներուն: Այնտեղ՝ միտքին մէջ լղորճուող գաղափարները մեր լեզուն ճարտարութեամբ կը բանաձեւէ ու կ՛արտաբերէ պարզապէս: Տկարութեան իսկական մեղքը ենթակայի՛նն է, որ առիթ կու տայ իր լեզուին, նման արտայայտութիւններ ունենալու: Իսկ այդ արտայայտութիւնները արտաքին նշանը կը հանդիսանան իր ներքին՝ հոգեկան տկարութեան, որ աւելի ու աւելի՛ կը բացայայտուի, մարդու յառաջացած տարիքին:

 


 


comments

Advertisement