Քեռի. Հայ Հերոսի ալեհեր, բայց յաւերժ երիտասարդ դէմքը

By Azad Or | Monday, 16 May 2016

Հայ ժողովուրդի հերոսական դէմքերու լուսապսակ մատեանին մէջ իր անզուգական տեղը ունի Քեռին, որուն մահուան տարելիցը կ'ոգեկոչենք ամէն Մայիսի 15րդ այս օրը։
Քեռին առինքնող մարմնաւորումն է մարտունակ քաջութեան, յեղափոխական կամքին ու անկեղծ զինուորի նկարագրին, որոնք երբ կը մէկտեղուին հայրական հոգածութեամբ իր ազգին ու հայրենիքին պահապան կանգնող մարդուն մէջ, ո՛չ յոգնութիւն կը ճանչնան, ոչ ալ ժամանակի մաշում։

Ընդհակառակն՝ ի վիճակի են պահպանելու իրենց անսպառ թարմութիւնը եւ անարատ յանդգնութիւնը, որքան ալ ժամանակը փորձէ խոհեմութեան ու իրատեսութեան, համակերպումի ու ձեռնթափութեան կապանքներուն ենթարկել երիտասարդական տարիքին բնորոշ մարդկային ըմբոստացման ոգին։
<<Քաջաց քաջը հերոս Քեռին պանծալի>> ճիշդ այդ յաւերժ երիտասարդ դէմքն է ալեհեր հայ յեղափոխականի, որ հայոց սերունդներուն անվհատ մարտունակութիւն եւ աներեր հաւատք ներշնչող անկորնչելի աւանդ մը դարձաւ թէ՛ իր կենդանութեան, թէ՛ ռազմի ճակատին վրայ իր մարտիրոսացումով։
Քեռի եղաւ առաջին ծիծեռնակներէն մէկը հայ ազգային ազատագրական շարժման։ Դեռ ազգային եւ յեղափոխական մեր կուսակցութիւնները ստեղծուած չէին, երբ Քեռի քսանամեայ երիտասարդի ոգեւորութեամբ ըմբոստացաւ թրքական անարգ լուծին դէմ եւ Հայաստանի ազատագրութեան ուղիներ որոնեց։ Կարնոյ հայութեան յեղափոխական խմորումներուն մէջ թրծուեցաւ եւ անկեղծ զինուորներէն մէկը դարձաւ Սարգիս Կուկունեանի <<Դէպի Երկիր>> յառաջացող ազատագրումի արշաւախումբին, որ թէեւ իր սաղմին մէջ խեղդուեցաւ ռուսեւթուրք բռնատիրութեանց սահմանապահ ուժերուն կողմէ, բայց անդառնալիօրէն վառեց խարոյկը Հայկական Յեղափոխութեան շղթայազերծումին։
Եւ 1880ականներու վերջերէն սկսեալ, յատկապէս Դաշնակցութեան ստեղծումին եւ յաղթարշաւին իր հաւատարիմ ու անձնուէր մասնակցութեամբ, Քեռի ամբողջ երեսնամեակ մը անձնական կեանք ու հանգիստ չունեցաւ, յեղափոխական անխոնջ կռուի դրօշակիրներէն եղաւ եւ բառին ամբողջական իմաստով մինչեւ վերջին շուրջ ծառայեց հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին։
Այդ արժեւորումով ալ հայ ժողովուրդը քաջարի իր հերոսին նուիրեց ազգային¬յեղափոխական մեր երգերուն ամէնէն սրտաբուխն ու յուզիչը.

Չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռի,
Ինքդ արի եւ գործերդ միշտ բարի,
Սրտաճմլիկ լուրդ առինք ցաւալի,
Քաջաց քաջն հերոս Քեռի պանծալի։

Անգութ մահը քեզ մեզանից բաժանեց,
Մեր սրտերում անբուժելի վէրք բացեց,
Մի՞թէ չար գնդակը քեզի որոնեց,
Գաղափարդ եւ յոյսերդ խորտակեց։

Թող լռեն սոխակներ է՛լ չo ճլուըլան,
Սլացէ՛ք կռունկներ դէպի Հայաստան,
Լուր տարածեցէք դուք համայն հայութեան,
Հայոց պաշտպան Քեռին մտաւ գերեզման։

Դու ամէն տեղ վազում էիր օգնութեան,
Քեզ ազդում չէր ո՛չ սուր, ո՛չ թուր, ո՛չ գնդակ,
Ամէնքին անխտիր էիր դու պաշտպան,
Կոչմանդ արժանի հերոս Քեռի խան։

Մահդ Դաշնակցութեան մեծ ցաւ պատճառեց,
Եւ ընտանիքիդ ալ սիրտը խռովեց,
Համարեա՛ թէ ամբողջ Կովկասը ցնցուեց,
Քեզ համար շատ մայրեր լացին ողբացին։

Ռըւանդուզի կռիւն էր շատ ահաւոր,
Թշնամու զօրքերն էին բիւրաւոր,
Տասնըինը տասնըվեց Մայիս տասնըհինգին,
Հայոց առիւծն ինկաւ վրէժը կրծքին։

Քեռի հերոսի մահով պսակեց աննկուն յեղափոխականի եւ քաջարի ֆետայիի իր երկար ու փշոտ, այլեւ փառահեղ ուղին։
Պատմութիւնը արեամբ արձանագրած է, որ Մայիսի 12էն 18 երկարող օրերը, 1916ին, օրհասական նշանակութիւն ունեցան հայ ժողովուրդին համար։
Առաջին Աշխարհամարտի թոհուբոհին մէջ, թուրք¬ռուսական պատերազմի երկար ճակատի հարաւային՝ Պարսկաստանի հատուածին վրայ, թրքական բանակը յաջողած էր պաշարման վտանգաւոր օղակի մէջ առնել ռուսական զօրքն ու հայ կամաւորականները. ջախջախիչ պարտութիւնն ու ստոյգ կործանումը կը սպառնային ռուսեւհայկական կողմին։
Մայիս 12ին, թրքական 12 հազարանոց բանակը ուժեղ յարձակում մը գործեց պարսկական Ռեւանտուզ քաղաքին վրայ, ուր դիրքաւորուած էին ռուսեւհայկական ուժերը։ Թշնամին գրաւեց Ռըւանտուզը եզերող լեռնային բարձր դիրքերը եւ աստիճանաբար սկսաւ սեղմել պաշարման օղակը։
Ահա՛ այդ օրհասական պահուն, Մայիս 15ին, քաջարի հերոս մը շրջեց ճակատագրի անիւին կործանարար թաւալումը։
Հայ Կամաւորական 4րդ Գունդի հրամանատար քաջ Քեռին թրքական պաշարման շղթան ճեղքելու յանդուգն գրոհի մը ձեռնարկեց։ Մայիս 15ին, իր վաշտերէն մէկուն եւ 40¬50 ձիաւորներու գլուխն անցած՝ Քեռի անակնկալօրէն յարձակում գործեց թրքական դիրքերուն վրայ եւ ահեղի մարտով կրցաւ դէպի ձորը հրել թշնամի զօրքը։ Քեռի յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ. թրքական պաշարումը ճեղքուեցաւ եւ Ռըւանտուզի մէջ դիրքաւորուած ռուս¬հայկական ուժերը ընդհանուր յարձակողականի անցան. բայց Ռեւանտուզի յաղթական այդ գրոհի հերոսին՝ անզուգական Քեռիին ճակատագիրը վերապահած էր դառնագոյն իր խաղերէն մէկը. յաղթական իր թռիչքէն ետք է, որ մահառիթ փափուշտը յանկարծ ճակտէն հարուածեց առիւծակերպ հերոսին։ Քեռի հազիւ կրցաւ <<Վա՜յ, բալանե՜րս, ես խփուեցայ>>... ճիչը արձակել ու վերջին շունչը աւանդել։
Ծանր էր կորուստը. մեծ էր կսկիծը. բայց Ռեւանտուզի կռիւը շարունակուեցաւ մինչեւ Մայիս 18, երբ ռուս¬հայկական ուժերը վերջնական ու ջախջախիչ պարտութեան մատնեցին թրքական բանակը, որ աւելի քան հինգ հազար զոհ տալով՝ խուճապահար փախուստի դիմեց։
Քեռի իր արեամբ նուաճեց յաթանակը։
Քեռիի անկենդան մարմինը փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, ուր մեծ շուքով՝ ժողովրդային սիրուած հերոսի փառքով, Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ յանձնուեցաւ ցուրտ հողին։
Քեռի հերոսի մահով պսակեց աննկուն յեղափոխականի եւ քաջարի ֆետայիի իր երկար ու փշոտ, այլեւ փառահեղ ուղին։
Աւազանի անունով Արշակ Գաւաֆեան՝ Քեռի ծնած էր 1858ին, Կարին, որ հայ ազգային¬ազատագրական շարժման շղթայազերծման կարեւորագոյն օրրաներէն մէկը հանդիսացաւ Սասնոյ, Վանի, Թիֆլիսի եւ Բագուի հետ։
Էրզրումցի Քաւթար Արշակ անունով՝ Քեռի շատ կանուխէն մասնակից դարձած էր հայ յեղափոխական խմորումներուն։ 1880ի Կարնոյ մեծ ցոյցին կազմակերպիչներէն էր. Արամ Արամեանի սերտ գործակիցը եղած էր. մասնակցած էր Կուկանեանի հռչակաւոր արշաւախումբին, որուն դէմ ցարական իշխանութեանց ձեռնարկած հալածանքի ժամանակ յաջողած էր ձերբակալութենէ փախուստ տալ. 1894¬5ի կոտորածներու շրջանին մասնակցած էր Կարնոյ ինքնապաշտպանական կռիւներուն. այնուհետեւ անցած էր Կովկաս եւ ամբողջութեամբ նուիրուած էր Դաշնակցութեան ֆետայական գործունէութեան։
1898ին մասնակցած էր Խանասորի Արշաւանքին, ապա անցած էր Սասուն, ուր 1903¬1904ին սետ գործակիցը դարձած էր Անդրանիկի՝ Սասնոյ ապստամբութեան շրջանին։ 1905ին քաջ հայդուկը Սիսիանի ճակատի ղեկավարն էր հայ¬թաթարական կռիւներու ժամանակ։ 1908ին անցած էր Պարսկաստան՝ Սահմանադրական շարժման կռիւներուն Եփրեմի աջ բազուկը դառնալով եւ, վերջինի նահատակութենէն ետք, ստանձնելով գլխաւոր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Իր քաջագործութիւններուն համար պարսկական իշխանութեանց կողմէ արժանացած էր Խան տիտղոսին եւ կենսաթոշակի։
Անուանի հայդուկապետ եւ ժողովրդական սիրուած հերոս էր Քեռի, երբ 1912ին իր մասնակցութիւնը բերաւ Պալքանեան պատերազմին եւ իր քաջագործութեանց համար արժանացաւ ռուսական բանակի Ս. Գէորգ պատուանշանին։
Իսկ երբ բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը, Հայ Կամաւորական Շարժման Չորրորդ Գունդին հրամանատարութիւնը արդարօրէն վստահուեցաւ Քեռիի։
Մինչեւ Ռըւանտուզի օրհասական կռիւը, Քեռի իր ղեկավարած Կամաւորական Չորրորդ Գունդով հերոսական նոր քաջագործութիւններ կապեց իր անունին՝ պարսկսկան ճակատին վրայ, յատկապէս Սարըղամիշի կռիւներու ընթացքին։
Թէեւ կենսագիրները շատ ժլատ գտնուած են Քեռիի անձն ու գործը ըստ արժանւոյն սպառիչ կերպով ներկայացնելու իմաստով՝ այսուհանդերձ, բոլորն ալ համակարծիք են, որ <<պարզ, համեստ, բայց խիստ, Քեռին պաշտուած էր ամէնուրեք՝ իր ֆետայիներուն եւ կամաւորներուն կողմէ, ու շա՜տ սիրուած՝ զինուորական թէ յեղափոխական իր բոլոր ընկերներուն կողմէ>>։
Իբրեւ այդպիսին՝ <<Չորրորդ Գնդի հրամանատար քաջ Քեռին>> յաւէտ պիտի ապրի հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ՝ մարմնաւորելով անհաւասար ուժերով ու յանուն գաղափարի մղուած յարատեւ կռուի մէջ մազերը ճերմկցուցած, բայց յոգնութիւն եւ ծերութիւն չճանչցող յաւերժ երիտասարդ դէմքը անկեղծ դաշնակցականին եւ անբասիր ֆետայիին։

 


comments

Advertisement