Ի՞նչ Է Մեր Դրութիւնը Այսօր

By Asbarez | Sunday, 22 May 2016

garoarmenian

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

 

Կ՚՛արձագանգեմ Թաթուլ Յակոբեանի կցեալ գրառման ազատագրուած տարածքներու կարգավիճակը այսօրուան իրականութեան պրիսմակէն դիտելու հրամայականէն դրդուած։

Պր. Յակոբեան կը խօսի 2001 թուականի մասին մէջբերումներ ընելով այդ օրերու Պաշտպանութեան Նախարար, ներկայիս ՀՀ նախագահ ՝ պր. Սերժ Սարգսեանի խորհրդարանական ելոյթներէն։ Ես չեմ գիտեր, թէ այսօր ի՞նչ մտայնութեամբ պիտի մօտենար պր. նախագահը այս հարցերուն։ Պարզ է սակայն, որ այսօր որևէ ժամանակէ աւելի սուր այժմէականութեամբ այս հարցերը դրուած են մեր պետութեան առջև եւ անոնք են, որ պիտի ճշտեն մեր պետութեան ապագան։

Թէժ հարցադրումներու բովին մէջ եւ պաշտպանութեան նախարարի իր հանգամանքով, պր. նախագահը, ըստ հաղորդման, ըսած կը թուի ըլլալ, թէ Աղդամը մեր հայրենիքը չէ…այդ տարածքներու ազատագրումը համարելով լոկ մեր երկրի անվտանգութենէն բխող քայլ։ Այսօր հարց պէտք է տանք, թէ իսկապէս ի՞նչ կը նշանակէ այլեւս այս ենթադրեալ զատորոշումը։

Երբ թշնամիդ կը պնդէ, որ քու հայրենիքդ իրն է, բնականաբար քու խնդիրդ է ճշտել, թէ ո՞րն է քու անվտանգութեան սահմանագիծդ եւ այդ սահմանագիծն ալ անվիճելիօրէն կը յստակացնէ, թէ որո՞նք են քու հայրենիքիդ նուազագոյն սահմանները։ Այսօր այլևս անիմաստ է նրբերանգներով խօսիլ այս հարցին մասին։ Մանաւանդ, որ մեր հայրենիքի պատմական սահմանները — բոլոր փաստերը կը հաստատեն — ոչ միայն կ՚՛ընդգրկեն Աղդամը, այլ շատ ուրիշ տարածքներ, որոնք մեզի կը պատկանին եւ մերը պէտք է ըլլան։ Մեր երկրի լինելիութիւնը լիուլի ապահովուած էր, երբ մենք տէրն էինք այդ տարածքներուն։ Մենք դարձանք վտարանդի մեր իսկ երկրին մէջ, երբ մենք այդ տարածքները զիջեցանք թշնամիին։

 

Մեր վախճանական խնդիրն է ապահովել մեր հայրենիքի լինելիութիւնը (viability)։ Նոյնիսկ ազատագրուած տարածքներով դեռ շատ թերի է մեր աշխարհագրութիւնը։ Մենք շատ հեռու ենք լինելիութեան պայմանը գոհացուցած ըլլալէ։ ԻՍԿ ԱՌԱՆՑ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ՝ ՉԻ՛Ք ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ։ Զիջիլ այսօրուան ազատագրուած տարածքները համազօր է մեր կեանքի ենթահողը զիջելու։ Մեր գոյութեան իրաւունքէ՛ն հրաժարելու։

 

Պր. նախագահը քաջ գիտէ, որ մենք շատ հեռու ենք բանակցութեան մէջ ըլլալէ, քանի որ բանակցելու մտայնութեամբ գործող թշնամի մը չունինք մեր առջեւ եւ երբեւէ պիտի չունենանք գէթ մեր կեանքի ընթացքին։ Թուրքիա եւ իր արբանեակը՝ Ատրպէյճան միշտ գործած են Հայաստանն ու հայութիւնը բնաջինջ ընելու տրամաբանութեամբ։ Եւ այդ բանին որպէս նախաքայլ՝ Հայաստանը պատանդ երկրի վերածելու յստակ դիտաւորութեա՛մբ։ Հետեւաբար ինչպէս Իսրայէլը, Հայաստան եւ Արցախ եւս պիտի գործեն այդ տարբերակը զանց ընելով, քանի որ ան գոյութիւն չունի։ Մեր գործը Թուրքիոյ և Ատրպէյճանի փանթուրքիստ եւ ֆաշիստ պետականութիւններուն հետ է։ Ուզենք կամ չուզենք՝ մենք այս իրականութեան մէջն ենք թէ՛ Հայրենիքի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Մենք հող չունինք տալիք։ Մենք հող ունինք առնելի՛ք։ Զիջողական տարբերակը չէ, որ պիտի կարողանայ ապահովել մեր երկրի խաղաղութիւնը։ Մեր երկիրը Սկանտինաւիոյ մէջ չէ, որ կը գտնուի։

comments