Մենք Ենք Հայոց Բանակը

By Asbarez | Friday, 10 June 2016

0610army

ՏԱԹԵՒ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Իր լրումին հասաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը։

Արդէն մտած ենք երկրորդ հարիւրամեակի սեմէն ներս։ Յետադարձ նայուածք մը մեզ կը դնէ բարձրախօսին առջեւ։ Սակայն պիտի չընենք հարցադրում ու դատաստան։ Ունինք նոր ըսելիք, նոր պահանջք։

Գիտենք բոլորս դրական ու ժխտական իրացումներն ու բացթողումները։ Շատ են անոնք. հարիւր տարիներու ծանր բեռ ունին իրենց ուսերուն։ Այդ բոլորը արձանագրուած են մեր կեանքի տոմարներուն մէջ։ Եթէ սկզբնական տարիներուն անոնք պիտակուեցան որպէս մահուան տեսիլք, Ցեղասպանութիւն, գաղթականութիւն ու Սփիւռք, սակայն եկաւ պահը ինքնագիտակցումի, զարթնումի մեր դարաւոր թմբիրէն, ու մեր անցեալի շքեղ ու փառապանծ օրերու ազատութեան շունչը հրկիզեց մեր ժողովուրդի ներաշխարհը, կազմեց շարքերը ֆետայական, որոնք դարձան զինուոր ու բանակ ու կերտեցին ազատ ու անկախ հայրենիք, երբ թուականն էր 1918, եւ ամիսը՝ Մայիս 28ը։

Սակայն ափսոս, ոչ իսկ երեք տարիներ ետք, հիւսիսի Սպիտակ թաթը իջաւ մեր գլխուն, ու անոր լուծը ծանր մնաց մեր ուսերուն՝ եօթը տասնամեակներ։ Հայը, լո՜ւռ տարաւ այդ բոլորը, միշտ հաւատալով, որ պիտի գայ օրը, կրկին բարձրացնելու իր գլուխը հպարտօրէն, դիմագրաւելու իր դարաւոր թշնամին՝ թուրքը, ազերի դիմակի տակ ու ստեղծելու ազատ ու անկախ հայրենիք։

Վերջին երկու տասնամեակները եղան վերապրում, շինութիւն, հայապահպանում, հայակերտում ու այդ բոլորին գերսահմանելին ու ամենամեծերը՝ եղան անկախութիւն, պետականութիւն, երկրորդ հայրենիք՝ Արցախի ազատագրում։ Այժմ տէրն ենք մեր գլխուն, մեր ժողովուրդին ու մանաւանդ մեր հողին։ Եւ ունինք, այո՛, ունինք այդ հողերը  կերտող ու պահպանող բանակ՝ քաջարի, հզօր, աննկուն, անխոցելի։

Բանակ կը նշանակէ պահպանութիւն հայրենիքի, հայ ժողովուրդի, հայու կեանքի։ Բանակ կը նշանակէ յաղթութիւն, հայրութիւն, ազատութիւն, յաւերժութիւն։ Եւ ի՞նչ է բանակին էութիւնը, եթէ ոչ անանձնական կեանքի հաւաքականութիւն, մահուան ընկերակցութիւն, անսահման զոհաբերութիւն։ Դեռ կը նշանակէ եղբայրութիւն, հարազատութիւն, անսակարկ նուիրում, աշխարհ մը սէր, եւ հաւատարմութիւն իր անցեալին ու մանաւանդ՝ գալիքին։ Երբ կ՛ըսենք բանակ, կը նշանակէ ամբողջական հայութիւն։ Բանակ եւ հայրենիք, իրարմէ ծնած, իրարմով ամբողջացած, միաձոյլ։

Բանակը ինչքան որ պահպանողական է (երկիրը), նոյնքան եւ առաւել յարձակողական (ազատատենչ) է, որովհետեւ իր էութիւնն է այդ, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, թէ տակաւին ինչքան հողեր ունինք գրաւեալ։ Անկասկած, բանակի հզօրութիւնը երաշխաւորն է մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին։ Երբ կ՛ըսենք հայ ժողովուրդ, նկատի ունինք հայրենիքն ու Սփիւռքը։ Ես, դուն, ան ու ամէն հայ աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, կ՛ընդունի հպարտօրէն, որ ինք անբաժան մասնիկն է հայութեան։ Եթէ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի մէջ, փոխան հայերէնի կը խօսին անգլերէն ու  ֆրանսերէն, հայ են։ Եթէ Արժանթինի ու Ռուսիոյ մէջ կը խօսին սպաներէն ու ռուսերէն, հայ են։ Չփորձուինք ըսելու, որ անոնք նուազ հայ են։ Փորձեցէք ու կը տեսնէք, որ բռունցքի հարուածը կ՛իջնէ վզակոթին։ Այո՛, հայ են բոլորը, շուրջ տասը միլիոն, աշխարհի չորս ծագերուն։

Ու այդ տասը միլիոնին շուրջ երեք միլիոնը միայն կ՛ապրի հայրենիքի  ու ազատգրուած Արցախի մէջ, որ դժբախտաբար սեղմուած է արեւելքէն ու արեւմուտքէն մեր իսկ դարաւոր հողերուն վրայ բնակող թշնամիներով՝ թուրք ու ազերի։ Գիտենք բոլորս, որ այնտեղ չյայտարարուած պատերազմ է, ուր, գրեթէ ամէն օր, սահմանագիծին վրայ կը զոհուին մեր շատ երիտասարդ բանակայինները։ Եռապատիկ աւելի զոհուած ազերի զինուորները, ոչ մէկ մխիթարանք կը բերեն մեր անմեղ զոհերու մայրերուն, անոնց ընտանիքներուն ու մեզ բոլորիս։

Հայրենիքի մէջ ապրող երեք միլիոն հայորդիներու ուսերուն դրուած է հայրենիքի պաշտպանութեան դժուարին ծանր բեռը։ Պիտի փորձուէինք ըսել՝ ծանր, բայց >>քաղցր<< բեռը։ Նուիրական ըլլալով հանդերձ >>քաղցր<<ը, դժբախտաբար, այս օրերուն կորսնցուցած է իր համը ու դարձած դառն։ Այո, դառն է իրենց կեանքը այնտեղ, որովհետեւ ամէն օր մեր երիտասարդ զինուորները, շատերը հազիւ 19 կամ 20 տարեկան, մէկով, երկուքով, հինգով կ՛իյնան սահմանագիծին վրայ, դառնացնելով ծնողներու եւ հարազատներու կեանքը, ու դառնութեամբ լեցնելով բոլորիս սիրտերը, այս հեռուներուն մէջ։

Հակառակ մեր պատրաստակամութեան, չենք կրնար ֆիզիքապէս ըլլալ անոնց կողքին, խրամներու մէջ կամ պատնէշներու ետին։ Այո, չենք կրնար ըլլալ իրենց կողքին զէնքը մեր ձեռքին ու ուսին, սակայն կրնանք զէնք դնել իրենց ուսին,  ձեռքերուն մէջ ու զինական այլ արդիական զէնքերով զինել մեր բանակը եւ դարձնել զայն այնքան հզօր, անխոցելի, որ թշնամին չժպրհի մօտենալ մեր սահմաններուն։ Ու այդ մեր պարտաւորութիւնն է, իւրաքանչիւրիս պարտքը, ամէն մէկուս պատիւը  Սփիւռքի ամբողջ տարածքին։

Հոգեկան գոհունակութիւն է տեսնել, թէ ինչպէս ամէն հայ, ամէն տեղ, որպէս մէկ մարմին, մէկ հաւաքականութիւն լրիւ կը գիտակցի ստեղծուած կացութեան ու սիրով կը տրամադրուի աշխատանքի բաժին մը վերցնել իր ուսերուն եւ ազգային խոր գիտակցութեամբ միանալ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրեալներու փաղանգին։ Վկա՛յ չորս օրերու պատերազմը, Ապրիլի սկիզբը։

Առանց թերագնահատելու այն բոլոր աշխատանքները, որոնք կը տարուին Սփիւռքի տարածքին, ըլլան անոնք ճաշկերոյթներ, թելեթոններ, հանգանակութիւններ, նուիրատուութիւններ, բարեգործութիւններ, բոլորը ի նպաստ Արցախին ու Հայաստանին, քաջալերելի են անկասկած եւ պէտք է շարունակուին։

Այժմ, պահն է անյետաձգելի նոր նախաձեռնութեան մը, որ կը վերաբերի բոլորիս անխտիր, այստեղ եւ աշխարհի չորս ծագերուն։

Եւ, ահաւասիկ.

Իւրաքանչիւր հայ ընտանիք, ի սփիւռս աշխարհի, ամէն տարի առնուազն 200 տոլար սիրով պէտք է տրամադրէ հայոց բանակին։

Գուցէ մտածողներ ըլլան, որ անիկա պարտադիր չի կրնար ըլլալ. սակայն անկասկած, որ ան պարտաւորեցնող է։ Եւ կը հաւատանք, որ երկմտող պիտի չգտնենք աշխարհի տարածքին։ Ու դեռ աւելին։ Համայն հայութեան մէջ, ընտանիքներու նկատառելի թիւ մը աւելի մեծ գումարներով մասնակցութիւն պիտի բերէ այս կենսական ծրագիրին, ամէն տարի։

Կ՛ակնկալենք, որ կազմակերպչական հմտութամբ օժտուած հայորդիներ կամ միութիւններ, մամուլի եւ համակարգիչի ընձեռած դիւրութիւններով հրապարակ գան իրենց առաջարկութիւններով, նման ծրագիր մը կեանքի կոչելու, անմիջապէս։

Սփիւռք ենք, բայց այլեւս ցր-ուած չենք ու պիտի դառնանք թիկունք մեր բանակին, մեր պետութեան, մեր ժողովուրդին, մեր հայրենիքին։ Տարեկան նուազագոյն գումարի մը մասնակցութեամբ, պիտի կատարենք մեծազանգուած գործ, գոյացնելով քանի մը հարիւր միլիոն տոլար, ամէն տարի, որ պիտի ապահովէ թանկագին կեանքեր ու մահուան ահը հեռու պահէ մեր հայրենիքի սահմաններէն։

Փա՜ռք ու պատի՜ւ մեր ժողովուրդին, որ անմիջապէս կրցաւ գիտակցիլ ահաւոր վտանգին ու դարձաւ միասիրտ, միասնական ու հաւատաւոր, հանդէպ մեր բանակին ու իրենց կեանքը անսակարկ նուիրաբերող մեր երիտասարդ զինուորներուն, որոնք հայրենիքի երկնակամարը պիտի պահեն խաղաղ, արեւշող ու լուսապայծառ, բացուած Ամբողջական Հայրենիքի երազին, յոյսին, հաւատքին ու կամքին։

Այո՛, մենք բոլորս ենք հայոց բանակը։

 

 


 

28 Մայիս 2016

 

 


comments

Advertisement